Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015

Թուր­քիա ե­րէ­կուան օ­րը ան­ցուց խա­ւա­րի մէջ։ Ա­ռա­ւօ­տուն ժա­մը 10.36-ի դրու­թեամբ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քը նոյ­նա­ժա­մա­նակ խզուե­ցաւ երկ­րի քա-ռասունհինգ քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Նոյ­նիսկ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­ներն ու հի­ւան­դա­նոց­նե­րը պար­տա­ւո­րուե­ցան կանգ­նեց­նել ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի կող­մէ։ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ՀԲԸՄ-ի պա­տուի­րա­կու­թեան ի պա­տիւ հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րուան առ­թիւ, Մար­տի 27-ին, այ­ցե­լե­ցին մե­ծա­նուն դե­րա­սան Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի (1849-1891) շի­րի­մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր Ս. Զատ­կուան։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը այս առ­թիւ ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան ե­րէկ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ հիւ­րնկա­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Գա­նա­տա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Շա­հէ Տա­նա­ճեա­նը եւ ա­տե­նադ­պիր Յա­կոբ Արս­լա­նեա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լեց ռուս բարձ­րաս­տի­ճան խորհրդա­րա­նա­կա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Սլո­վե­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Լիուպ­լիա­նա­յի մէջ։ Էր­տո­ղան, որ այս օ­րե­րուն ե­րեք ի­րե­րա­յա­ջորդ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ, ար­դէն այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Սլո­վա­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ուք­րայ­նոյ Թե­մի ա­ռաջ­նորդ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Վիեն­նա­յի մէջ այ­սօր քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան) եւ Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կաս-պըր­չիկ կ՚անդ­րա­դառ­նան Ար­ցա­խի ճա­կա­տի բռնու­թեան նոր դէպ­քե­րուն եւ միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն։ Ըստ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի, ի­րենք հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է դարձ­նեն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը թո­ղար­կեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ի պահ դրուած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին նուի­րուած յու­շադ­րամ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յու­շադ­րա­մի ե­րե­սակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը, ո­րու ներ­քեւ ար­ձա­նագրուած է յու­շադ­րա­մի անուա­նա­կան ար­ժէ­քը՝ 1000 դրամ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

​Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­ցը, մար­դուս հա­մար սնունդ մը ըլ­լա­լէ շատ ա­ւե­լի՜, կեան­քի հա­մա­զօր ու մեր­ձի­մաստ ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը առիթ հանդիսացաւ թարմ խմորումներու։
Կայծ Մինասեան. «Առողջ պատմագրութեան մը հասնելու համար ցեղասպանութիւնը պէտք է դառնայ պատմութեան առարկան»։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015



Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Համակարգային փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն այն պարագային, երբ իշխանական լծակները ըլլան համակցուած եւ գործեն միասին»։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի ծո­ցէն հա­սած նո­րապ­սակ այս հո­գե­ւո­րա­կա­նը ող­ջու­նե­լով։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան մա­տոյց իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Յա­րու­թիւն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Ա­րամ Սրկ. Պուլ­տու­քեան եւ այլ դպիր­ներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Տէր Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քին ձօ­նուած տօ­նը։ Ա­ւագ շաբ­թուան սկիզ­բին ըն­դա­ռաջ, Ծաղ­կա­զար­դի ցնծու­թիւ­նը հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կեց հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի ա­մե­նէն կա­րե­ւոր հա­տուա­ծը՝ վեր­ջին շա­բա­թը կը կո­չուի Ա­ւագ Շա­բաթ եւ կ՚եր­կա­րի Ծաղ­կա­զար­դին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Զա­տիկ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն բաժ­նի խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեան։ 80 տա­րե­կան հա­սա­կին ան մա­հա­ցած է ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։

Էջեր