Արխիւ
Թուրքիա շաբաթավերջին մեծ ցնցում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, չորս զինուորներ նահատակուեցան ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով, ինչ որ խոր յուզում եւ ցասում յառաջացուց երկրին մէջ։
Երէկ, առաւօտեան ժամերուն աշխարհ ցնցուեցաւ Սրի Լանքայէն հասած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումներու շարքի մը լուրերով։ Այսպէս, մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ նոյնաժամանակ ութ ռմբակոծում տեղի ունեցաւ։
Ուքրայնայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա արդէն ընտրութեան երկրորդ փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկաւ Վլատիմիր Զելենսքի։
Cumhurbaşkanı Sayın Recep Tayyip Erdoğan'ın, Paskalya münasebetiyle yayımladıkları mesajları aşağıda sunulmaktadır:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Տաղաւարի առթիւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ, բոլորը զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը պայքարներով եւ փորձութիւններով լեցուն է, ինչպէս նաեւ անակնկալներով։ Արդարեւ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու համար «յատուկ ծրագիր» մը ունի, որ մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
2019-ի Ս. Յարութեան տաղաւարի նախասեմին արդէն իսկ հասած ենք եւ Յարուցեալ Փրկիչը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը կամենայ իր Աստուածային կեանքի պատգամով զօրացնել մեր հոգիները։ Տօնական մթնոլորտը արդէն իսկ սկսած է մեզ ներգրաւել Ս. Գիրքի տողերու իմաստին, որոնց խորհուրդին գլխաւոր կիզակէտը կը հանդիսանայ Ս. Յարութեան խորհուրդը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Վասնզի Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ» Ղուկաս 13:31
«Քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» Ղուկաս 13:34
«...Եւ դուք չուզեցիք» Ղուկաս 13:34
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարունը իր զով թեւերով պարուրեց մեզ դարձեալ, հայրենի զգլխիչ գարնան մեղեդին լսելի է ամէնուրեք. պատշգամէն ներս կը հոսին թռչուններու գեղգեղանքը, նորափթիթ տերեւներու թարմ կանաչը աչք կը քթթէ, ծաղկած ծիրանիները, կեռասենիները անզուգական գեղեցկութեամբ մը կ՚օժտեն այս պաստառը. արեւը վերէն ժպիտով կը հետեւի անցուդարձին:
Դուրսէն լսուող պոռչտուքը կ՚ընդհատէ պահին գեղեցկութիւնը:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Յամենայն ժամ զմահն Յիսուսի ի մարմին մեր կրեսցուք, զի եւ կեանքն Յիսուսի ի մարմինս մեր յայտնեսցին… Այսուհետեւ մահ ի մեզ զօրանայ, եւ կեանք՝ ի ձեզ»։ (Բ. ԿՈՐՆԹ. 4։10-11)
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 5-6)։
Ահաւասիկ միակ եզական կեանք մը, միակ եւ աննախընթաց երեւոյթ մը՝ միակ ճշմարտութիւնը…։ Ահաւասիկ երիտասարդ «մարդ» մը, որ ծնաւ աննշան գիւղի մը մէջ, զաւակը՝ համեստ եւ խոնարհ մօր մը։
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ համար կենդանին մեռելներուն հետ կը փնտռէք»
Պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսէ դուրս ոչ մէկը կեանքի եւ մահուան մասին այսքան յստակ ու վճռական խօսած եւ ոչ ալ անոր տիրապետած է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Մայրի՛կ, ի՞նչ է Զատիկը,- հարցուց հնգամեայ Արամիկը, որ խաղալիքները մէկ կողմ ձգելով դրան ծայրէն ուշադիր կը հետեւէր մօրը։
-Զատիկը Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է,- ժպտուն պատասխանեց մայրը ու շարունակեց խոհանոցի մէջ տօնական պատրաստութիւնները։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14)։
Քրիստոնէութեան ջատագով ու բանիբուն քարոզիչ, յարութեան գաղափարին եւ իրողութեան մեծագոյն պերճաբան եւ հզօրաշեշտ ախոյեան՝ Պօղոս առաքեալի քարոզչական գործունէութիւնը ո՛չ միայն քրիստոնէութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի կրօնական պատմութեան մէջ բացառիկ երեւոյթներէն մին հանդիսացած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քրիստոնեայ աշխարհը օրերս կը տօնախմբէ իր գլուխը հանդիսացող Քրիստոս Փրկիչին յարութեան յիշատակը: Յիշատակ մը, որ ամբողջ մարդկութեան ընկալումը փոխեց կեանքի ու մահուան մասին: Մինչեւ Քրիստոսի ժամանակաշրջանը մարդիկ իրենց փիլիսոփայական դեգերումներով կ՚աշխատէին հասկնալ ու ենթադրել, թէ ֆիզիքական այս կեանքէն ետք, արդեօք ուրիշ կեանք կա՞ր:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Զատիկ է այսօր։ Անգամ մը եւս կու գանք զգալ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը։ Հրեշտակաւանդ Սուրբ Աւետիսի առթած ուրախութեան ընդմէջէն կը վերյիշենք, թէ «Աստուած չէր կամենար մեղաւորին մահը, այլ կը փափաքէր որ ան իր չար ընթացքէն դառնար եւ փրկուէր»։
Սիրեցեալ Ժողովուրդ մեր,
Ինչ աղիտալի բան կ՚ըլլար մահը, երբ չըլլար յարութիւն մեռելոց, երբ այդպէս գիտնայինք ու հաւատայինք՝ թէ մահուամբ կը հողանանք, եթէ այդպէս գիտնայինք՝ թէ մեր մարմինն ու հոգին պիտի մնան նեխած ու փտած ու յաւիտենապէս խառնուած՝ կոշտ ու կարծր հողին հետ, այսպիսի գաղափար մը մեզի համար սոսկալի բան մը պիտի ըլլար։
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց... Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր ահա՛ դարձեալ կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Հայ-քրիստոնեայ մարդու հայեացքին առջեւ պատկերուած է Յիսուս Քրիստոսի լո՛յս, դատա՛րկ գերեզմանը՝ Սուրբ գերեզմանը։ Կը հնչեն մեր Եկեղեցւոյ զանգակները՝ առթելով հոգեւոր ցնծութիւն, ղօղանջները կ՚արձագանգեն մեր բոլորի սրտին մէջ՝ աւետելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսը։
Աւագ շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ ուրբաթը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ՝ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը հռոմէացի կուսակալ Պիղատոսէն, հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով մահուան Անոր դատապարտումը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը: