Արխիւ
Եթովպական եկեղեցւոյ հիւսիսային Շոա շրջանի առաջնորդ Տ. Ապունա Քեւստոս Եպսկ. Զեքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, նախընթաց օր յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ դեսպանութեան քաղաքական գործիչ Յոնաս Եազօ Սրույին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն, ինչ որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաղեստինիցիներուն եւ աշխարհին «պարգեւեց» իբրեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման «լաւագոյն ծրագիր», ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ դարուս նորագոյն անարդարութիւնը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Քանի որ ապագան անորոշ է, կարգ մը ճարպիկներ ինչ (որ չեն պակսիր) մարդկային ընկերութեան մէջ, կը ստանձնեն ապագան գուշակելու խիզախութիւնը կամ խորամանկաբար զայն մեկնելու առաքելութիւնը աստղերու անունով տալ հանրութեան. մեր հայրերը սօսեաց անտառի շրշիւնով կը մեկնէին. այլ տեղ գաւաթի մէջի ջուրէն երեւոյթներու բացատրութեամբ կամ սկահակի մէջի զարդանման սուրճի մնացորդները լեզու կու տային կարդացողին. իսկ թէ աստղերը ինչ կ՚ըսեն, այդ ալ մասնաւոր գրականութիւնն ունի:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ֆէյսպուքը, Ինսթակրամը եւ Թուիթըրը այլեւս մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ արդէն իսկ բազմաթիւ անձերու համար անհրաժեշտութիւն են: Սակայն, ինչպէս ամէն բան, ատոնք եւս երբ կը չափազանցուին, կ՚ունենան ժխտական ազդեցութիւն, անխուսափելի վնասներ, որոնց մասին յաճախ կը նշեն մասնագէտներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գրեթէ տասն օրուան մէջ միլիառաւոր տոլարի վնաս, մտավախութիւններ եւ ամենաէականը խուճապի առաջնորդող ընդհանուր դրութիւն մը։
Չինաստանի մէջ եղած զարգացումները, յառաջիկայ օրերուն սպասուելիք զարգացումները եւ մտահոգութիւնները կարծես թէ պատահական չեն։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար պէտք է յարգենք մեր ծնողները:
Պատասխան. Առաջին հերթին, որովհետեւ Աստուծմէ մեզի տրուած պատուիրան՝ թելադրութիւն մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս զիրար կ՚օրինակեն մեքենաբար, եւ երբեմն «յիմարաբար», նոյնիսկ իրենց վնաս պատճառող արարքներով՝ իրենց մարմինը եւ հոգին կործանելու համար։ Յաճախ ո՛չինչ կը համարեն այդ մարմնական եւ հոգեւոր կործանումը, բաւ է որ օրինակեն ուրիշները, ուրիշներու պէս ըլլան եւ ուրիշներէ վար չդասուին։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Միխայիլ Միշուսթին մասնակցեցան ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի ժողովին:
Վարչապետները կանգ առին երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն վրայ:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան տարեկան ժողովը:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան՝ նախագահ Միշել Աունի կողմէ հիւրընկալուած հինգ հոգեւորականներու շարքին:
The Beatles-ի՝ առաջին անգամ ձայնասփիւռէն հնչած սկաւառակը աճուրդի դրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ The Beatles բրիտանական ռաք-խումբի սկաւառակը՝ Love me do-ն, որ դարձած է խումբի՝ ձայնասփիւռով տրուած առաջին ձայնագրութիւնը, վաճառուեցաւ Անգլիոյ մէջ:
Աշխարհին ծանօթ է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկ, որ կը պայքարի աշխարհը պատուհասող բնապահպանական սպառնալիքին դէմ։ Ան իր շուրջ կը հաւաքէ հազարաւոր մարդիկ ու փողոց կ՚իջնէ պայքար մղելու համար։
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններու յայտնի ցուցահանդէսի շրջագայութիւնը կը շարունակուի՝ աշխարհի յառաջատար քաղաքներով։ Այս ցուցահանդէսի նոր կանգառը կը հանդիսանայ Հռոմ, ուր Թրասթեւերէի թանգարանէն ներս բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը՝ Թատ Ուալթըրզ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր օրուան տեւողութեան հիւրընկալեցին ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարը։
Կվինտածէ. «Հայաստան ունի լաւ վերահսկուած ու կայուն ելմտական հատուած»:
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Երեւանի գրասենեակէն ներս:
Արաբական ծոցի երկիրներու Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ:
Կիլիկեան Աթոռի ներկայացուցիչներէն Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան նիստերու աւարտին ատենապետ ընտրուեցաւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Ժընեւի երկօրեայ բանակցութիւնները երէկ եզրափակուեցան։ Նախարարներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շուրջ երեք ժամուան հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատէն ներս։
Այսօր կէս գիշերին Անգլիա պաշտօնապէս դուրս կու գայ Եւրոմիութեան կազմէն եւ այսպէոսվ իրականութիւն կը դառնայ BREXIT-ը, որ երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական տագնապներու պատճառ կը դառնար։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ԵՄ-ի կազմէն դուրս կու գայ անդամ երկիր մը։ Եւրոմիութիւնը ցայսօր թէեւ զանազան ճգնաժամեր դիմագրաւած էր, սակայն այսօրուանը յարաբերաբար աւելի դառն փորձառութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ ան կը կորսնցնէ իր լիիրաւ անդամներէն մին։
«Իսթանպուլի յունական փոքրամասնական վարժարաններէն ներս յունարէնի եւ թրքերէնի օգտագործումը» նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւն:
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը պատուոյ հիւրն էր՝ ասուլիսի ձեւաչափով կազմակերպուած գրքի շնորհանդէսի բազմակողմանի քննարկումներուն: