Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ պետութիւններ մարդոց նման բախտի բերմամբ եւ կամ պատահմամբ չէ՛ որ կը հարստանան կամ կը զօրանան. այդ մէկը կը պահանջէ դիւանագիտութիւն, նուիրում, ներդրում եւ աշխատանք: Այնպէս ինչպէս անհատէ մը մնացած ժառանգութիւնը չշահարկելու պարագային կը նուազի այդ հարստութիւնը, նոյնն է նաեւ պետութիւններու պարագային, որոնք պարտին առանց անցեալի «ուժ»երուն վստահելու շարունակ զօրանալ ու բարգաւաճիլ:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մոսկուա ռազմավարութիւն փոխած է՝ Քիեւի համար կրնայ սպասել «ժամանակ շահելու» համար մեծ քաղաքներու հիւծման համայնապատկերին վրայ, մինչ մարդասիրական առկայ ծանր վիճակը շատ սուղ պիտի արժէ իրեն համար: Պատերազմէն վերջ պիտի սկսի Եւրոպայի «քայքայման» փուլը, որովհետեւ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու հետեւանքներէն պիտի ազդուի առաւել չափով: Հիմնական շահողները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը: Արեւմուտքը երկար ժամանակ «թշնամի» պիտի պահէ ռուսական կողմը, որ իր ներուժով պիտի վերականգնուի, սակայն «ես»երէն անդին պիտի փորձէ օգտուիլ Փեքինի նոր դերի բարձրացումէն:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

1959-ը յատկանշական թուական մը եղաւ հալէպահայութեան համար։ Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի երգի պարի անսամպլը՝ ղեկավարութեամբ Թաթուլ Ալթունեանի,  պիտի այցելէր Հալէպ քաղաքը եւ հոգեզմայլ ելոյթներով հանդէս պիտի գար:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պեշար Էսատ այցելած էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան նիստ։ Սա այս ձեւաչափին մէջ երկրորդ ժողովն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ձեռներէց եւ ազգային գործիչ Նուպար Ճիվանեան։ Սուրիոյ մէջ ծնած եւ երկար տարիներ ապրած Նուպար Ճիվանեան այդ երկրի արտաքին առեւտուրին գծով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ հայր Էսատի իշխանութեան տարիներուն։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողով՝ մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակուի:
Արեւմուտքը առկայ ծանր ու ճակատագրական փուլին Քիեւին կը խոստանայ՝ քաղաքական ու գործնական աջակցութեան տեւականացում: Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա ներկայիս կը գտնուի բացառիկ եւ առանձնայատուկ դիրքի մը վրայ:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Ռուս խաղաղապահներու անգործութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը կը խախտեն Արցախի շփման գծին վրայ եւ կը յառաջանան՝ նոր տարածքներ վերահսկողութեան տակ առնելով:
Փաշինեան կը պնդէ, որ Պաքու կը ջանայ Հայաստանը շեղել խաղաղութեան օրակարգէն: Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տենֆրիտի հետ: Երեւանէն հնչած յայտարարութիւնները ունին անճարութեան խոստովանութեան բնոյթ:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորական մը ուղարկեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան 60-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի շրջանակէն ներս, լիսէներու մրցակցութեան մէջ Կեդրոնականի վոլէյպոլի խումբը դարձաւ ախոյեան։ Այս մրցաշարքի սկիզբէն ի վեր կեդրոնականցիներու ապահոված յաղթարշաւը երէկ հասաւ իր տրամաբանական աւարտին։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Հայաստանի գործարար աշխարհի յայտնի դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ, միջոց մը առաջ յղացած էր առաջարկ մը՝ երկրէն ներս Յիսուս Քրիստոսի հսկայ արձան մը զետեղելու մասին։ Այդ առաջարկը միջոցէ մը ի վեր հրապարակային քննարկման արժանացած էր։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Որպէսզի այս Սուրբ պահեցողութիւնը քու հոգեւոր կեանքիդ վրայ գործնական ազդեցութիւն ունենայ, առջեւդ կը դնենք մի քանի փորձեր, որպէսզի կատարես, որոնք եթէ կեանքի վերածես, պահեցողութենէդ կ՚օգտուիս։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ի՞նչ է նախանձը եւ ի՞նչ է նաեւ նախանձելին: Ապրումներս ամփոփելով, պարզեմ:
Ըստ բառագիտական «աղբիւներուս», ըսեմ, որ նախանձը ուրիշ «բան» չէ, եթէ ոչ ուրիշի մը յաջողութիւններուն եւ առաւելութիւններուն նկատմամբ, մարդուն մէջ ծագող տեսակ մը զգացումը:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ես հոնկէ եմ
Եւ յիշողութիւններ ունիմ:
Ծնայ, ինչպէս մարդիկ կը ծնին:
Մայր մը ունիմ
Եւ տուն մը՝ բազմաթիւ պատուհաններով:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ անգամ կեանքի մէջ ապրելով կը կարծենք, թէ «տեղեակ» ենք շատ մը բաներէ, սակայն կեանքը կը փաստէ, որ կան ճշմարտութիւններ, որ գիտնալու համար պէտք է անպայման տեսնել: Անոնցմէ մէկն է աղքատութիւնը:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 83 տարիներ առաջ՝ կիրակի, 19 մարտ 1939 թուականի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Բ. էջին մէջ Յ. Ք. Սիլվան անունով հեղինակ մը «Ձայնասփիւռի ալիքներուն մէջէն» խորագրեալ յօդուածին մէջ հետեւեալ մտահոգութիւնը կը յայտնէր. «Եօհաննէս Կիւթէնպէրկի գիւտը նահանջելու վրայ է: Տպագրուած ու համր գիրքերը հետզհետէ տեղի կու տան...»:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ի՞նչ պէտք է ընել վարակիչ հիւանդութիւններուն դէմ. ինչպէ՞ս պէտք է մենք մեզ եւ մեր ընտանիքը պահենք վարակումէն եւ ինչպէ՞ս պէտք է խնամենք հիւանդը:
Ինչպէ՞ս կռուինք թշնամիի մը դէմ, որուն չենք տեսներ: Եթէ ատիկա գայլ ըլլար, կրնայինք մեր դռներն ու պատուհանները փակել, որպէսզի ներս չմտնէ, կամ զէնք բռնած թաքստոց մտնել: Իսկ ի՞նչ ընենք պաքթերիաներուն դէմ:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հիմա պիտի խորհիք, թէ այս արցախցին ամէն անգամ կը պատմէ իր կեանքը: Իսկ ի՞նչ ընեմ: Կ՚ապրինք տխուր ու անորոշ ժամանակներ:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուքրայնայի ժողովուրդը ծանրագոյն օրեր կ՚ապրի: «Ծանրագոյն» բառը խեղճուկ է բնորոշելու այն ողջ ողբեգութիւնը, որ պատերազմը կը պատճառէ: Վիշտը, սուգը, քանդումը, աւերը, տեղահանութիւնը, գաղթը, անորոշութիւնը խառնուած են իրարու:

 

Էջեր