Արխիւ
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւետիս Արզումանի մանտոլինի դասընթացքին մասնակից փոքրիկներուն երաժշտահանդէսը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Աւետիս Արզումանի սաները անցեալ եղանակին մեծ կարգապահութիւնով ու եռանդով հետեւեցան մանտոլինի դասերուն, իսկ երէկուան տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի անոնք իրենց աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնեն բոլորին։
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։
Գալփաքճեան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ մեծ երջանկութիւն։ Այսպէս, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցներէն, թերթիս սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի սիրասուն թոռնիկին՝ Արա-Ժոզէֆ Գալփաքճեանի։
Շաբաթավերջին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական խրախճանք մը։ Այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս միջվարժարանային ձեռնարկը, որու բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ դպրոցի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։
Տատեան սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած կերպարուեստի դասընթացքներուն դրական արդիւնքը:
Պաքըրգիւղցիները խանդավառութիւն ապրեցան թաղի փոքրիկներու ստեղծագործական ընդունակութիւններու ներկայացմամբ:
Էսաեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Շաբաթամուտի դրօշակի արարողութեան ընթացքին ամբողջ դպրոցը ողջունեց Գարին Էօճալի կողմէ արձանագրուած բացառիկ նուաճումը։ Արդարեւ, Էսաեանի 11-րդ դասարանի շնորհալի աշակերտուհիներէն Գարին Էօճալ մարմնամարզի կալուածէն ներս հասած էր բացառիկ արդիւնքի մը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հաւաք, որ զուգադիպեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 147-րդ տարեդարձին։ Միեւնոյն ժամանակ այս հանդիսութեան ընթացքին մէկտեղուեցան Գատըգիւղի եւ Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանի ընթացաւարտները։
Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ յատկանշական հանդէս մը տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ թաղի դպրոցի մանկապարտէզի սաներուն առաջին քայլափոխը՝ կրթական կեանքէն ներս:
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 183-րդ տարեդարձին ձօնուած արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ենիգաբուի նոր հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի նուաճման տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքին։ Իսթանպուլի նուաճման 562-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը իրականացաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Սեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ շաբաթավերջին օծուեցան եւ պաշտամունքի բացուեցան նորակառոյց եկեղեցիներ։ Սեւան քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց եւ Արտաշատ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները օծուեցան հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինա Շիրինօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս շրջագծով ան վաղը պիտի այցելէ Երեւան։
Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի զեկոյցին հեղինակը:
Եթէ զեկոյցին մէջ ակնարկութիւն կատարուի հայկական հարցին, ապա Թուրքիա չեղեալ պիտի համարէ այդ փաստաթուղթը:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութիւն:
Տասը ընթացաւարտներուն կարեւոր մէկ մասը ուսումը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ:
«Պողազիչի» համալսարանի երդիքին տակ 24-30 Մայիս թուականներուն կայացաւ Բազմամշակոյթ թատերական օրերու փառատօնը։ Հանդիսականները փառատօնի օրերուն առիթն ունեցան դիտելու նաեւ հայկական մշակոյթէ նմոյշներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամութիւն»ը իր իսկական իմաստով, մարդկային ամէն յարաբերութիւններու մէջ գերադաս զգացում մըն է՝ գլխաւորը, անհրաժեշտը եւ լրացուցիչը անոնց։ Մարդկային յարաբերութիւններու գագաթնակէ՛տն է բարեկամութիւնը, քանի որ անոր ազդակները ո՛չ թէ նիւթական կամ մարմնաւոր, այլ բարոյական բարձր արժէքներ են՝ բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։
Աթագիւղի «Իսփիրթօհանէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Նատիա Թեքիրօղլուի ի պատիւ։ 45 տարի Տատեան վարժարանի մէջ ծառայելէ վերջ հանգստեան կոչուած Նատիա Թեքիրօղլուին տեսակէտէ իսկական անակնկալ մըն էր այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր իր սաներու ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ։