Արխիւ
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան Անգարայի մէջ:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու որոնումներուն շրջագծով շուրջ չորսուկէս ժամ տեսակցեցան՝ Էօմէր Չելիքի եւ Հալուք Քոչի ներկայութեամբ - Վերջնական որոշում մը պիտի տրուի այս շաբթուան երկրորդ կէսին նախատեսուած յաջորդ հանդիպումէն վերջ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իրականացնել տմարդի ու վայրագ բռնարարքներ։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Շըրնաքի մէջ ՓՔՔ-ի յարձակման հետեւանքով նահատակուած է զինուոր մը
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եւրոպայի զանազան բեմերուն վրայ փայլուն յաջողութեան հասած նշանաւոր մեներգչուհիներէն Վարդուհի Աբրահամեան:
Յայտնի արուեստագիտուհին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ներկայացուց իր անցած ուղին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք, Յիսուս Ի՛նք կը հաստատէ, թէ այս աշխարհի վրայ պիտի ըլլան միշտ նեղութիւններ, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛, այլ պէտք է քաջ ըլլալ եւ պայքարիլ նեղութիւններու դէմ՝ փոխանակ վհատելու եւ յուսալքուելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼեԱՆ
Աշխարհի վրայ փաստուած իրողութիւն մըն է, թէ առածները, որոնք անցեալէն հասած են մեզի, միշտ ալ իրենց մէջ կը կրեն իրականութիւն մը: Այլ խօսքով անոնք գրուելու եւ կամ ըսելու սիրոյն գրուած խօսքեր չեն, այլ անյայտներու կողմէ մեզի փոխանցուած փիլիսոփայութիւններ են:
Ժամանակին խորհրդային մանկավարժ փիլիսոփաներէն շատեր կը հաւատային, թէ՝ «Մանուկը սպիտակ թուղթ է», եւ դաստիարակութեամբ կարելի է տալ անոր որեւէ մասնագիտութիւն եւ «արտադրել» տարբեր տեսակի գիտնականներ ու արուեստագէտներ: Սակայն խորհրդային մասնագիտական փորձը ցոյց տուաւ, թէ (յատկապէս արուեստի պարագային) այս տեսութիւնը խոտոր կը համեմատի գործնական կեանքի հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց երկրի հիւսիս-արեւելեան սահմանային գօտին:
Սէյրան Օհանեան տեղւոյն վրայ մանրամասն ծանօթացաւ վիճակին՝ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ հակառակ զինք շրջապատող ահազանգային քաղաքականութեան, Լիբանանի մշակութային կեանքը յաջողապէս ինքզինք գերազանցեց այս եղանակին: Ամիսներ առաջ արդէն իսկ տոմսերու վաճառքը սպառած նկատուած համերգը յիրաւի արդարացուց ինքզինք, ապահովելով վեց հազար հանդիսատես որոնք ժամանած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայրավանքին՝ Զմմառի մէջ, երէկ, ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ի գահակալութեան շքեղ արարողութիւնը։
Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ օդային արկած մը, որու զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսթրինսքի ջրամբարին մօտ ապրուեցաւ այս արկածը, որուն զոհ գնաց ինն հոգի։
Շաբաթավերջին շարունակուեցան սուրիահայութեան մասին ահազանգային լուրերը:
Ջուրի նեղութիւն, ռմբակոծումներ, հաղորդակցութեան անկարելիութիւն եւ անորոշութիւն…
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր կը պատրաստուի այս շաբթուան տեւողութեան իրականացնել ուղեւորութիւն մը՝ Եւրոպայի մէջ բացատրելու համար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ անոր վճռակամութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, եւրոպական երկիրներէն ներս ունենալիք շփումներուն ընթացքին Վոլքան Պոզքըր երկխօսներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ու պիտի մատնանշէ, թէ ահակեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը չէ փոխած կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ բարեփոխումներուն եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները կը կաղան լրջօրէն:
Ազէրի մասնագէտ մը BBC-ին յայտնած է, որ ծրագրին նշանակութիւնը կը նուազի հետզհետէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան իր «Արեւելք» (www.arevelk.am) կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ըսած է, որ Դամասկոսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը նոյնպէս վտանգաւոր է յառելով, որ քաղաքի սահմանային կրակագիծը կը գտնուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից:
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սուլթանպէյլիի մէջ յարձակում գործուեցաւ ոստիկանատան մը վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը։
Այս առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի յուղարկաւորութիւնը Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։
Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցին նորոգութեան երկար շրջանէ մը վերջ շաբաթավերջին օծուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած աւանդական հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ յուզումնալի մթնոլորտ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին եւ «Տէրեան» միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած եզակի ձեռնարկ մը:
Զգեստը մշակոյթի մը բաղադրիչ մասն է եւ հնարաւորութիւն կու տայ կարծիք մը կազմելու տուեալ ժողովուրդի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք ամուսնութեան խորհուրդին՝ անոր անհատական եւ հաւաքական-ընկերային եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կարեւորութեան եւ ներկայացուցած արժէքին մասին։ Ամուսնութեան սրբազան միութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ արդարեւ առ տնին եկեղեցի մըն է՝ սրբատեղի մը եւ Աստուծոյ տունը նաեւ, քանի որ Աստուած սէր է եւ ուրեմն ո՛ւր որ սէր կայ՝ հոն ներկայ է Աստուած, եւ քանի որ ամուսնութեամբ կազմուած այս հրաշալի՜ միութեան հիմը սէ՛րն է, ապա ուրեմն որքան ճիշդ է ընտանիքը անուանել՝ առ տնին եկեղեցի մը, սրբատեղի մը, Աստուծոյ տո՛ւնը։