Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցող­նե­րու կար­գին կը գտնուի նաեւ Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան, ի­րա­ւա­գէտ Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին։ Ան հե­ղի­նա­կած է «Մեծ­մայրս» գիր­քը, ո­րու հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մօտ զգա­լի աճ մը ար­ձա­նագ­րուած է 1915-ի Հա­յոց մեծ ե­ղեռ­նին նկատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

«Թումօ» գիտական կեդրոնի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը ձեռնարկեց արդիւնաւէտ ու օգտաշատ աշխատանքի:
ՀԲԸՄ-ի համագործակցութեամբ բացուած վայրը վստահաբար շուտով պիտի դառնայ երկսեռ պատանիներու նորագոյն ժամադրատեղին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան եր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը ե­րէկ ամ­փո­փեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին հայ եւ օ­տա­րազ­գի ա­ւե­լի քան 120 ճար­տա­րա­պետ­ներ, շուրջ 16 եր­կիր­նե­րէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Ռու­սա­կան «Կազփ­րոմ»ը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կը յե­տաձ­գէ իր մե­ծա­ծա­ւալ ծրա­գի­րը Թուր­քիոյ հետ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

​Պիլեֆելտի մէջ բացուած ցուցահանդէսով մը կը ներկայացուի հայկական ճարտարապետութիւնը:
Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան մասնակցեցաւ ձեռնարկներու բացման:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ կրկնեց իր դիր­քո­րո­շու­մը այն մա­սին, թէ դէմ է Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան։ Վար­չա­պե­տը այս մա­սին յայտ­նեց գերմանական ARD հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նին մէջ սփռուած հա­ղորդ­ման մը մի­ջո­ցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

​Տարրաբանութեան Նոպէլեան մրցանակը ՏՆԱ-ի ուսումնասիրութեանց համար յանձնուեցաւ Փրոֆ. Ազիզ Սանճարին:
Գրականութեան ճիւղէն ներս վիպագիր Օրհան Փամուքէն ետք Թուրքիայէն անուն մը եւս արժանացաւ համաշխարհային մեծագոյն այս պարգեւին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

ՆԱ­ԹՕ-ի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը այ­սօր կը մէկ­տե­ղուին Պրիւք­սե­լի մէջ՝ քննար­կե­լու հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Մինչ այդ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Շթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ՆԱ­ԹՕ պատ­րաստ է զի­նուոր ա­ռա­քե­լու Թուր­քիա՝ հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նէն գա­լիք հա­ւա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց պաշտ­պա­նե­լու հա­մար իր դաշ­նա­կի­ցը։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

​Լիոնաբնակ Ստեփան Պուտոյեան քառասուն տարիներէ ի վեր կ՚որոնէ նախահայրերուն հետքերը:
Ֆրանսական մշակութային միութեան մէջ մտերմիկ զրոյց՝ խօսուն ու վառ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

​Բա­րե­միտ չըլ­լանք: Մեր հայ­րե­նի­քը եւ ժո­ղո­վուր­դը, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, են­թա­կայ ե­ղած են, եւ են, ան­դադ­րում նա­խա­յար­ձա­կում­նե­րու, ո­րոնք միայն զի­նուո­րա­կան չեն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Մար­սէյ­լի մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռին ըն­թաց­քին նշո­ւե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի օ­րը։ Այս­պէս, 25-րդ շա­րու­նա­կա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն, այս տա­րի ա­ւե­լի ըն­դար­ձա­կո­ւած տա­ղա­ւա­րով, կեդ­րո­նա­կան ու­ղիին վրայ, հե­տե­ւա­բար ան­պայ­ման տե­սա­նե­լի իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լո­ւի հա­մար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

«Ա­կօս»ի նա­հա­տակ խմբա­գիր Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ըն­թա­ցող հար­ցաքն­նու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խեց նոր փուլ մը։ Նո­րա­յայտ փաս­տե­րու հի­ման վրայ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քին ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում տրուե­ցաւ ինն հո­գիի մա­սին, ո­րոնց շար­քին են նաեւ Իս­թան­պու­լի եւ Թրապ­զո­նի հե­տա­խու­զու­թեան նախ­կին տնօ­րէն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

​Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը կ՚այցելէ Երեւան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Էնն Վիթքովսքիի հետ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան առկայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ժապաւէն մը:
«Վերսուս սթուտիա»ի կողմէ Պատմութեան հիմնարկին համագործակցութեամբ պատրաստուած փաստավաւերագրական գործը արժանացաւ հետաքրքիրներու ուշադրութեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դոց վերջ­նա­կան նպատկն է՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լալ, ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով ապ­րիլ եւ այդ­պէս յի­շուիլ։ Ո՜վ չ՚ու­զեր ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լալ, յի­շուիլ, յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լել, նոյ­նիսկ ա­մե­նէն հա­մեստ մարդն իսկ ու­նի այդ փա­փա­քը, քա­նի որ մարդ­կա­յին բնա­կան զգա­ցում մըն է ան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջին օ­րը ծննդեան տա­րե­դարձն է հայ գրա­կա­նու­թեան 20-րդ ­դա­րու լու­սա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ Գէորգ Է­մի­նի (1919-1998)։
­Մարդ էա­կին նկատ­մամբ ան­կեղծ ու ան­հուն սէ­րը, իր ժա­մա­նա­կաշր­ջանն ու Դա­րու Ո­գին հա­յօ­րէն եր­գե­լու ներ­քին հու­րը եւ կեանքն ու աշ­խար­հը իր ողջ բջիջ­նե­րով շնչա­ւո­րե­լու ան­սանձ կիր­քը ե­ղան վա­րար աղ­բիւ­րը Գէորգ Է­մի­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

Քրիս­թա­ֆըր Չէյմ­պըրզ, ո­րուն բե­մադ­րած «Ա­րամ, Ա­րամ» ֆիլ­մը ցու­ցա­դո­ւե­ցաւ այս տա­րո­ւան Հա­յաս­տա­նի «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին, կը յայտ­նէ, թէ ֆիլ­մը պատ­մու­թիւնն է տաս­ներ­կու տա­րե­կան Ա­րա­մին, որ Պէյ­րու­թէն գաղ­թե­լով՝ կը հաս­տա­տո­ւի Լոս Ան­ճե­լը­սի Փոք­րիկ Հա­յաս­տան շրջա­նը ապ­րող իր մեծ­հօր մօտ, դի­մագ­րա­ւե­լով նոր մի­ջա­վայ­րին ըն­տե­լա­նա­լու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի «Մե­լի­հա Նու­րի հա­նըմ» նո­րա­վէ­պը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ։ Գիր­քը հա­յե­րէ­նէ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու։ Ե­սա­յեան իր այս նո­րա­վէ­պին մէջ կը պատ­մէ կնոջ մը մա­սին, որ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն կը տա­րու­բե­րի եր­կու տղա­մար­դու հան­դէպ ապ­րած իր զգա­ցում­նե­րու մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

«Տը Թե­լեկ­րաֆ» թեր­թը հրա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ցան­կը։ Քսա­նե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շար­քին մէջ է նաեւ Ի­րա­նի մէջ գտնուող Սպա­հա­նի Ս. Բեթ­ղե­հէմ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց «Վար­դա­նանց աս­պետ­ներ» բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ հիւ­րե­րը Նո­րին Սրբու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցին Սփիւռ­քի մէջ ծա­ւա­լած ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ուղ­ղուած Սփիւռ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։

Էջեր