Արխիւ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ նախ կատարուեցաւ տնօրհնէքի կարգ, Ս. Փրկիչ մատրան հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի առաջնորդութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նենգամտութիւն կամ նենգութիւն կը նշանակէ՝ չար դիտաւորութիւն, դաւ, կեղծիք։ Նենգամիտ մարդիկ իրենց մէջ նենգութիւն պարունակող մարդիկ են՝ խարդախ ու խորամանկ, որոնք ամէն ատեն պատրա՛ստ են ուրիշներու վնաս հասցնելու եւ իրենց շահ ապահովելու։ Նենգութիւնը աւելի եւս կ՚արտայայտուի խօսքով, այսինքն լեզուո՛վ։
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի տեւական խախտումներուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ իրադրութիւնը միշտ կը մնայ լարուած։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակէն 20-ամեայ զինուոր Լեւոն Միրզոյեան նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Իտալիա եւ Վատիկան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հռոմի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւրընկալուի Իտալիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
VԵւրոխորհրդարանի նախագահին Անգարա այցին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ հայկական հարցը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան խօսեցաւ Ապրիլի 24-ի շրջանի արարողութիւններու ծրագրին մասին:
Նալպանտեանի դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութեան հեռանկարները:
Սէրկէյ Լավրով. «Բոլոր գործողութիւնները նպատակամղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արագ կարգաւորման»:
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն ան դիմաւորուեցաւ Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի ղեկավար Արման Խաչատրեանի կողմէ։ Քիմ Քարտաշեանի հետ են իր ամուսինը, դուստրը եւ քոյրը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յովհաննէս Թէքկէօզեան. «Ես շատ բան կը սորվիմ իմ իսկ գրածներուս շնորհիւ, ունիմ գործերս գնահատելու, չափելու ձեւ մը»:
Իր ստեղծագործած վէպը թրքերէնի թարգմանուած հեղինակը Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական վճռական ընտրանքները կը հրաւիրեն մարդը՝ մաքրուելու սիրտով, ներքնապէս, ամէն յոռի բնազդներէ եւ փնտռել սէ՛րը։ Այս ուղղութեամբ կ՚ու-սուցուի, թէ ճշմարտութիւնը ո՛չ թէ տեսանելի կամ շօշափելի արժէքներու, այլ անտեսանելի եւ հոգեւոր արժէքներու մէջ կը կայանայ։
«Ֆեսհանէ»ի համալիրէն ներս այս օրերուն տեղի կ՚ունենան «Հաթայի օրեր»։ Երէկ սկսած այս ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Այս շրջագծով տաղաւար մըն ալ յատկացուած է Վագըֆլըգիւղին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Մեծ պահոց եւ Աւագ շաբթուան աւարտին, Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ արդէն վերահաստատուած է ընթացիկ արարողութիւններու դրութիւնը։
«Պողազիչի» համալսարանի դերասանները երէկ երեկոյեան ձեռնարկեցին ներկայ եղանակի իրենց ներկայացումներու շարքին։ Թատերախումբը այս տարի կը բեմադրէ «Բերայի մէջ երեկոյթ մը» խորագրեալ խաղը՝ հայ երկու երգիծաբաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքոյթին ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։
Երէկ երեկոյեան մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր անուններէն սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Էլմատաղի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ։ «Ծովափներէն տպաւորութիւններ» խորագրեալ այս երաժշտահանդէսը նախատեսուած էր թատերական շանի ձեւաչափին մէջ, տաւիղի նուագահանդէսով հանդերձ։
ՀԲԸՄ-ի զրոյցներուն գծով քննարկուած գաղափարները կը համընկնին հայաշխարհի մարտահրաւէրներուն:
88-րդ համաժողովին ընթացքին յղացուած տեսակէտներուն հասունացումով կ՚ուրուագծուին նոր հորիզոններ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հրադադարը կը խախտուի անընդհատ։ «Երկիր» հեռուստակայանի հաղորդումներով, ամենավերջին բախումները տեղի ունեցան Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմաններու երկարութեամբ տեղակայուած զօրամասերուն մօտ։
Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդին երկրորդ նիստը արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարա բնական կազի համար ամենաբարձր սակագինը կը վճարէ Թեհրանին:
Հասան Ռուհանի թրքական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւլէական ուժանիւթի հարցին շուրջ ընծայուած զօրակցութեան համար:
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի առընթեր ան կը մէկտեղ-ւի պետական աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ։
Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, քաղաքական կուսակցութիւնները Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցին իրենց երեսփոխանական թեկնածուներուն ցուցակները։ Երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան թեկնածուները, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է «ուժ»ին գաղտնիքը։ Ի՞նչ է այն անիմանալի, անտեսանելի «ուժ»ը՝ որ նոյն ու նման պատճառներով տարբեր արդիւնքներ կ՚արտադրէ։ Արդարեւ, ջուրը, հողը, լոյսը նոյնն են, բայց հունտեր տարբեր կերպով, տարբեր տեսքով եւ տարբեր գոյներով կը հասնին, տեսակ տեսակ կը բուսնին։