ՃՈՐՃ ՖԼՈՅՏԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր ոստիկանի մը բռնութեան։ Ոստիկանին կողմէ իր վզի ու կոկորդի հատուածին ծունկով գործադրուած սաստիկ ճնշման հետեւանքով շնչասպառ մնացած եւ մահացած էր Ճորճ Ֆլոյտ եւ այս դէպքը ԱՄՆ-ի մէջ ծնունդ տուած է համատարած բողոքի ալիքի մը։