Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
1976-ին գաղթեցի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Տարբեր գործերով զբաղելէ ետք, որոշեցի վերադառնալ ուսուցչական ասպարէզիս։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի վտանգալից օրերուն, ուղիղ երկու ամիս տեւողութեամբ, 1945 յունուար 21-էն մարտ 23-ը, մեր նախորդ սերունդի մեծանուն Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց ծովու ճամբով Նիւ Եորքէն Լիբանան պիտի մեկնէր որպէս Ընտրեալ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1938 թուականէն ի վեր վարելէ ետք Ամերիկայի Արեւելեան թեմին առաջնորդութիւնը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աստուծոյ նախախնամութիւնը երբեմն այնպէս մը կը գործէ, որ մարդ արարածին միայն կը մնայ՝ հիացումով դիտել Աստուծոյ շնորհած ուղղութիւնը։ Իրապէս «Խորհուրդ խորին» են Աստուծոյ մտածումները, քանի անսահմանութիւն բառը Աստուծմով կ՚իմաստաւորուի նախեւառաջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բնիկ հալէպցի եւ երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած գեղանկարիչ Տիպար Ափարթեանը վերջերս կը գտնուէր Երեւան, մասնակցելու համար Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (AMAA) կազմակերպած գեղանկարներու հաւաքական ցուցահանդէսին։ Այս առթիւ իրեն հետ ունեցանք հարցազրոյց մը։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Ս. Խաչ Մայր տաճարը անցած է ծաւալուն բարեկարգման աշխատանքներէ:
Արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, պիտի ոգեկոչուին բարերարները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հեշտամահութիւն», այսինքն «euthanasie», իր ամենապարզ բացատրութեամբ կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։ Այս հարց մըն է, թէ կարելի՞ է միջամտութեամբ մահը արագացնել, օրինաւո՞ր է թէ՝ ո՛չ։
Հայաստանի կառավարութիւնը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ժողովրդագրական կացութիւնը:
Փաշինեան. «Հարցը առանձին լուծում չունի եւ պէտք է ընկալել ընկերա-տնտեսական զարգացման ամբողջին մէջ»:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Գաղթող թռչուններ են կռունկները, արագիլներն ու ծիծեռնակները: Աշնան կը ճամբորդեն դէպի հարաւ, համեմատաբար աւելի տաք շրջաններ: Գարնան առաջին օրերուն կը վերադառնան տուն ու կը շինեն իրենց բոյնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը իր կեանքին ընթացք եւ ուղղութիւն տալու համար միշտ կը կարօտի ուղեցոյցի մը։ Այս ուղեցոյցը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ փորձառու մարդոց խօսքերը՝ խրատները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի զուր չէ ըսուած, որ մայրաքաղաքը երկրի մը իսկական հայելին է։ Հոն է, որ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ գործընթացները պատրաստող դէպքեր ու հոն է նաեւ, որ կը վճռուի երկրի իրական ճակատագիրը։
Ճանըթըն Քոնլինի բազմակողմանի ուսումնասիրութեան հիման վրայ լոյս տեսած է «Mr. Five Per Cent» գիրքը:
Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին ծաւալուն ու շահեկան հրատարակութիւն մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգին օծո՛ւմն է Քրիստոսի, Քրիստո՛սն է որ իբր «Գլուխ Մարմինին»՝ Հոգին կը սփռէ Իր անդամներուն մէջ, որպէսզի սնուցանէ, բուժէ, կազմակերպէ զանոնք իրենց փոխադարձ պաշտօններուն մէջ, կենսագործէ, առաքէ զանոնք վկայելու, բաժնեկից դարձնէ զանոնք Իր ընծայումին Հօր եւ Իր ի սպաս համայն աշխարհի միջնորդութեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՕՇՈՂԼԵԱՆ
«Ըմբոստացած, խելագարուած, չտանելով հին կեանքը էլ անծիր դաշտում այդ հաւաքուած նրանք կռուի էին ելել»: (Ե. Չ.)
Եթէ տանելի կեանք մը ըլլար, ի հարկէ կռուի հարկ չէր ըլլար. սակայն օրերը եւ պարագաները կը ստիպեն, առանց ապագայի համար հաստատ երաշխիք մը տալու:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Բառացի թարգմանութիւնը կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը ծանր բեռ է Հայաստանի համար (Le Kharapagh est un boulet pour l’Arménie): Աքսորավայրերու եւ թիարաններու մէջ դատապարտեալներու ոտքին կ՚ամրացնէին երկաթեայ ծանր գունդ, որպէսզի չփախչին:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի գործօն անդամուհիներէն Հռիփսիմէ Մէյտանն ու Անգինէ Էվեափանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին՝ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի մօտալուտ համերգաշարի պատրաստութիւններուն մասին։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մեր կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութիւնով մը, որու շնորհիւ մեր կրթական մշակները ամառնամուտի շրջանին առիթ կ՚ունենան թէ՛ քիչ յոգնութիւն թօթափելու եւ թէ վայելելու իրարու անմիջականութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ որեւէ լիբանանցիի հարց տաք, թէ ի՞նչ է երկրին առջեւ ծառացած, նաեւ անոր յառաջընթացին արգելք հանդիսացող գլխաւոր խնդիրը, եթէ ձեր խօսակիցը անկեղծ է, վստահօրէն պիտի ըսէ, որ Լիբանանի մեծագոյն խնդիրը անոր կառավարման դրութիւնն է, որ հիմնուած է համայնքային բաժանումներու վրայ։
Մեծի Տանն Կիլկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ երէկ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեւած է շուրջ երկու ժամ:
Քրիստոսի Համբարձման աւանդական տօնը. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 187 տարեկան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձր գնահատեց Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած հոգաբարձութեան ջանքերը:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հոգեւոր ցնծութիւն:
Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան փոխանցեց իր պատգամը Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ: