Արխիւ
Հոլիվուտի մէջ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած պատուոյ աստղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Daily Mail-ի կողմէ այս մասին հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրանսացի երգող առասպել Շարլ Ազնաւուրին՝ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկուն, որ կը շարունակէ աշխոյժ մնալ 92 տարեկանին, Հոկտեմբերի 27-ին պատուեցին հոլիվուտեան աստղով, որ ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ հայոց կողմէ»։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները երէկ ոգեւոր հանդէսով մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու յայտագիրը պատրաստուած էր գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսկէնտէրօղլուի եւ իր խումբ մը գործակիցներուն։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին խմբերգներ, որոնց ժամանակ աշակերտները առաջնորդուեցան երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնեան կը սկսի իր օրը՝ իր աղօթքները եւ իր գործերը Խաչին նշանով՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն» խաչակնքուելով։
National Geographic-ը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս վերջին հինգ հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի Քրիստոսի գերեզմանը:
Սեն թ՚Անթուան լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, Հոկտեմբերի 27-ին, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ միջկրօնական հաւաքոյթ եւ աղօթքի երեկոյթ՝ «Խաղաղութեան ծարաւ» բնաբանով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը անշրջադարձելիօրէն համայնքի օրակարգին վրայ է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովէն վերջ այսօր արդէն նոր զեկոյց մըն ալ լոյս տեսած է մեր մամուլին մէջ։ Վերջին շուրջ ութ տարուան ժամանակաշրջանին կ՚երեւի առաջին անգամն է, որ երկու օր վրայ վրայի Պատրիարքարանի աղբիւրները ընտրութեան հարցին վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս կու գան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Մեր ամբողջ պատմութիւնը վերջին հազարամեակին, ըլլալով արտաքին փոթորկոտ ու անհամեմատ ուժերու ենթակայ, ողբ ու տառապանք է եղած, ու իբրեւ շնչառութեան առիթ՝ ելք մը գտնելու, ձերբազատուելու առկայ իրավիճակէն, որոնք անշուշտ դարերու ընթացքին իրենց դրոշմը ունեցած են մեր կենցաղային մտածողութեան, արեւելումներուն եւ զանազան այլոց...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ ամէն ինչ ժամանակաւոր է եւ իսկական յաղթանակը՝ այս ժամանակաւոր ընթացքին մէջ, կարելի չափով գոյութիւնը երկար ատեն պահպանել եւ կարենալ գոյատեւե՛լն է։ Եւ երբ այս իրողութիւնը կ՚ընդունինք, ապա ուրեմն պէտք է ընդունին նաեւ, թէ՝ հաստատութեան մը եւ մանաւա՛նդ նուիրական ծառայութիւն մատուցանող հաստատութեան մը իր գոյութիւնը ամբողջ 109 տարի, անդադար պահպանելը եւ անխոնջ կերպով գոյատեւելն ալ՝ իսկական իմաստով՝ յաղթանակ մըն է։
77 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ արձակագիր, թարգմանիչ, սենարիստ Ռուբէն Յովսէփեան:
Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան խորհրդանիշը (մասքոթ) ընտրուեցաւ գայլը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան կարեւոր տեսակցութիւնը:
Նալպանտեան եւ Էյրօ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Էրտողան եւ Օպամա նախընթաց օր հեռաձայնի վրայ զրուցեցին ժամ մը քսանհինգ վայրկեան:
Երկու նախագահները համակարծիք են տարածքաշրջանը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործելու ուղղութեամբ:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 109-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կ՚ողջունէ տարեդարձ մը եւս՝ արդէն իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Որպէս հայ աշխարհի հնագոյն օրաթերթը, որ կը հրատարակուի անընդհատ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձները կ՚ունենան արտասովոր նշանակութիւն։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նարեկացի» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրոցներու ծնողաց միութեանց անդամուհիներուն հաւաքը։ Սա 2016-2017 շրջանի առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ, 26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր կայացած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովի որոշման մասին, նոյն օրը զեկոյց մը հրապարակուած էր Համագումար Ժողովի դիւանի կողմէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու համանուն վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն։ Անոնք փութացած էին մեզ հրաւիրելու համար յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկի մը։
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից վարչական շէնքի «Ակումբ»էն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը։ Հոգաբարձութեան հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշի ջանքերով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջագծով կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու համար ներկայացուեցաւ «Արարատ եւ Անի» խորագրեալ ժապաւէնը, որ այս տարի միջազգային փառատօնի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմած էր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, նախագահութեամբ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «Յատուկ թեքստ մը պիտի պատրաստենք յառաջիկայ շրջանին։ Հոգեւորականաց համագումարի զեկոյցն ալ պիտի կցենք այդ մէկուն եւ պետութեան մօտ դիմում պիտի կատարենք։
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական ընդհանուր համագումար ժողովը երէկ պատմական նիստ մը գումարելով պաշտօնապէս թափուր հռչակեց գահը:
Որոշուեցաւ դիմել պետութեան՝ խնդրելով արտօնութիւն, որպէսզի նո՛ր, ազգընտիր գահակալի մը ընտրութիւնը կատարուի, ըստ ընկալեալ աւանդական կանոններուն: