Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Լիուպ­լիա­նա­յի մէջ։ Սլո­վե­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ քննար­կեց բազ­մաբ­նոյթ հար­ցեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլու ուղեւորուեցաւ յաւիտենական հանգիստի:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցին՝ իր բա­ռա­կան ի­մաս­տո­վը խորհր­դա­նիշ մըն է միա­բա­նու­թեան։ Այս «միա­բա­նու­թիւն»ը, մէկ կող­մէ՝ Աս­տու­ծոյ եւ իր որ­դի­նե­րուն մի­ջեւ, իսկ միւս կող­մէ՝ որ­դի­նե­րուն, այ­սինքն մար­դոց մի­ջեւ հաստա­տուած է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

Այ­սօր, Չո­րեք­շաբ­թի, մեր օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն Մի­ջինք է։
Ի՞նչ է Մի­ջին­քը եւ ինչ­պէ՞ս պէտք է բա­ցատ­րել։
Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն, ա­ւե­լի ճիշդ Փա­կեալ խո­րա­նէն սկսեալ մին­չեւ Ա­ւագ Շա­բաթ օր (նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով Ա­ւագ շաբ­թուան օ­րերն ալ պահ­քի օ­րեր են), քա­ռա­սունութ օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող պահ­քի շրջան մըն է, ո­րուն եր­բեմն կ՚ան­գի­տա­նանք, կար­ծե­լով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ը­սենք, այդ Մած պահ­քը քա­ռա­սուն օ­րեր են միայն, այ­սինքն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ծաղ­կա­զարդ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

«Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղին մէջ ցուցադրուեցաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» ժապաւէնը:
Տքթ. Այլին Գօչունեան բանախօսեց փաստավաւերագրական գործի ներկայացման առընթեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

Մեծ պահ­քը կի­սող Մի­ջին­քը այս տա­րի կը նշո­ւի այսօր: Ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ Մի­ջին­քին հայ տան­տի­կին­նե­րը կը թխեն բա­ղարջ, ո­րուն մեջ կը դնեն մե­տա­ղադ­րամ: Ո­րուն բա­ժին կը հաս­նի այդ դրա­մը, այդ տա­րի յա­ջո­ղու­թիւն կ՚ու­նե­նայ: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ներ­կա­յիս լոյս ըն­ծա­յած է «Մեծ պա­հոց կի­րա­կի­նե­րու ոս­կի շղթան» խո­րագ­րեալ գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ խօ­սե­ցանք ա­ղօթ­քի մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, բայց երբ ա­մէն օր կ՚ա­ղօ­թենք, եւ պէ՛տք է ա­ղօ­թենք, քա­նի որ ա­մէն օր «նո՛ր օր» մըն է կեան­քի մէջ, ու­րեմն ան­պա­տե­հու­թիւն չենք նկա­տեր ա­մէն ա­ռի­թով խօ­սիլ ա­ղօթ­քի մա­սին, յի­շել ա­ղօթ­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քա­ռա­սուն տա­րի ա­ռաջ, 1975 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ա­ռեղծուա­ծա­յին ար­կա­ծի հե­տե­ւան­քով կեան­քէն հե­ռա­ցաւ 20-րդ դա­րու հայ հան­ճա­րեղ նկա­րիչ­նե­րէն մէ­կը՝ Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան, որ հայ ա­րուես­տի պատ­մու­թեան մէջ մնաց Մի­նաս ա­նու­նով:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ստո­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նի հետ կնքուած հա­մա­ձայ­նագ­րի վա­ւե­րաց­ման մա­սին օ­րէն­քը, որ կը վե­րա­բե­րի եր­կու եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ար­ձա­նագր­ման կար­գի փո­խա­դարձ դիւ­րաց­ման։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Ռուսաստանի Ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Կրուսմանի շփումները՝ Երեւանի մէջ:
Մինչեւ ամառնամուտ Մոսկուայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի կազմակերպուի երկու կարեւոր ձեռնարկ:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Երէկուան ստորագրման արարողութիւնը բնորոշեց WCIT-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին նիս­տը։ Պէշ­թէ­փէի մէջ, Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց ինն ժամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռի հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ տնտե­սու­թեան ըն­թաց­քը։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ե­րէկ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Տի­րա­մայր Ա­րաք­սի Ա­նու­շեան, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը տա­ռա­պէր ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րէ։ Հան­գու­ցեա­լը մայրն էր Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ քէր­մէս մը, ո­րու հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րուի պոլ­սա­հայ հա­մալսա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար» պա­րա­խում­բը ե­րէկ ան­գամ մը եւս բե­մադ­րեց «Ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն Կո­մի­տա­սին հետ» պար-ներ­կա­յա­ցու­մը

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

«Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը «Ընդ­յա­տա­կեայ գրա­կա­նու­թիւն» մա­տե­նա­շա­րով հրա­տա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի գրա­կա­նու­թեան ե­րի­տա­սարդ ու նոր հե­ղի­նակ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեա­նի «Փախ­չող քա­ղա­քը» (Kaçan Şehir) վէ­պը։ Այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը շար­ժա­պատ­կե­րի վե­րա­ցա­կան պա­տում մըն է, ուր միա­հիւ­սուած են խորհր­դա­ւորն ու քա­ղա­քա­յին կեր­պար­նե­րը, պատ­կե­րե­լին ու ծի­ծա­ղե­լիի նուրբ ան­ցում­նե­րը։ Հե­րոս­նե­րու իւ­րօ­րի­նակ վար­քա­գի­ծե­րը կը բա­ցա­յայ­տուին հո­գե­բա­նա­կան հար­ցազ­րոյց­նե­րու, շար­ժա­րուես­տի հնարք­նե­րու, դի­ցա­բա­նա­կան պա­տու­մի եւ բջջա­յին պատ­գամ­նե­րու մի­ջո­ցով

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Վրաս­տա­նի Կրօ­նի հար­ցե­րով պե­տա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան նա­խա­գահ Զա­զա Վա­շաք­մա­ծէն։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ողջունելի ձեռնարկ մը:
Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ լիբանանահայ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի գործերը:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ձեռ­նարկուած սերն­դա­փո­խու­թեան ծրա­գի­րը յա­ռաջ կը տա­րուի թա­փով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մեծ պահ­քէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կերպուած խրախ­ճանք մը բնո­րո­շած էր սոյն նա­խագ­ծին մեկ­նար­կը։

Էջեր