Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կը թուի, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միակ տարտն ու ցաւը «Հիզպուլլահ»ի զէնքն է։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ուսուցչուհի մըն է այս ըսողը, որ կը հպարտանայ իր բացառիկ կարողութիւններով ու, չես գիտեր՝ ինչո՛ւ, կարիքը կը զգայ զանոնք ի լուր աշխարհին յայտնելու: Կը խորհիմ, թէ միթէ հպարտառի՞թ երեւոյթ է սա, թէ՞ հակառակը, այսինքն՝ պարտուողականութեան տիղմին մէջ թաթախուած ըլլալու փայլուն ապացոյց. ո՞ր մէկը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը՝ մաս կազմելով բնական էքօհամակարգին, կ՚օգտագործէ բնութեան պաշարները. օդէն, ջուրէն, հողէն, կենդանական ու բուսական աշխարհէն եւ իր կեանքի ու գործունէութեան ընթացքին կը ներգործէ այդ էքօհամակարգի վրայ իր թափօններով, մթնոլորտ արտանետումներով ու կեղտաջուրերու արտահոսքերով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պիտի ըսէք զուգադիպութի՞ւն... իսկ ես մի՛շտ պիտի կրկնեմ, որ մեր նախնիներու խօսքերը մարգարէացումն են մեր այսօրուան: Մարգարէացում են, որովհետեւ պատմութիւնը անպատճա՛ռ ինքզինք կը կրկնէ եւ, դժբախտաբար, այսօր մե՛նք կրկնութեանց ականատես կ՚ըլլանք:
Պատրիարքական աթոռը՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ու մասնակցութեամբ Աթոռոյ միաբաններուն եւ քահանայից դասու անդամներուն, երեքշաբթի, յուլիսի 20-ին, ժամը 10.00-ին, հրաժեշտ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երէց անդամներէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանին։
Թրքահայ համայնքային շրջանակները օրերէ ի վեր կը սգան Լէօ Հալէբլիի անժամանակ մահը։ Անցեալ շաբթուան արձակուրդի օրերուն ան հազիւ քառասուն տարեկանին եղաւ յանկարծամահ։
Ստեփանակերտի «Յակոբ Կիւրճեան» արուեստի դպրոցին մէջ վերջերս «Թովմասեան» հիմնադրամը նախաձեռնած է ձեռնարկ մը, որուն ծիրին մէջ արցախցի երեխաները նկարեցին ապագայի Արցախը իրենց աչքերով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէս կարելի է պատկերացնել, որ արտաքին գործոց նախարար չունեցող՝ մանաւանդ անդամալոյծ եղած Արտաքին գործոց նախարարութիւն ունեցող երկիր մը, պետութիւն մը, կամ տէրութիւն մը ունենայ արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր հայեցակարգ։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճան մտադիր է նոր բախումներ հրահրել Արցախի դէմ եւ սահմանի վրայ:
Եւրոմիութիւնը կը ձգտի առաւել աշխոյժ ներգրաւուիլ տարածքաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման գործին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց դատաւոր Հրաչիկ Սարգսեանին։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հայ երաժշտական արուեստի խոշորագոյն դէմքերէն մէկն է Թաթուլ Ալթունեան՝ ազգային մշակոյթին, անոր զարգացման բերած իր նպաստով: Անուն մը, որ սերտօրէն կապուած է հայ երգի հետ, հարազատ ու մօտիկ ամէն մէկ հայու սրտին հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ:
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դուք ծանօ՞թ էք այս անուններուն։ Արուսեակ Մարգարեան, Արմինէ Պապիկեան, Քաթրինա Շաքարեան, Կարէն եւ Արամ Սփենճեան եղբայրներ…
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Իրաւ՜, չեմ գիտեր, թէ ո՞ր ամէնորոշ ատեանի անբեկանելի դատավճիռով կամ, ըսենք, ո՞ր վերաշնորհ տրամաբանութեամբ՝ հայերէնը կը դիտարկուի որպէս երկրորդական, յաճախ անկարեւոր դասանիւթ, շատ անգամ նոյնիսկ օգնութեան կը կանչուի, երբ անոր անմիջական կարիքը զգացուի (այլ խօսքով՝ երբ ոչ-հայագիտական դասանիւթերու համար յաւելեա՜լ դասաժամեր պահանջուին):
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբեք խորհած է՞ք, թէ ինչո՛ւ կը կարօտնանք անցեալը, նոյնիսկ եթէ վատ է:
Անցեալի նկատմամբ կարօտի զգացումը համազօր է կարօտախտի (nostalgia)։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թաղի Մաքրուհեան վարժարանին մասին, նաեւ կրթական կեանքի մասին ալ ունեցած է իր դիտարկումները. դիտարկումներ՝ որոնք արտայայտուած են, որպէս քննադատութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատերազմները կը փոխուին. այդ փոփոխութիւնները առընչուած չեն պատերազմներու աշխարհագրական դիրքերով կամ մարտերուն ընթացքին օգտագործուած զէնքերու տարբերութեամբ, այլ կան շատ աւելի խորքային պատճառներ, որոնք կապուած են պատերազմին մասնակցող երկու կամ երեք կողմերու շահերու փոխկապակցութեամբ կամ հակառակը տարաձայնութիւններով, նոյնիսկ մինչեւ պատերազմը վարելու քաղաքականութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերային հոգեբաններ Ճիմ Սիտանիուսի եւ Ֆելիսիա Փրաթթոյի կողմէ գրի առնուած «Ընկերային գերակայութիւն» (Social Dominance) գիրքին մէջ կայ ուշագրաւ կէտ մը. «Անհատի վրայ հիմնուած դասակարգութիւններու (hierarchy) մէջ անհատները կրնան վայելել մեծ ուժ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն, որոնք շնորհուած են իրենց ֆիզիքական ուժի, առաջնորդութեան, գեղարուեստական, քաղաքական, գիտական տաղանդներու կամ նուաճումներու միջոցաւ»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պսակ կամ Ամուսնութիւն մեր Եկեղեցւոյ սրբարար խորհուրդներէն հիգերորդն է։ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած խորհուրդ է: Աստուած, երբ Ադամի կողէն Եւան ստեղծեց, անոր հաւանութեամբ. «Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։
Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց կապուած մնալ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն եւ ըլլալ միասնական:
Հայաստանի Ազգային Փոլիթեքնիկ համալսարանի ուսանողական խորհուրդի անդամներուն կողմէ այցելութիւն:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գ. Պըլտեան այս երկասիրութեան մասին կը գրէր, թէ «Եղիայի արձակը կը դեգերէր Պէշիկթաշի շուրջ։ Եղիա կը խօսէր օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ, լեզուական հարց, կրթական հարց, եւ այլն» (Պըլտեան Գ., «Եղիա Տէմիրճիպաշեան անգործ», Յառաջ, Միտք եւ արուեստ, թ. 16.503, 7 Յունիս 1987, Փարիզ, էջ 1-3)։