Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց...

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն դար­ձեալ՝ ա­ւե­տե­լով տօ­նա­կան մեծ ա­ւե­տի­սը։ Այդ ղօ­ղանջ­նե­րը մեր սրտե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­գան­գեն՝ հա­ւաս­տե­լով Տի­րոջ յաղ­թու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն հրաշ­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեզ­մէ ո՞վ կրնայ ամ­բաս­տա­նել զիս ո­րե­ւէ մեղ­քով։ Իսկ ե­թէ ճշմար­տու­թիւ­նը կը խօ­սիմ, ին­չո՞ւ չէք հա­ւա­տար ին­ծի» (ՅՈՀՎ. Ը 46)։ Ա՛յս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս եւ իր կեան­քին գի­նով ցոյց կու տայ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մա­հէն վերջ կ՚եր­թայ մարդ ան­մա­հու­թեան, որ է՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛նք։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ ի­րենց տօ­նախմ­բու­թեանց մէջ առ­հա­սա­րակ ան­ցեա­լի դէմ­քի մը, դէպ­քի մը ո­գե­կո­չու­մը կը կա­տա­րեն՝ ան­ցեա­լի այդ դէմ­քին կամ դէպ­քին մէջ տես­նե­լով յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թեան մը առ­կա­յու­թիւնն ու ար­տա­ցո­լա­ցու­մը։ Քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­ներն ալ էա­պէս նոյն մտայ­նու­թեան ու հո­գե­բա­նու­թեան կը հե­տե­ւին։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

«Չա­րու­թեան հին խմո­րը 
դուրս նե­տե­ցէք ձեզ­մէ, 
որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գուած մը ըլ­լաք» 
(Ա. Կորնթ. 5.7)։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան կեան­քը յե­ղաշր­ջող ճշմար­տու­թիւն է: Իր հրա­շա­լի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ապ­րող ան­հատ քրիս­տո­նեան կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը իր մէջ կ՚ապ­րի նոր կեան­քը, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ո­գին, եւ ա­մե­նէն էա­կա­նը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

​«Ե­րե­ւան Մոլ» ա­ռեւ­տու­րի եւ զուար­ճան­քի հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ՝ «Սու­րիա­հայ մշա­կոյ­թի շուն­չը Ե­րե­ւա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը։ Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու բա­ցու­մը պա­տուեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Հայաստան-Վրաստան գործարարութեան օրեր կը նախատեսուին՝ դէպի նոր շուկաներ բացուելու համար:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կը ծրագրեն տնտեսական համագործակցութեան հորիզոնները ընդլայնել:

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Խրղը­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պիշ­քէք։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Պիշ­քէ­քի մէջ կը մաս­նակ­ցի եր­կու ժո­ղով­նե­րու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի (ԵՊՀ) Հայ­կա­կան բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ «Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան (95-ա­մեակ). ե­րախ­տա­ւոր դա­սա­խօս­ներ (դի­մա­քան­դա­կա­յին հպում­ներ)» խո­րագ­րեալ գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ այս գիր­քին հե­ղի­նակն է լի­բա­նա­նա­հայ հրա­պա­րա­կա­գիր ու գրա­կա­նա­գէտ Պա­րոյր Աղ­պա­շեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը:
Այլին Գօչունեան զեկուցման մէջ խօսեցաւ Զապէլ Եսայեանի եւ Սրբուհի Տիւսաբի մասին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բայց ա­նի­կա մեր մեղ­քե­րուն հա­մար չար­չա­րուե­ցաւ, եւ մեր ա­նօ­րէ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ծե­ծուե­ցաւ։ Մեր խա­ղա­ղու­թեան պա­տի­ժը ա­նոր վրայ ե­ղաւ եւ ա­նոր վէր­քե­րո­վը մենք բժշկուե­ցանք… Ա­նոր գե­րեզ­մա­նը ամ­բա­րիշ­նե­րուն հետ դրուե­ցաւ, բայց երբ մե­ռաւ հա­րուս­տին հետ ե­ղաւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րէց միա­բան­նե­րէն Տ. Զա­րեհ Ծ. Վրդ. Պա­րո­նեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ ի Տէր հան­գաւ Պուք­րէ­շի մէջ։ 76  տա­րե­կան հա­սա­կին վախ­ճա­նե­ցաւ բազ­մա­վաս­տակ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, որ 1941 թուա­կա­նին ծնած էր Պուք­րէ­շի մէջ ու եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նէր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­մա­նիոյ Թե­մէն ներս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ»:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի առ­թիւ խրախ­ճանք­ներ կազ­մա­կեր­պեց իր ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիի մար­զաս­րա­հին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:
Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ սի­րով կը դի­մա­ւո­րէր իր Զատ­կի հիւ­րե­րը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Դպրո­ցի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էին ու­սուց­չու­հի­ներ Թա­նիա Չա­թաք, Տի­լա­րա Սա­րը­քա­յա եւ Ար­զու Քար­կը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը արձագանգեց ընտրեալ-տեղապահի վերջին նամակին՝ մեկնաբանելով մանրամասնութիւնները:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի խօսքերով, իր պաշտօնէ չհրաժարելու յամառութեան վերաբերեալ պնդումները կը նկատուին լրջութեան պակաս:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ հա­մա­խո­հա­կան նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա­ջին դիր­քի վրայ դուրս ե­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը թէեւ ու­նի անհ­րա­ժեշտ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նէն ներս, սա­կայն մտա­դիր է հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

«Սու­րիոյ զար­գա­ցում­նե­րը տե­ղի չեն տար հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը», նման յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ վաս­տա­կա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ Ար­ման Նա­ւա­սար­դեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դես­պան Նա­ւա­սար­դեան հա­մո­զուած է, որ հե­տա­գա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

ԵԱՀԿ-ի կող­մէ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի զե­կոյ­ցը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Այս առ­թիւ շեշ­տուե­ցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շա­րու­նա­կէ ձգտիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ ու տե­ւա­կան կար­գա­ւոր­ման։

Էջեր