ԱՍՏՈՒԱԾ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ԿՈՒ ՏԱՅ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդուս միշտ լաւագոյնը կու տայ, քանի որ Ան լաւագոյնը կը կամենայ իր արարածներուն համար։ Աստուած կատարեալ է, եւ կ՚ուզէ որ մարդիկ ալ կատարեալ ըլլան։ Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր արարչագործութիւնը ծրագրուած է լաւագոյնին եւ կատարեալին իրականացման։