Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ցիաս ե­րէկ ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ե­րե­ւան։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­­պան­տեա­նի հետ, նաեւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Պէտք է փորձենք շարունակել բանակցութիւններու համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու գործընթացը»:

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Էրտողանի եւ Փութինի Մոսկուայի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային հարցեր:

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրան­սա­կան լի­սէի Հար­պի­յէի գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը՝ ի պա­տիւ փոր­ձա­ռու ճար­տա­րա­պետ Նշան Եա­ղու­պեա­նի։ ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը հան­դի­սա­ցաւ պա­տեհ ա­ռիթ մը՝ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար ե­րէց սե­րուն­դի հե­ղի­նա­կա­ւոր վար­պետ­նե­րէն Նշան Եա­ղու­պեա­նի վաս­տա­կը։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս, «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, «Քի­նօ քոնկ» կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու խմբա­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր ե­րե­կոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան զա­նա­զան կար­ճա­ժամ­կէտ գոր­ծեր։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նա­ցած է յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին նա­խա­տե­սուած ժո­ղով­նե­րուն վրայ, ո­րոնք պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին պի­տի ու­նե­նան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւն։ Եր­կու­շաբ­թի նա­խա­տե­սուած է Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նիս­տը, իսկ Չո­րեք­շաբ­թի Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար, որ պի­տի ընտ­րէ պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պա­հը։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ԳՀԽ­-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն:

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը որ­քան վա­ւե­րա­կան ըլ­լան, այն­քան դժուար կ՚ըլ­լայ ա­նոնց հետ ապ­րի­լը, ո­րով­հե­տեւ ա­րուես­տա­գէ­տը ի՛ր օ­րէն­քով, բնազ­դով ապ­րող էակ մըն է, որ շատ յա­ճախ բա­խում­ներ կ՚ու­նե­նայ իր շրջա­պա­տին, նոյ­նիսկ ինքն ի­րեն հետ: Սա­կայն յա­ճախ իս­կա­կան եւ մնա­յուն սէրն է, որ կի­նե­րը կը կա­պէ այդ­պի­սի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, այս պա­րա­գա­յին՝ ե­րա­ժիշտ-եր­գիչ­նե­րու:

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պեր­ճա­շուք կեանք մը ապ­րե­լու յոյ­սով իր հայ­րե­նի տու­նը լքո՛ղ եւ ան­կէ հե­ռա­ցող ե­րի­տա­սար­դի մը պատ­մու­թիւնն է ա­սի­կա։ Մէ­կը, որ իր ու­նե­ցա­ծէն ա­ւե­լին կը փա­փա­քի ու­նե­նալ, մէ­կը՝ որ ան­յագ է եւ չի՛ բա­ւա­րա­րուիր իր ու­նե­ցա­ծով, միշտ ա­ւե­լիին կը ձգտի, բայց ի վեր­ջոյ յու­սա­խաբ՝ կը վե­րա­դառ­նայ դար­ձեալ իր հայ­րե­նի տու­նը. ա­հա­ւա­սիկ պատ­մու­թիւն մը, որ յա­ճախ կը կրկնուի մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ՝ տար­բեր տե­սա­րան­նե­րով, տար­բեր ձե­ւե­րով։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Ռու­բէն Մե­լի­քեան վեր­ջերս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ պլո­քըր Ա­լեք­սանտր Լափ­շի­նի հար­ցին շուրջ։ Այս վեր­ջի­նը թէ՛ Ռու­սաս­տա­նի եւ թէ Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­ցի է։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Թիֆ­լի­զի «Ռե­տի­սըն պլու»ի  սրա­հին մէջ տե­ղի  ու­նե­ցաւ Սում­կա­յի­թի, Պա­քուի եւ Կի­րո­վա­պա­տի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուի­րուած  ե­րե­կոյ:

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ այ­սօր ստո­րագ­րուած հրա­մա­նագ­րի մը հի­ման վրայ՝ Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Վար­դան Տո­ղա­նեան։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, Հայաստան 2018-էն սկսեալ պիտի ակնկալէ տնտեսական աճ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը նախատեսէ կանոնաւոր կառուցուածքային բարեփոխումներ:

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ կ՚ու­նե­նան Պա­քուի մէջ, ուր կը տե­սակ­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ֆրանսա։ Փա­րի­զի եր­կօ­րեայ շփում­նե­րէն վերջ Սերժ Սարգ­սեա­նի ու­ղե­ւո­րու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լը հան­դի­սա­ցաւ Լիոն քա­ղա­քը։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Իս­թան­պու­լի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ օ­դա­յին ար­կած մը։ Այս­պէս, Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի մօ­տա­կայ­քին ան­կում կրեց ուղ­ղա­թիռ մը։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ՝ ուղ­ղա­թի­ռի աշ­տա­րա­կի մը բա­խուե­լուն հե­տե­ւան­քով։ Հրշէջ այդ ուղ­ղա­թի­ռը ին­կաւ TÜYAP-ի Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րի մեր­ձա­կայ­քին։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Երեւանի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւնները կը ձգտին հաստատել ռազմավարական գործունէութիւն:
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի գործակցութեան խորհուրդի ժողովը այսօր տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ՝ բազմակողմանի օրակարգով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին եօթ ամիսներուն ընթացքին չորրորդ անգամ կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

Ե­րէկ կէս գի­շե­րին Իս­թան­պուլ ժա­մա­նեց Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Այս ա­ռա­ւօտ ան այ­ցե­լեց Շիշ­լիի գե­րեզ­ման­տու­նը, ուր իր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Տ. Գա­րե­գին Արք. Խա­չա­տու­րեա­նի, Տ. Շնորհք Արք. Գա­լուս­տեա­նի եւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Գա­զան­ճեա­նի շի­րիմ­նե­րուն մօտ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ էին ընդ­հան­րա­պէս Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քէն հա­մայն­քա­յին դէմ­քեր։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ծնուն­դով կ՚ու­րա­խա­նան, լաւ պատ­ճառ մըն է կոր­սուած ե­րազ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հոն տես­նե­լով, եւ ոչ միայն ե­րազ­նե­րու, այլ կեան­քէ հե­ռա­ցող­նե­րու շղթա­յին մէկ նոր շունչ մը տա­լով, ա­նոր գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու ե­րաշ­խի­քով, ա­նուա­նա­կո­չու­մով իսկ կար­ծես կ՚ա­պա­հո­վուի ա­մէն իղձ… մշտա­նո­րոգ այս հա­մընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ:

Էջեր