Արխիւ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, տնօրէն Արաս Տելիճէ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, վաստակաւոր տնօրէն Մարի Նալճը, ինչպէս նաեւ ծնողներ, որոնք փութացած էին ողջունելու շրջանաւարտները։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի գեղարուեստական աշխարհի պոլսահայութեան համար ամենայայտնի ու համակրելի անուններէն մին՝ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեան:
Վրձինի յայտնի վարպետը Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բանալով ներաշխարհին դռները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս բարութեան ըմբռնումը պայմանաւոր է, իսկ բարիի գործադրութիւնը՝ յարաբերակա՛ն։ Մարդ՝ ըստ պարագաներու պահաջքին՝ երբեմն «բարի» է եւ երբեմն ալ՝ «չար»։
ՀՏՓ-ի արտաքին յարաբերութեանց գծով փոխ-նախագահ եւ Վանի երեսփոխան Նազմի Կիւր հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ռուսական «Ռիա Նովոստի» գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ Կիւր յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը կողմ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանի բացման։ Ան նաեւ նշեց, որ ՀՏՓ կը փա&sh
Ռուսաստանի բնական կազի ընկերութեան՝ «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր յայտարարեց, թէ որոշած են ձեռնարկել «Թրքական հոսք» խողովակաշարի շինարարութեան։ Ռուսական հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան նշեց, թէ պիտի սկսին խողովակաշարի ծովէն անցնելիք հատուածի կառուցման։
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացաւ Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագրի անդրանիկ համերգը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, պատանիները կատարեցին հայ եւ արեւմտեան դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։
Գատըգիւղի Ս. Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ նախընթաց օր կատարուած տգեղ յարձակումն ու հրկիզելու փորձը բողոքի ցոյցով մը դատապարտուեցան Գատըգիւղի մէջ։ «Ո՛չ ցեղապաշտութեան» նախաձեռնութեան կոչով իրականացաւ այս քայլարշաւը, որու ընթացքին պարզուեցան հակացեղապաշտական պաստառներ։
Երեսփոխանական ընտրութիւններէն վերջ երկրի բարձրագոյն իշխանութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ կ՚ապրուին յագեցած օրեր։ Քաղաքական գործիչներ հանդէս կու գան տարբեր յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով հաւանական զարգացումները։
Եւրոպական խորհրդարանը 432 կողմ եւ 94 դէմ քուէով ընդունեց Թուրքիոյ վերաբերեալ ամենամեայ զեկոյցը:
Եւրոպական միութեան նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնեց, թէ ետ պիտի վերադարձնեն փաստաթուղթը՝ 1915-ին կատարուած յղումին պատճառով:
Գատըգիւղ, Պահարիէ պողոտային վրայ գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վրայ երէկ իրիկուն կատարուեցաւ յարձակում մը։ «Մեսճիտի Աքսայի վրէժը պիտի լուծուի» աղաղակող անձ մը փորձեց հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը։
Պրազիլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, թէ կ՚ափսոսայ Թուրքիոյ կառավարութեան կայացուցած որոշման համար, սակայն կան գաղափարներ, դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, նախարարութիւնը նաեւ ափսոսանք յայտնեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւի առընչութեամբ նման դիրքորոշում մը յայտնած է, քանի որ ան իր համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը կը յայտնէր հայ ժողովուրդին՝ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի եւ անմեղ մարդոց զոհուելուն կապակցութեամբ։
Հայկական Triada Studio ընկերութեան Shadowmatic խաղը արժանացաւ Apple-ի Apple Design Award հեղինակաւոր մրցանակին, որ ամէն տարի կը շնորհուի այն ծրագրերուն, որոնք ըստ ամերիկեան ընկերութեան կը համատեղեն ձեւաւորումն ու արհեստագիտութիւնը՝ ստեղծարար, համոզիչ եւ ազդեցիկ ձեւով։
Երեսփոխանական ընտրութեանց աւարտին գործընթացը հետզհետէ կը թեւակոխէ պաշտօնական փուլ:
Համախոհական կառավարութեան ստեղծման ուղղութեամբ մայրաքաղաք Անգարայէն կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ, կ՚առնուին քայլեր:
Երեսփոխանական ընտրութեանց աւարտին երկրի ղեկավարութիւնը ձեւաւորելու աշխատանքը հետզհետէ կը մտնէ պաշտօնական հունէ մը ներս։
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։
Ամերիկացի թատերագիր եւ մանկավարժ Ռիչըրտ Քալինոսքիի կենսագրութեան մէջ շրջադարձ մը կը մատնանշէ «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղծագործութիւնը անմիջապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է համաշխարհային հանրութեան կողմէ, բեմադրուած բազմաթիւ անգամներ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու։
Յայտնի հայ երաժիշտ Արամ Տիգրան իր անունը կրող արուեստի փառատօնով մը չորրորդ անգամ պիտի ոգեկոչուի Տիարպաքըրի մէջ։
Ջութակահար Քիմ Քաշքաշեան եւ դաշնակահար Փիթըր Նակի, ի ներկայութեան երգահան Տիգրան Մանսուրեանի, այս իրիկուն համերգ մը պիտի սարքեն Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը:
Միջեկեղեցական բարձրաստիճան ժողովականները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Ֆրանսայի «Լը Մոնտ» յայտնի օրաթերթը վերջերս դրուատալից յօդուած մը լոյս ընծայած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին։ Հինգ էջերու վրայ տարածուած այս ծաւալուն յօդուածը մանրամասնօրէն ծանօթացուցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, նաեւ անոր բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։

