Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Չաղ­լա­յա­նի մէջ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տէն ներս ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ հեր­թա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ 35 մե­ղադ­րեա­լով այս գոր­ծի 15-րդ դա­տա­կան նիս­տին ցուց­մունք­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Անվ­տան­գու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Էն­կին Տինչ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մօտ կ՚ամ­րապն­դուի ա­մե­նա­թո­ղու­թեան զգա­ցու­մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու մօ­տեց­ման պատ­ճա­ռով։ News.am կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ փոխ-նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը հան­դուր­ժեն Իլ­համ Ա­լիե­ւի սադ­րիչ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան եւ գոր­ծե­լաո­ճին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Անգարա եւ Մոսկուա ի վերջոյ համաձայնութեան հասան «Թրքական հոսք» կազամուղի ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած 23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի գագաթաժողովին շրջագծով երէկ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները, որոնք զրուցեցին մէկ ժամ քառասուն վայրկեան: Էրտողան, Փութին եւ Ալիեւ մտերմիկ դրուագներով ներկայացան լրատուամիջոցներուն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին շնորհուեցաւ մագիստրոսութեան մակարդակով բարձրագոյն ուսում ջամբելու իրաւունք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» կեդ­րո­նէն ժա­մա­նած մաս­նա­գէտ մը՝ Սու­զան­նա Գալս­տեա­ն։ «ԹՈՒ­ՄՕ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի եւ փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու վե­րա­նո­րո­գեալ կո­թո­ղա­յին դամ­բա­րա­նի բաց­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ծա­նօթ է, որ այդ շի­րի­մը վե­րա­կա­ռու­ցուե­ցաւ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու նուի­րա­տուու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ «Հայ­ճա­ր­»ի եւ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­դաշ­նակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր Հա­լէպ ճամ­բոր­դու­թեան ան­պայ­ման պէտք էր կանգ առ­նէինք Մաա­րա գիւ­ղը` Հա­լէ­պէն ա­ռաջ եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 քի­լօ­մեթր հե­ռու: Եւ ա­սի­կա ձե­ւով մը ան­գիր օ­րէնք ե­ղած էր, կա­մո­վի պէտք էր հոն կանգ առ­նէին` թէ՛ քիչ մը հանգս­տա­նա­լու եւ թէ՛ համ­տե­սե­լու գիւ­ղին հա­մեղ ճա­շե­րը եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

7 Հոկ­տեմ­բեր, 2016-ին, Ե­րե­ւա­նի Զուարթնոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ վայ­րէջք կա­տա­րեց Fly Dubai օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նա­ւը, որ ի թիւս այլ ու­ղե­ւոր­նե­րու, Ե­րե­ւան կը հասց­նէր ե­րեք հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի սար­սափ­նե­րը շալ­կած նախ Լի­բա­նան, ա­պա Հա­յաս­տան հա­սան… Քէ­հէեան, Գաս­պա­րեան եւ Ժամ­կո­չեան ըն­տա­նիք­նե­րու յու­զու­մը նկա­տե­լի էր ոչ միայն զա­նոնք դի­մա­ւո­րող­նե­րու, այ­լեւ՝ նոյ­նիսկ օ­դա­կա­յա­նի սպա­սաս­րա­հին մէջ կանգ­նող բո­լոր մար­դոց հա­մար: Օ­դա­կա­յա­նին մէջ զա­նոնք կը դի­մա­ւո­րէին ծա­նօթ­ներ ու ազ­գա­կան­ներ, «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նա­սի­րա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ալ հո­գա­ցած էին ա­նոնց միա­կող­մա­նի տոմ­սի նիւ­թա­կան ծախ­սե­րը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ամ­բողջ բնու­թիւ­նը գու­նա­ւոր է, ա­ւե­լի ճիշդ՝ գոյնզ­գո՛յն է. բայց տի­րա­կա­նը սեւն ու ճեր­մա՛կն է, քա­նի որ կեան­քը եւ բնու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու վրայ հաս­տա­տուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ են՝ ո­րոնց գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը կա­խում ու­նի այդ հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թե­նէն։ Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­նե՜ր. մու­թը եւ լու­սա­ւո­րը, բա­րին եւ չա­րը, ցե­րե­կը եւ գի­շե­րը, սէ­րը եւ ա­տե­լու­թիւ­նը, յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ ձա­խո­ղու­թիւ­նը, եւ տա­կա­ւին ի՜նչ հա­կադ­րու­թիւն­ներ չե՞ն որ կը տի­րեն մարդ­կա­յին կեան­քին եւ բնու­թեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, կեան­քի ըն­թաց­քին, բնա­կա­նա­բար կը դի­մա­ւո­րուի զա­նա­զան ան­ձե­րու հետ, այ­սինքն զա­նա­զան բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ։ Մարդ քա­նի որ կ՚ապ­րի հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեանք, ու­րեմն պար­տա­ւոր է հան­դուր­ժե­լու այդ տար­բեր բնա­ւո­րու­թեան տէր մար­դոց, ու­զէ կամ չու­զէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ, ո­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը խոր ցաւ եւ յու­զում պատ­ճա­ռած է մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին, ե­րէկ վեր­յի­շուե­ցաւ իր մա­հուան քա­ռաս­նից լրման առ­թիւ։ Ող­բա­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ո­գե­կո­չուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Պէզճեան Մայր վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Թաւ­րի­զի Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, կա­տա­րուե­ցաւ միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­մառ­նա­յին դա­սըն­թաց­քի եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­սու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա ձեռ­նար­կած իր ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով Մոն­րէա­լի մէջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի Ան­թի­լիա­սին վե­րա­դար­ձուե­լու պա­հան­ջով բա­ցուած դա­տին շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Փարիզի քաղաքապետ Իտալկօ եւս մասնակից Երեւանի մէջ ստեղծուած խանդավառութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին խոր ցաւ եւ յու­զում ապ­րե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քի մը հե­տե­ւան­քով։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Հաք­քեա­րիի Շեմ­տին­լի գա­ւա­ռա­կէն հա­սած լու­րե­րը սու­գի մատ­նե­ցին եր­կի­րը։ Այս­պէս, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Շեմ­տին­լիի մէջ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց ոս­տի­կան զօ­րաց պա­հա­կա­կէ­տին վրայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին արդէն երրորդ անգամ կը տեսակցին վերջին երկու ամսուան ընթացքին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի մէջ վերջին շրջաններուն ե­ղած քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րը կը մատ­նեն, որ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գը դրուած է բա­ւա­կան «ու­ժեղ կրակ»ի մը վրայ:

Էջեր