Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եւրոպայի հայկական միութիւններու ֆորումի նախագահ, քաղաքագէտ Աշոտ Գրիգորեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, օգտուելով անոր Երեւան այցելութենէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին օրերուն կարեւորագոյն լուր եղաւ այն, որ լիբանանահայ ամերիկաբնակ գիտնական Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Ճիւլիուսի հետ արժանացած է Բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան ցուցադրած հեռուստաշարը, որ կը կոչուի «Կաղամարի խաղը» (Squid Game), դարձաւ վերջին շրջանի ամենադիտուած ու լայն արձագանգ ստեղծած շոուներէն մին։ Ան Հարաւային Քորէայի արտադրութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ ողորմած մեծ մայրս Հայաստան բերինք՝ որպէսզի Հայրենիքի մէջ մեր հետ ապրի: Սկիզբները չուզեց. «ես այս տարիքէս ետք նոր լեզու չեմ սորվիր» ըսաւ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։

Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգն ու հեռանկարները։
Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ 2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակը։ Սա տարեկան այս մրցանակի 6-րդն էր։
Արդի արուեստի հետամուտները այս օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին «Contemporary Istanbul 2021» մեծ ցուցահանդէսին, որ այս տարի 16-րդ անգամ կազմակերպուած է։ «Tersane İstanbul»ի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ հայազգի արուեստագէտներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնող անհաւատի տրամադրութեամբ, կոյրի մը յուսահատ խարխափումով ազգովի կը փորձենք քաշկռտելով կանգուն պահել մեր դաւանած բոլոր այն ճշմարտութիւններն ու գաղափարականները, որոնք մեզի համար մի՛շտ ալ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ լոկ անրջական սկզբունք:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամիսը Մշակոյթի ամիս է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ եւ բազմերախտ հայրապետներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց զայն Կոնդակով մըն ալ այդպիսի յայտարարած է, եւ իր գրութիւններէն մէկուն մէջ՝ «ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ» խորագիրը կրող, հետեւեալը արձանագրած է. «...ՀԱՍԿ-ի Յուլիս-Օգոստոս միացեալ համարի մէջ հրատարակուեցաւ Մեր Կոնդակը, որի մէջ պարզուած էր Հոկտեմբերը մշակոյթի պանծացման ամիս դարձնելու կարգադրութիւնը…:
Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ։ Թաղի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տեղի կ՚ունենայ աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ սփիւռքահայերուն համար, մանաւանդ անոնց, որոնք հայութեան օրակարգով կ՚ապրին ու կը շնչեն, Հայաստանի բարօրութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնային։
Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:
«Բարիդրացիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, ասոնք շատ լաւ խօսքեր են։ Ի՞նչ կը նշանակէ «դրական ազդակ»՝ Անգարայի տեսանկիւնէն եւ Երեւանի տեսանկիւնէն։ Չեմ կարծեր, թէ այդ տեսանկիւնները այսօր ստեղծուած իրավիճակին կը համընկնին։ Լաւ է, որ խաղաղութեան մասին կը խօսուի, լաւ է, որ բանակցային գործընթացի մը սկսելու ակնարկներ կան, սակայն, պէտք է զգոյշ վերաբերիլ։ Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ գին կը վճարես անոր համար»:
Դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան. «Թուրքիոյ համար երրորդական նշանակութիւն ունին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Հայ-թրքական յարաբարութիւնները Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններ են։ Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան համաձայն գտնուի միջանցքին: Դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան ընդունի Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը: Արդեօք Հայաստան կրնա՞յ համաձայնիլ այդ բանին: Արդեօք այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են տարածքաշրջանի իրավիճակով, կրնա՞ն համաձայնիլ, որ նման պայմաններու համաձայնի Հայաստան: Պատերազմին ո՛վ ինչի հասաւ, Թուրքիա իսկապէս շահած է»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
Աւարտելով իր քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագիրը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէսօրուան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Հռոմէն, ուր ունեցած շփումներուն ընթացքին իրեն ընկերացած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այցելութեան վերջին օրը Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տարիներիներ առաջ, կարծրասիրտ զինուորներ գրաւեցին գետառատ եւ դաշտառատ երկիր մը, որ ծածկուած էր կանաչ ծառերով. զինուորներուն բռնակալ հրամանատարը դարձաւ այդ երկրին թագաւորը: Ոչ մէկ արարած կը համարձակէր անոր հրահանգներէն մէկուն չհնազանդիլ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ շարունակ մամուլի էջերուն մէջ գրեցինք եւ կարդացինք սփիւռքի մէջ գոյատեւել փորձող հայկական դպրոցներու ճակատագրական վիճակին մասին, անոնց գոյութիւնը կենսական ու կարեւոր նկատելով ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ: