Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամները։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը սկիզբ առած է մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտը առիթ դարձաւ, որ աշակերտներն ու կրթական մշակները վերստին դպրոցի ճամբան բռնեն՝ յանուն լուսաւոր ապագայի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որ ձեւով մը Ուաշինկթընի կողմէ Երեւանի ի նպաստ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արտայայտուած զօրակցութեան մը դրսեւորումը կը համարուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչայինները։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւրերը համայնքային ընտրութեանց ընդառաջ փափաքած էին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնել իրենց գործունէութեան մանրամասնութիւններն ու ապագայ ծրագրերը։
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին պաշտօնապէս արձագանգեց՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մէջ կատարուած լրամշակումներուն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յուզումնախառն մթնոլորտ մը կը տիրէր։ 2022 թուականի ամրան շրջանին վերջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի ծրագրած պատերազմը…
Ասեղ նետես՝ ձայնը կը լսես։ Հանրայայտ այս խօսքը այսօր կը վերաբերի Երեւանի մէջ պարզուած իրավիճակին, ինչ որ անցեալ օրերուն շեշտակի դարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռումանիոյ մէջ տպագրուած հայերէն առաջին պարբերականը՝ «Շեփոր»ը 110 տարեկան է: Գրական-պատմագիտական պատկերազարդ այս հանդէսը ընդամէնը մէկ տարի տպուած է՝ 1912-1913 թուականներուն՝ սակայն մեծ դեր ունեցած է ռումանահայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ծնունդով խթանած է այդ երկրին մէջ հայ մամուլի յետագայ ընթացքը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, երբ երեխայ էի, անմեղօրէն, ապստամբելով հօրս հարցուցած էի, թէ կ՚ուզէի, որ երբեք ծնած չըլլայի, քանի որ օր մը պիտի մահանամ։ Ես յստակ չեմ յիշեր անոր պատասխանը, բայց վստահ եմ, որ այս խօսքերս բաւական անհանգստացուցած էին զինքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եկեղեցական իրաւաբանութիւն»ը՝ որ «Եկեղեցական Իրաւունք»ն է, յաճախ կը կոչուի «կանոնական իրաւունք», «եկեղեցական իրաւագիտութիւն»։ Հին ժամանակներէ սկսած՝ եկեղեցական կարգադրութիւնները կ՚անուանէին «կանոններ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կ՚ահազանգենք, որ սփիւռքի մեր գաղութները ժամանակի ընթացքին կը դատապարտուին կորուստի եւ այս ահազանգը յաճախ որպէս «սովորական» յանկերգ կ՚ընկալենք եւ չենք թափանցեր թէ ինչ վախճանի կրնայ հասցնել մեզ:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին միջեւ հանդիպումներ:
Արտաքին անվտանգութեան եւ ներքին քաղաքական ծայրայեղ իրավիճակին հարցերը յաղթահարելու ուղիներուն շուրջ տարեսկիզբէն ի վեր արդէն երկու տեսակցութիւն տեղի ունեցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Նորին Սրբութեան միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ շատ բան կրնայ սորվիլ, շատ բաներ գիտնալ, շատ բաներու մասին տեղեկութիւն ունենալ, ծանօթ ըլլալ, թէեւ անկարելի, բայց կրնայ «ամենագէտ» ըլլալ, բայց արդեօք ինքզինք ո՞րքան կրնայ ճանչնալ, ինքն իրեն հետ, իր իսկ «ես»ին հետ ծանօթանալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Երբ չեն պաշտում հայ սերունդներն հայ լեզուն՝
Ինձ թւում է խարոյկի մէջ օտարի
Հազարամեայ հայոց գրքերն են կիզում
Թաղելով ազգն իմ բարի»
Յ. Շիրազ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2 սեպտեմբերը Ռաֆֆի Հ. Արաքսի ծննդեան օրն է, ան պիտի դառնար 64 տարեկան։
Հարուստ նախաճաշի սեղան, աղմկոտ սրճարան եւ իմ աչքերուս վրայ նոր բացուող ամբողջ Քուրթուլուշ պողոտան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որուն կ՚ընկերանային Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները, որոնք վերջին օրերուն շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ։
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան՝ Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը՝ մանաւանդ երկկողմանի հանդիպումներու կտրուածքով, Հարաւային Կովկասի հրատապ իրադարձութիւններու քննարկման կարեւոր հարթակ մը հանդիսացաւ։ Տարածաշրջանի հիմնական դերակատարներու մեծամասնութիւնը ներկայացուած էր ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները տեղւոյն վրայտեղեկութիւններ ստացան՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար էտուարտ Ասրեանի կողմէ։ Հայկական կողմը կը բարձրաձայնէ ՀԱՊԿ-էն յուսախաբութիւնը: Ատրպէյճան 8.5 քիլօմեթր լայնութեամբ ճակատով՝ մինչեւ 7.5 քիլօմեթր խորութեամբ մխրճուած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք. իր բանակի որոշ խումբեր եւ ջոկատներ կը գտնուին հայկական զօրքերու հսկողութեան տակ, նաեւ շրջափակման մէջ, իր զինեալ ուժերը նախապէս Ջերմուկ քաղաքի 11-12 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին, այժմ 4.5 քիլօմեթրի վրայ են, բայց նոյնպէս շրջափակուած:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մէջ երէկ գիշերուան դրութեամբ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրամշակումներ։ Այս բոլորը ուժի մէջ մտան՝ Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.
Եսայի մարգարէութենէն 14.3-17: