Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այց մը կու տայ Մոսկուա:
«Առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փենս ե­րէկ այ­ցե­լեց Պրիւս­քել, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տան­ըլտ Թուս­քի եւ ԵՄ-ի այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։ Փենս եւ Թուսք Պրիւք­սե­լի մէջ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալպ­ան­տեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ու Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս բազմակողմանի քննարկումներ:
Հեղինակաւոր մասնագէտներ մատնանշեցին հարցեր, որոնք պիտի ամփոփուին մասնաւոր աշխատանքային խումբի մը կողմէ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Ե­րէկ, Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­քուէ, ո­րու նպա­տակն էր բա­րե­փո­խել Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ընտ­րող­նե­րու 75.91 տո­կո­սը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է հան­րա­քուէին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նիլ Թիֆ­լիզ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Իր շփում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Փետրուա­րի 23-24-ին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ կը բա­ցուի նոր էջ մը։ Եըլ­տը­րըմ, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Գեր­մա­նիա ու մաս­նակ­ցե­ցաւ Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին, զրու­ցեց իր ու­ղե­ւո­րու­թեան հե­տե­ւած զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ ԱՄՆ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ կը սկսի նոր շրջան մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն աստիճանաբար կը հասնին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեան ներքեւ բուն քննարկումները նախատեսուած են՝ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Իս­թան­պու­լի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րը։ Այս առ­թիւ քա­ղա­քիս մէջ կը գտնուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պիւտ­ճէի ու տնտե­սա­կան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­գիկ Մի­նա­սեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ՀԱԿ-ի փոխ-նախագահ Արամ Մանուկեան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Հայերու երկիր վերադարձուիլը կարեւորագոյն հարցերու շարքին է՝ Հայաստանի անվտանգութեան տեսակէտէ, մեր բնակչութեան քանակը վտանգաւոր դարձած է»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՊԵՐՃ ՄԱՍ­ԼԱՔ

Հա­յոց տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ժո­ղովր­դա­կան եւ կրօ­նա-ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցո­ղը Վար­դա­նանց տօ­նը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­շագ­րաւ եւ իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տօն մըն է նաեւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեան­ցը, որ կը նշուի Վար­դա­նանց տօ­նը կան­խող Ե­րեք­շաբ­թին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Իգ­նա­տիոս Ան­տիո­քա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րէց­նե­րը իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը եւ իբ­րեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն հա­մա­խում­բը՝ ա­ռանց ա­նոնց կա­րե­լի չէ՛ Ե­կե­ղե­ցիի մը մա­սին խօ­սիլ։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ին ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէ­ջէն՝ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ ներ­կայ է Իր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իբ­րեւ Գլուխ՝ Իր Մար­մի­նին, իբ­րեւ Հո­վիւ՝ Իր հօ­տին, Քա­հա­նա­յա­պետ՝ փրկչա­գործ զո­հին եւ Վար­դա­պետ՝ ճշմար­տու­թեան։ Այս ի­մաս­տով, քա­հա­նան կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Թրքական արեւելեան երաժշտութեան ներդրում մը բերած հայ յօրինողներուն աւանդը վերարժեւորուեցաւ՝ հոծ թիւով երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Patrik Genel Vekili Sayın Başepiskopos Aram A­teş­yan’ın riyasetlerinde, Türkiye Ermenileri Pat­rikliği Ruhani Meclisi’nin 13 Şubat 2017 Pa­zartesi günü yapılan toplantısı sonrasında, ce­maatimiz yaşamında olağanüstü koşullar hasıl ol­muş; üzücü gelişmeler yaşanmıştır. Aceleci dav­ranmaktan kaçınmış olmakla birlikte, bugün var­dığımız noktada, Patrikhanemiz aşağıdaki hu­susları cemaatimizin tüm değerli üyelerinin ve kamuoyunun dikkatine sunmayı uygun görmüş­tür:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյս Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի 13 Փետ­րուար 2017, Եր­կու­շաբ­թիի նիս­տէն վերջ մեր հա­մայն­քի կեան­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած են ար­տա­սո­վոր պայ­ման­ներ ու տե­ղի ու­նե­ցած՝ ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ա­ճա­պա­րան­քէ խու­սա­փե­լով հան­դերձ, ներ­կա­յիս Պատ­րիար­քա­րանս յար­մար դա­տած է մե­րազն հա­մայն­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ու հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նել հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն կ՚ուղեւորուին դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ:
Վերջին մէկ շաբթուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Գումգաբուի կողմէ այսօր հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որուն հաւասարակշռուած բովանդակութիւնը կարեւոր ազդանշաններ կու տայ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարին շուրջ: Պատրիարքարանը ներկայ փուլը կը նկատէ բեկումնային ու միասնականութեան կոչով կը շեշտէ, որ իր բաշխած օրհնութիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի մեր համայնքի անխտիր բոլոր զաւակներուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Բուն ա­նու­նով՝ Ռո­զի Յով­հան­նէ­սեան, հե­տա­գա­յին՝ Պետ­րո­սեան:
Հայ­րը նա­խի­ջե­ւան­ցի էր, իսկ մայ­րը՝ Ան­գա­րա­յի ծնունդ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հի­նէն ի վեր կ՚ը­սուի, թէ՝ չգիտ­նա­լը ա­մօթ չէ, այլ՝ չսոր­վի՛­լը։
Մա­սամբ ճիշդ է այս մտա­ծու­մը, բայց ո՛չ բո­լո­րո­վին, քա­նի որ ան­գի­տու­թիւ­նը երբ միշտ պատ­ճա­ռա­բա­նուի, «չսոր­վե­ցնող» ա­մէն մարդ ամ­բաս­տա­նուած, մե­ղադ­րուած կ՚ըլ­լայ։ 

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան Ո­րա­կի ա­պա­հով­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նը (ՈԱԱԿ) Փետրուար 20-24 թուա­կան­նե­րը կը յայ­տա­րա­րէ կրթու­թեան ո­րա­կի շա­բաթ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Հաղ­բա­տի մէջ մօտ ա­պա­գա­յին Սա­յաթ Նո­վա­յի թան­գա­րան պի­տի կա­ռու­ցուի: Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­նի ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը։ Այդ մա­սին կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տէն ետք լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան:

Էջեր