Արխիւ
Համահայկական վեցերորդ խաղերը կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի հայութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Համահայկական վեցերորդ խաղերուն ձօնուած դրոշմաթուղթեր թողարկուեցան Հայաստանի թղթատարական ընկերութեան՝ «Հայփոստ»ի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Դիլիջանի մէջ տեսակցեցաւ «Լոյս» հիմնադրամի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սերժ Սարգսեան. «Ձեզմէ կախեալ է, թէ մեր երկիրը ի՛նչ դեր պիտի ունենայ աշխարհի վրայ, միասին զարգացնենք զայն»
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի խախտումները կը շարունակուին:
Ըստ Ուորլիքի, եթէ կողմերը կը փափաքին բանակցային լուծում, ապա պէտք է նուազեցնեն լարուածութիւնը:
ՌԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի եւ Գանատայի մասնաճիւղին 83-րդ համագումարը:
Պոստոնի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ աշխատանքէն վերջ որդեգրուեցան շարք մը բանաձեւեր:
«Հապէր Թիւրք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով խումբ մը հայեր արարողութիւն մը իրականացուցած են Արարատ լերան գագաթին։
Վալերի Փերմեաքովի դատման գործընթացին մանրամասնութիւնները յայտնի կը դառնան աստիճանաբար:
Ռուսական կողմը ոճրագործը պիտի դատէ ռազմական յանցագործութիւններուն համար, իսկ հայկական կողմը՝ սպանութեան երեսակով: Բոլոր դատավարութիւնները տեղի պիտի ունենան կիւմրիի մէջ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին, որ քննութիւնները ընթանան հնարաւորինս արագ եւ փութով արձակուի վճիռը՝ մինչեւ Խաչի տօնի մեռելոցը:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իր շփումները նախատեսուած են Զարիֆի կողմէ իրականացուելիք տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ծիրին մէջ։
Անգարայի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին։ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի շփումները ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։
Հայաստանի Սփիւքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ դաշնակահարներ՝ Միքայէլ Հայրապետեանի (Ռուսաստան) եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի (Գանատա) համերգը։
«Եղի՛ր աշխոյժ, ապրէ՛ առողջ» ծրագրին շրջագծով այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուորքաութ մարզաձեւի ծրագիր մը։
Հայաստանէն եւ Անգլիայէն հնագէտ մասնագէտներէ բաղկացեալ արշաւախումբ մը վերջերս ի յայտ բերաւ ժայռապատկերներ, ինչ որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանագլխուն գտնուող Ծղուկ լեռնային գօտիի յարակից տարածքէն ներս հնագէտներու եւ արուեստաբաններու աշխատախումբը յայտնաբերեց ու փաստագրեց աւելի քան հազար ժայռապատկերներ։
«Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման հիմնադրամ՝ Ղրտեաններու միջոցներով:
Երեւանի Մատենադարանի գործունէութեան ընդլայնման առաջադրութեամբ նախաձեռնութիւն:
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան յառաջիկայ ամսուան սկիզբին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երուսաղէմի մէջ։
Գոնիայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճատրակի կարեւոր մրցաշարք մը, որու արդիւնքներուն հիման վրայ յայտնի դարձան այն խումբերը, որոնք բարձրացան՝ Թուրքիոյ ճատրակի սիւփէր լիկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թագաւոր մը, կը պատմուի, թէ երազ մը տեսած էր՝ երկինքէն փոխանակ անձրեւի աղուէս կը տեղար։ Ան մտահոգուած՝ անմիջապէս հրաման արձակեց.
«Ո՛վ որ երազս ինծի բացատրէ, անոր հազար ոսկի կու տամ»։ Թագաւորին այս հրամանը լսող աղքատ մարդ մը կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Եթէ երեք օր ժամանակ տաս ինծի, երազդ կը մեկնեմ քեզի»։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց ճակատի առաջնագիծը:
Զաքիր Հասանովի ուղեւորութիւնը իրականացած է Իլհամ Ալիեւի հրահանգին հիման վրայ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին։
Գնալը կղզիի մէջ գեղարուեստասէրները երէկ ողջունեցին երիտասարդ արուեստագիտուհի Գլոտիա Էտնա Եաղսըզօղլուի առաջին ցուցահանդէսը։ «Ճաշ» ճաշարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Ներաշխարհիս գոյներուն ձայնը»։
Եկեղեցասէր շրջանակները երէկ խոր յուզում ապրեցան՝ վերահասու դառնալով մեր եկեղեցւոյ երէց սպասաւորներէն Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէզէնլեանի վախճանման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի գրող Կոստան Զարեանի աղջիկը՝ Նուարդ Իտալիոյ մէջ լուրջ համբաւի տիրացած էր որպէս քանդակագործ ու նկարչուհի:
Ճիշդ տասը տարի առաջ՝ 2005 թուականին ան Սանթա Մարինելլա քաղաքին մէջ կնքած էր իր մահկանացուն, մենակեաց կեանք մը ապրելէ վերջ: