Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Տքթ. Գ. Ամատեանի «Գերզգայուն Խառնուածք»ի մասին բժշկա-հոգեբանական-մասնագիտական ուսումնասիրութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) զանազան թեւերը վերջին օրերուն Երեւանի մէջ վերստին ժողովներ գումարեցին՝ վերամիաւորման որոնումներով:
Սփիւռքահայ բազմամեայ կուսակցական գործիչ, երէց սերունդի յայտնի մտաւորական Երուանդ Ազատեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «IEEE EWDTS՚ 2016՝ Արեւելք-Արեւմուտք. նախագծում եւ թեսթ» միջազգային համաժողովի մասնակիցները։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը գերմարդկային ջանքեր ի գործ կը դնէ Մէրամէթճեան վարժարանի երթը կայուն պահելու համար։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ օր չ՚անցնիր, որ նոր ողբերգութիւն մը չպատահի Հալէպի մէջ։ Աւելորդ է ըսել, որ այս երեւոյթը ամէն օր նոր ու ջլատիչ ողբերգութեան մը ծնունդ կու տայ նաեւ հալէպահայութեան տեսակէտէ։
Թոմաս Տը Վաալ յոռետես կանխատեսումներ ունի Ատրպէյճանի պարագային:
Իլհամ Ալիեւի միակ փափաքն է՝ իր ստեղծած քաղաքական համակարգի պահպանումը:
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Լիբանանի նախագահական պալատի շուրջի բոլոր ճանապարհները նախընթաց օր փակուած էին:
«Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի»խորագրեալ գիտական կարեւոր հաւաք մը:
Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան Պատրիարքարանի անունով ներկայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ տարբեր հակազդեցութիւններ ցոյց կու տան դէպքերու։ Այս, արդարեւ, «խառնուածք»ի խնդիր մըն է եւ բնական պէտք է դիմաւորուի։ Ոմանք դիւրազգաց են՝ դիւրաւ վիրաւորուող, փափկասիրտ եւ պատուազգաց՝ որոնք գերզգայուն կամ գերյուզական խառնուածք մը ունին։
ՏՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ես վստահ եմ, որ «Ալի Պապա» հէքեաթի քառասուն հոգինոց խումբին մէջ, այնուամենայնիւ կային բազմաթիւ ազնիւ ու պարկեշտ մարդիկ, որոնք հրապուրուած էին աւազակապետին շողշողուն թիկնոցով:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վեցերորդ տարին թեւակոխելով եւ աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր սուրիահայութեան սիրտը համարուող մեր բոլորին երազային Հալէպը կը հարուածուի:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Մղում մը կար կ՚երեւի որմէ՝ ՊԻԿ ՊԷՆԿ ու... համաստեղութիւն, աստղեր, արեւներ, մոլորակներ եւ անոնցմէ՝ մերը, ու կեանքի յառաջացում, օդային, ծովային, ցամաքային: Իսկ կենդանականին մէջ՝ ապահովութեան հրամայականը, որմէ՝ աճիլ, բազմանալ...
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
222 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնադրուեցաւ հայկական առաջին տպագիր պարբերականը՝ «Ազդարար»ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 16 Հոկտեմբերին:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հաւատացեալ չեմ: Անհաւատ ալ չեմ: Հաւատացեալին ու անհաւատին միջեւ ամենամօտ ածակա՞նը: Հաւանաբար՝ թերահաւատ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ԶԱՄԲԻՒՂԸ
Արտաքին երեւոյթով դաշտագնացութեան զամբիւղ մըն է սա (picnic basket), սակայն խորքին մէջ՝ ուրիշ բան է այդ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ վստահ եմ պիտի զարմանաք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ կանուխ սկիզբ առաւ իրաքեան Մուսուլ նահանգի ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտը: Այս մասին յայտնող աղբիւրներ հաւաստեցին, որ ամերիկեան կործանիչներ ԻՇԻՊ-ի դիրքերու ուղղութեամբ «խելացի» հրթիռներ արձակելով ազդանշանը տուին այդ պատերազմին:
Հայաստանի համալսարաններուն մէջ Հոկտեմբերի 1-էն սկսեալ ուսումառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, այս մասին յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ Հայաստանի միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած է 70 սփիւռքահայ:
Անյիշելի ժամանակներէ գինին եղած է մարդկային կեանքի եւ մշակոյթի մէկ մասը: Հին Յունաստանի մէջ գինին գովերգած են պատմիչները, բանաստեղծները եւ այլք: Գինիի մասին իրենց աշխատութիւններուն մէջ անդրադարձած են նաեւ Եզովփոսը եւ Հոմերոսը:
Փութինի խօսքերով, ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան հարցը:
Ըստ ռուս նախագահի, շօշափուած են նախկին Սովետական միութեան երկիրներուն միջեւ առկայ լարուածութիւնները եւ իրենց համար կարեւոր չէ, թէ այս կամ այն նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ է կամ ոչ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։