Հոգե-մտաւոր

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հեքիաթները, զրոյցներն ու առասպելները ճշմարիտ են թէ ոչ՝ մեր այսօրուան նիւթը չէ, սակայն պարզ է, որ անոնք գրուելու եւ թուղթ լեցնելու սիրոյն գրուածքներ չեն: Թէեւ շատ անգամ անհաւատալի ու չափազանցուած, անոնք գրուած են փոխանցելու գաղափար մը, որ աւելի՛ կարեւոր է քան ճշմարտութեան ստուգումը:

ՄԵՌԱԾ ՈՂՋԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ին մէջ յաճախ էջի սահմաններու մէջ կը ներկայացնենք կեանք մը, որուն մասին կարելի է գրել հատորներ. կեանքեր՝ որոնք երեւցածէն տարբեր անցած են դժուարութեան, չքաւորութեան ու պայքարի մէջ:

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԱԽԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին Երեւանի գրադարաններուն մէկուն մէջ գտայ 1920-ական թուականներուն տպագրուած գիրք մը՝ «Վախերու բառարան» (A Dictionary of Phobia) անունով, որուն մէջ նկարագրուած է աշխարհի երեսին մարդոց դիմագրաւած վախերն ու անոնց բացատրութիւնները:

ՎԱՐՁՈՒ ԼԱՑՈՂՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ մասնակցեցայ ծանօթի մը յուղարկաւորութեան. եկեղեցական արարողութեան ժամանակ ներկաներէն մէկուն հեռաձայնը սկսաւ երգել անճոռնի երաժշտութեամբ մը. անձը առանց իրար անցնելու պատասխանեց եւ յայտնեց, թէ «գործ մը ունիմ. վերջացնեմ կու գամ»:

«ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը ԲԵՐԵԼՈՒ ՄՈՌՑԵՐ Է…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ազգակից մը հարցուց, թէ ինչ գործով կը զբաղուիմ. երբ գիտցաւ, թէ յօդուածագիր եմ զարմացաւ. «հիմա թերթ կարդացող մնա՞ց...»: Հարցումը անձէս աւելի ուղղուած էր բոլոր անոնց, որոնք հոգի, սիրտ, աչք ու երիտասարդութիւն կը մաշեցնեն, հրատարակելու համար այն մամուլը, որ շատերու համար ժամանակավրէպ, իսկ իրենց համար գրեթէ ամէն բան կը նշանակէ:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդի գիտութիւնը կը հաւատայ ու կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ մտահոգութիւն մը, ցաւ մը կը մեղմի ա՛յն ժամանակ, երբ կը բաժնեկցիս այլ անձի մը հետ: Անոնք կը մեղմին, նոյնիսկ երբ անոնց ունկնդիրը անկարող է ոեւէ մէկ ձեւով օգնել, որովհետեւ պատմելով միտքին ու հոգիին մէջ շղթայուած դուռները կը փշրուին եւ անոնց թեթեւութիւնը մարդ կը զգայ:

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԲԱՅՑ ԿԵՆԴԱՆԻ՛

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իգական սեռի ներկայացուցիչները մեր կեանքին մէջ ամէ՛ն տեղ են. նոյնիսկ հոն՝ ուր կը կարծուի, թէ կինը «չի կրնար» եւ կամ «իրեն վերապահուած չէ»: Այսօր կինը հոն է՝ ուր որ է տղամարդը, մինչեւ իսկ բանակի ու ռազմական գործողութիւններու մէջ:

ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԱՒԵԼԻ ՎԵՐ՝ ՔԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խաչիկ Դաշտենցի կենսագրութիւնը գրած ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց անոր «Բոց» աշխատութեան պատճառով Հայրենիքէն հեռանալու իրողութիւնը եւ ուզեցի անպայմանօրէն գիտնալ, թէ ի՞նչն էր պատճառը, որ ստիպեց Խաչիկ Դաշտենցը լքել Հայրենիքը եւ երթալ օտար ափեր: Այդ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար սկսայ կարդալ անոր «Բոց»ը:

ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 8 մարտ 1908 թուականին Նիւ Եորքի մէջ աւելի քան 15 հազար կիներ ցոյց կազմակերպեցին, պահանջելով իրաւունքներու հաւասարութիւն տղամարդու եւ կնոջ միջեւ: Այս բողոքի ցոյցին արդիւնքով 1909 թուականին Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ փետրուարի 28-ը հաստատուեցաւ աշխատաւոր Կանանց միջազգային օր:

ՆԱՄԱԿ ԽԻՂՃԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ո՞ւր ես... ի՞նչ կ՚ընես...
Հարցումիս կոտտացող արձագանգը կը յուզէ զիս բացակայութեանդ դիմաց, որուն այնքա՜ն կարօտը ունիմ այսօր: Կարօտդ ունի նաեւ հոգիս, որ բացակայ գութիդ մենութեամբը կը տառապի:

Էջեր