Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր երեկոյեան կը մասնակցի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Դամասկոսի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղերավար Լիւսի Իսքանեանը եւ ընկերակիցները, որոնք Երեւան այցելեցին 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն համար։
Մեծ եղեռնի 107-րդ տարելիցին Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս ոգեկոչուեցան հայոց սուրբ նահատակները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը 24 Ապրիլի վերյիշման առթիւ. «Ցեղասպանութենէն դար մը անց՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, հայրենիքի շուրջ ծաւալուող աշխարհաքաղաքական գործընթացները, Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը կը փաստեն, որ վերջացած չեն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի, ի մասնաւորի Արցախի հայորդիներու ապահով ու անվտանգ կեանքի դէմ սպառնալիքները։ Մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ նուիրական մեր պարտքն է համախմբուիլ եւ պաշտպանել Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, Հայաստան եւ Արցախ մեր աշխարհի անվտանգութիւնը, կանխել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բարբարոսաբար ոչնչացումը, որպէսզի չկրկնուի Նախիջեւանէ ներս իրագործուած մշակութային եղեռնը»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1983 թուականին, Յակոբ Օշականի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ, Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ «Մայրիներու շուքին տակ» խորագրով գիրքը, որ իրականութեան մէջ գիրք-զրոյց է՝ արեւմտահայ յայտնի գրագէտ, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր, ուսուցիչ Բենիամին Թաշեանի միջեւ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Կար ժամանակ երբ կիներ՝ օղերը կը դնէին իրենց ականջներուն վրայ, իսկ ապարանջանները՝ իրենց ձեռքերու դաստակներուն վրայ։ Տարիները թաւալեցան եւ սովորութիւն դարձած այդ երեւոյթները փոխուեցան, դէպի լաւ թէ գէշ՝ չեմ գիտեր, քանի ես պարզապէս կը ներկայացնեմ իրականութիւնը՝ ինչպէս որ կը տեսնեմ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ 2015 թուականին ֆրանսական յայտնի «Շարլի Էպտօ» (Charlie Hebdo) շաբաթաթերթը իր կողքին վրայ հրապարակեց ծաղրանկար մը, ուր ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէր այլազգիներուն ամենէն սրբութիւնը՝ Մուհամմէտ մարգարէն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերլուծական հոգեբանութեան հիմնադիրն է հոգեբոյժ Քարլ Կիւսթաւ Եունկ, որ կը համարուի շատ կարեւոր անձնաւորութիւն՝ հոգեբանութեան եւ հոգեբուժութեան պատմութեան մէջ։ Ան ծնած է Զուիցերիայի մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքի մեծ մասը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, թէ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու կատարման շուրջ։
Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Էմմանիւել Մաքրոն եւ Մարին Լը Փեն, որոնք երկու շաբաթ առաջ առաջին երկու տեղը նուաճելով դարձած էին անխուսափելի թեկնածուները, երէկ վերջին անգամ ներկայացան ֆրանսացի ընտրողներուն։
Ապրիլի 24-ը այս տարի եւս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին պատճառ դարձաւ լարուածութեան։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ոգեկոչման պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն, ինչ որ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ապրիլի 24-ի առթիւ տեւականացուց վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը՝ հրապարակելով պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Türkiye Ermenileri Patriği
Sayın Sahak Maşalyan,
Ermeni Toplumunun Değerli Üyeleri,
Kıymetli vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum.
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն երկու ամիսէ ընթացքի մէջ է։ Սա միջազգային հրատապ օրակարգ դարձած է թէ՛ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգին հասցուցած լուրջ հարուածներով։ Շաբաթներէ ի վեր խաղաղութեան որոնումները կը շարունակուին, սակայն, ապարդիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ քարոզեց։
Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ պոլսահայ կրթական համակարգին մօտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ապրիլի 24-ի յիշատակութեան առթիւ տուաւ պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայաշխարհը 24 ապրիլի ոգեկոչումներուն կոչուած՝ արդի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հրամայականին:
1915-էն 107 տարի անց, ցեղասպանութեան զոհերու վերյիշումը՝ Մեծ եղեռնի տարելիցը հայմայն հայութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, ուր կատարուած աղօթքները, սուրբերու բարեխօսութեան հայցը, զետեղուած ծաղիկներն ու ծխուած խունկը կը խորհրդանշեն խաղաղ ապագայ մը կերտելու ձգտումն ու կամքը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ինչո՞ւ չէ։ Եթէ հայ մը՝ յանձինս լիբանանահայ տքթ. Արտեմ Փաթափութեանի (տես նկարը), անցեալ տարի Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, ուրիշ հայ մըն ալ կրնայ մօտիկ ապագային անջրպետ երթալ, բայց ոչ թէ որպէս աստղանաւորդ՝ այլ որպէս աստղանաւորդներու վիրաբոյժ բժիշկ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Վերջերս արեւելահայերէնով գրուած պատմական Համշէն գաղթավայրի մասին երկարապատում եւ սխալաշատ յօդուած մը կը կարդայի, այլապէս ուսանելի, գնահատելի եւ բազմաբնոյթ մանրամասնութիւններով, առանց սակայն տեսնելու յօդուածագրին անունը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարիներ առաջ եւ գրելով պաղեստինեան խնդրին մասին՝ բրիտանացի այլախոհ լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք նկատել կու տար, որ շատ են այն պաղեստինցիները, որոնք ապրելով հանդերձ Պէյրութի ամենախուլ գաղթակայաններուն մէջ, իրենց պատերէն կախուած կը պահեն բանալիները այն բնակարաններուն, զորս ունէին հին Պաղեստինի մէջ։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։