Արխիւ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները 1 ապրիլ 2021 թուականի դրութեամբ պիտի կարողանան փոխադարձ ձեւով ճամբորդել միատեսակ անձնագիրով։
Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ նոր տիպէ անձնագիրերով կարելի պիտի ըլլայ փոխադարձաբար իրականացնել ճամբորդութիւն։
Արա Այվազեան. «Արցախի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ հաստատուն եւ տեւական»։
Անն Լինտէ. «Ես կ՚ողջունեմ հրադադարը։ ԵԱՀԿ կարեւոր դեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ յառաջ երթալու համար»։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմը չաւարտի, ապա գաղթի խնդիրը չի կրնար լուծուիլ։
Քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ հասարակութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SETA) կողմէ կազմակերպուած առցանց հաւաքոյթին ընթացքին Իպրահիմ Քալըն՝ որպէս գաղթի խնդրի հիմնական պատճառ մատնանշեց Սուրիոյ ներքին պատերազմը։
Հարիւր տարի անց երկու երկիրներուն կողմէ կ՚ընդգծուի փաստաթուղթի միշտ արդիական մնալը։
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Մոսկուայի պայմանագիրը հիմքն է ժամանակակից յարաբերութիւններուն ու անոր ոգիին եւ սկզբունքներուն հետեւիլը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կապերու ապագայ զարգացման գրաւականն է»։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Սովորութիւն դարձաւ եւ ան ալ լաւ սովորութիւն: Ամէն անգամ, որ դրացիիս՝ Գրիշին տունը խորոված կամ «հաց» ուտելու հրաւիրուէինք, ընթրիքէն ետք, ես ու ինք կամաց մը կը հեռանայինք ճաշասեղանէն ու կը նստէինք դուրսը, բակին մէջ իր հաստատած կրակարանին շուրջ եւ անխօս կը դիտիէնք կրակի բոցերու հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ՝ դուռը տասը յատկութիւն ունի. նախ՝ որովհետեւ ատով կը մտնենք ու կ՚ելլենք: Երկրորդ՝ քանի որ նախ մտնելն է, երրորդ՝ որովհետեւ բոլորին համար մուտք է, չորրորդ՝ կը բանայ ու կը փակէ, հինգերորդ՝ մտնողները ներսը կը պահէ, վեցերորդ՝ ուղղութիւն է, եօթներորդ՝ նեղ է, ութերորդ՝ խոնարհութիւն է, իններորդ՝ բարձրութիւն է, տասներորդ՝ նախ մէկ ոտքով կը կոխենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԳ 20)։
Իմաստութիւնը իր լայն առումով կը նշանակէ՝ խոհեմութիւն, հմտութիւն, ողջախոհութիւն, խելահասութիւն եւ փորձառութիւն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն, որ կ՚իրականացնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընդդիմադիր պատգամաւոր Տարօն Սիմոնեան. «Երբ պատերազմ է եւ նոյնիսկ քու բարեկամ պետութիւնները լուռ կը մնան կամ խօսքով կ՚աջակցին քու հակառակորդին, սա կը նշանակէ, որ դուն ձախողած ես ամբողջ արտաքին քաղաքականութեանդ մէջ։ «Յատուկ տաղանդ» պէտք է ունենալ, որպէսզի հակադիր շահեր ունեցող քու բոլոր բարեկամ, դաշնակից պետութիւններու հետ յարաբերութիւններդ ձախողին եւ մենք երկու տարուան մէջ հասանք այդտեղ»:
«Այսօր խաղացողները շատցած են, խնդիրները բարդացած, իսկ մեր ուժը թուլացած։ Այսօր տեղի կ՚ունենան գործընթացներ, որոնք, ըստ էութեան, մեր վերահսկողութենէն դուրս են։ Ատրպէյճանն ալ այդքան լաւ վիճակի մը մէջ չէ, ինքնիշխանութեան ակնյայտ կորուստ մը ունեցաւ։ Այս պահուն քիչ մը աւելի հեռատես դիւանագիտութիւն մը պէտք է վարել։ Չենք կրնար յարաբերուիլ պետութեան մը հետ, որ կը խոշտանգէ մեր քաղաքացիները գերի վիճակի մէջ, զանոնք պատանդ կը պահէ ու փոխարէնը կը պահանջէ տնտեսական, տարածքային զիջումներ»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին օրերու լրահոսին մէջ, յետպատերազմեան շրջանի բազում լուրերէն այս մէկը մանաւանդ գրաւեց ուշադրութիւնս. Ստեփանակերտի մէջ կ՚ընդլայնեն եղբայրական գերեզմանոցը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հասարակական-քաղաքական զարգացումներուն, իմ կարծիքով, պէտք է նայիլ ո՛չ թէ այն տեսանկիւնէն, թէ ո՛ր գործիչը այսօր կամ վաղը պիտի նստի այս կամ այն աթոռին վրայ, այլ ինչ մարտահրաւէրներ կանգնած են մեր երկրին առջեւ եւ անոնք ինչպէս կը լուծուին։ Թէ չէ՝ մեր հայրենակիցներու մեծ մասը կը ղեկավարուի սկզբունքով ու նախապաշարումով՝ «այս մէկը կը սիրեմ, միւսը չեմ սիրեր» եւ ըստ այդմ, «սա՛ պիտի նստի գահուն վրայ», «չէ՛, ա՛յս մէկը»։
Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ձգձգուի՝ առանց խնայելու պետականութեան ապագան:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան չյաջողեցաւ նոյն սեղանին շուրջ համախմբել բոլոր առանցքային դերակատարները:
Անգարայի մէջ վաղը պիտի նշուի Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ յոբելեանը։ 16 մարտ 1921 թուականին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս մէկը։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի այցելէ Պաքու եւ Երեւան՝ խորհրդակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ իր յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ կոչուեցան նոր պաշտօններու։
Վեհափառ Հայրապետի նշանակումով՝ Տ. Մխիթար Աբեղայ Գրիգորեան արժամապէս ծառայութեան կոչուեցաւ Արցախի թեմէն ներս՝ որպէս Դադիվանքի վանահայր։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու վերջին օրերուն կորսնցուց իր մայրը՝ Սերվէթ Սոյլուն, որ 75 տարեկան էր եւ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն գրեթէ բոլոր յառաջատար դէմքերը։
«Տէյէր» միութիւնը մասնագիտական խնամք կը կազմակերպէ օթիզմէ տառապող երեխաներու համար:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Գարթալի «Թաշ էվ» կեդրոնի երդիքին տակ:
ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Պահքը առողջութեան լաւագոյն ու անհրաժեշտ դեղը կը պարգեւէ պահեցողին: Ան անուշաբոյր վարքով կը ցամքեցնէ ու կ՚անհետացնէ ժահահոտութիւնը եւ կենդանութիւն կը շնորհէ հիւանդներուն, որոնք մեղքով ապականած ու պղծուած են:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ահա պարզ իրականութիւն մը: Մինչեւ հիմա մեր կեանքը «դիմակ»աւոր էր, ասոր կողքին ան նաեւ դարձաւ «զում»ային:
Չեմ գիտեր, որքան ճիշդ կամ սխալ պիտի ըլլար նման վերնագրով արտայայտուիլս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի մէջ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի։ Երկրին մէջ բարձր լարուածութիւնը, տնտեսական եւ մանաւանդ ելմտական «ջղաձգում»ը կը շարունակէ իր մէջ կլանել Լիբանանի սովորական քաղաքացին, որ իրապէս յայտնուած է ամէնօրեայ «սեւ հաց»ը ապահովելու օրհասին մէջ։