Արխիւ
«Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար»:
Ըստ Էրտողանի, Անգարա պատրաստ է բոլոր քայլերը առնել Երեւանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:
Պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, հարեւանները յաւերժ թշնամի չեն կրնար ըլլալ:
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շեշտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը այլեւս Հայաստանէն կախեալ չէ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առընթեր գործող «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութան կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Ճեսի Էրլըն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան այս առթիւ յայտնեց, որ նորանշանակ տնօրէնը հեղինակաւոր ակադեմական մըն է հայկական Աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու շուրջ։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ փոխանցումներու մեծ հոսք մը կը նկատուի դէպի երկիր։ Մասնաւորապէս այս առումով աշխուժութիւն մը խնդրոյ առարկայ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
ԵՄ-ի ղեկավարներու հետ Պրիւքսելի երէկուան հանդիպումէն վերջ Պայտըն այսօր Ժընեւի մէջ ժամադրուած է Փութինի հետ. միջազգային բեմահարթակի վրայ իրերայաջորդ կարեւոր գագաթաժողովներ:
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Շուշիի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ նախագահ Էրտողան անգամ մը այցելած էր Ատրպէյճան, ուր Ալիեւի հետ մասնակցութիւն բերած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած յաղթանակի շքերթին։
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ ժամադրուած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Երկրի դիմագրաւած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ բանավէճ մը ծնունդ առած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան թեւին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Իշխանափոխութենէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, դժբախտաբար, պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը դուրս եկած է բնականոն հունէն։
CNEWA-ի կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նաեւ Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամներէն Քովենթրի Քրիստոֆըր Եպիսկոպոսը:
ԵՐԱՄ
Հրապարակի կողքի փողոցէն կը քալէ դանդաղ ու ծանր քայլերով։ Ձեռքին պարապ դոյլ մը կայ։ Հիւղակի փոքր պարտէզէն քաղած վարունգը լեցուցեր տարեր է այս առտու քաղաքի կեդրոն, ու վաճառեր ամբողջովին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մարտի 2՝ այսօր սկիզբ առաւ իմ կեանքը: Սակայն իմ ծնողները տակաւին չեն գիտեր, որ ես կամ, այստեղ եմ, գոյութիւն ունիմ: Եւ ես մանչուկ մըն եմ: Ես պիտի ունենամ գեղեցիկ աչքեր ու դիմագիծեր:
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Hermès» նորաձեւութեան տունը «Instagram»ի ընկերային ցանցի իր կայքէջին վրայ ներկայացուցած է արդէն դասական դարձած «Birkin» պայուսակներու լիովին ուտելու տարբերակները, որոնք պատրաստուած են իսկական բանջարեղէնէ: Այս մասին կը գրէ «Luxury Launches»ը ու կը նշէ, որ պայուսակներու ստեղծման վրայ աշխատած է նկարիչ եւ ձեւագծող Պէն Տենցէր:
Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանին կողմէ արտադրուած «Նայիրի»ն ոսկէ մետայլի արժանացաւ Թոքիոյի ուիսքիի եւ ոգելից ըմպելիներու մրցոյթի շրջանակին մէջ։ Ճաբոնի մայրաքաղաքէն ներս այս տարուայ մրցակցութեան աշխարհի զանազան երկիրներէն 427 ոգելից ըմպելի մասնակցեցաւ։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ հերթական ցուցահանդէսը։ Պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն է այս մէկը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հիմա արդէն, կը կարծեմ, ոեւէ մէկը այլեւս չի կասկածիր, թէ այս ընտրութիւններուն առաւել ձայներ հաւաքելիք Փաշինեանն ու Քոչարեանը, տոկոսային առումով մօտիկ ցուցանիշներ ունենալով, յունիսի 21-ին կը յայտարարեն, որ իրենք «յաղթած են» եւ փողոցային ցոյցերու միջոցաւ կը փորձեն հաստատել իրենց այդ պնդումները։ Գուցէ կողմերէն մէկը յաջողի քոալիսիոն մը կազմել, բացառուած չէ նաեւ, որ սա տեղի չունենայ եւ անոնցմէ մէկը աւելի շատ ձայն ստանայ երկրորդ փուլին։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը կը շարունակէ «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զուգահեռաբար կազմակերպուած ցուցադրութիւնը ձօնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։
Հայկական երաժշտական աշխարհի երախտաշատ երգահանը կ՚ոգեկոչուի բազմաբովանդակ ծրագրով մը:
Ալեքսանդր Սպենդիարեանի թողած հսկայ ժառանգութիւնը կը վերարժեւորուի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ալ հովանաւորութեամբ:
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական կրթահամալիրի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա Հայաստանի միակ ֆրանսական կրթահամալիրն է, որ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ եւ ունի 260 աշակերտ։
Յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներէն վերջ փոքրամասնութիւններու դէմքը դարձաւ ասորի գործիչ մը:
Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս Մորիս Լեւի տարիքի բերումով պաշտօնը փոխանցեց Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշըին:
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Սա միջազգային օրակարգի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր, որու վրայ կեդրոնացաւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ։