ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՏԵՂ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈՐՁ
Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած յոբելեար «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան իրականացուցին համատեղ ընդհանուր փորձ մը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ընդհանուր փորձը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։