Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կորուստ» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ վնաս, ձեռքէ ելլել, կորսնցնել, ունեցածին նուազումը, պակսիլ, քիչնալ եւ կամ բոլորովին ոչնչանալը։ Ուրեմն, այս իմաստով, կորուստը՝ վնասաբեր, վնաս հասցնող, ապա ուրեմն, մարդուս ցաւ ու վիշտ պատճառող երեւոյթ մը՝ իրադարձութի՛ւն մըն է։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պարգեւատրուեցաւ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան (AIWA) կողմէ։ Սելինա Տողան, որ Պոսթոնի մէջ մասնակցեցաւ AIWA-ի եռօրեայ համաժողովին, մասնակցեցաւ նաեւ ասուլիսի մը՝ «Քաղաքականութեան եւ հանրային կեանքէն ներս կանանց ղեկավարութիւնը» նիւթին շուրջ։ Պոսթոնի մէջ իրեն յանձնուեցաւ հանրային բնագաւառէ ներս ղեկավարութեան մրցանակը
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երկու երիտասարդներուն ձեռքերը այնքան ամուր բռնուած են իրարու, անքակտելի կապ մը կ՚ուզեն ստեղծել անոնք, մին արական է, միւսը՝ իգական: Յորդանանի օդանաւակայանն են. հայեացքներով ինչե՜ր կը փոխանակեն, ու գիրկընդխառնում մը, որ աղջկան հեկեկուն մարմինին դողը կը խաղաղեցնէ կարծես: Բայց ի զուր է ամէն ինչ, ո՛չ մարմինները կը խաղաղին, ոչ ալ երկու միացած սրտերը հանգիստ կը տրոփեն, մօտ է բաժանման պահը, ու կրքոտ համբոյրներուն կ՚ընկերանան խոստումներ.
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» Երեւանի մէջ վերջին օրերուն լայն հետաքրքրութեան արժանացաւ՝ ներկայացուած ճոխ նմոյշներով:
«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը այս ձեռնարկով հերթական անգամ արդարացուցած է իր գոյութիւնը՝ կեանքի կոչելով կոթողային ծրագիր մը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը Փարիզի Cité Universitaire-ի հայկական եւ փորթուգալական ուսանողական տուներուն մէջ բացուած զուգահեռ ցուցահանդէսներով, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2017 թուականի Յունուարի 3-ը։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ դերասաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հոկտեմբերի 1-8 թուականներուն միջեւ կը կազմակերպէ «Հայֆեստ» միջազգային 14-րդ թատերական փառատօնը, որ կը կրէ «Իրականացուր երազանքդ «Հայֆեստ»ի հետ» խորագիրը: Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի 1-ին, Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ, Թաշքենթի «Իլխոմ» տրամաթիքական թատրոնի «Եօթ լուսին» ներկայացումով:
Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամները երէկ այցելեցին Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Պունտեսթակի անդամները շուրջ հինգ ժամ մնացին ռազմախարիսխէն ներս, ուր կը պաշտօնավարեն երկու հարիւր գերման զինուորներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագծով ողբերգութիւնը կը հասնի սահմռկեցուցիչ համեմատութիւններու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի վրայ կատարուած սաստիկ յարձակումներով քաղաքը վերածուած է պատերազմի դաշտի մը:
Մահուան վտանգի սեմին յայտնուած մեր ժողովուրդի շուրջ տասը հազար զաւակները ամէն օր կը պատմեն իրենց լուռ ցաւերուն մասին՝ զրկուած իրենց ամենատարրական կարիքները դիմագրաւելու հնարաւորութենէն:
Փոխ-վարչապետը երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները, Ատնան Էրթէմի մասնակցութեամբ:
Ընտրութիւններու հարցին համար նոր յոյսեր:
Թորոս Ալճանի գրասենեակը հաղորդեց, որ մշակուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան պատրաստութիւնները պիտի վերակենդանացուին: Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ ծագած յաւելեալ խնդիրները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի եւ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն երէկուան հանդիպումը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Ընդհանրապէս երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հանդիպում մը եղած է այս մէկը։ Բայց եւ այնպէս, այս ամբողջին մէջ մեր համայնքին տեսակէտէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տեսակցութիւնը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, որուն կ՚ընկերանար Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ։ Ծանօթ է, որ Վարդապետը վերջին շրջանին Պէյրութէն՝ Զմմառի վանքէն քաղաքս փութացած է հոգեւոր սպասաւորութեան համար։
Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հուրի Պէրպէրեան միացած է համալսարանի դասախօսական անձնակազմին, իբրեւ Հայագիտական ուսմանց Մեղրունի ընտանիքի նախագահական ամպիոնի վարիչ։
Ի նշան Լմբատաւանքի «Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի» եկեղեցիի վերազարթօնքի, արդէն երկրորդ տարին է՝ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Լմբատաւանքի ուխտի օրը: Այդ օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Լմբատաւանք կը բերուի Սուրբ Ստեփանոսի մասունքը եւ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի սուրբ մասունքով կը կատարուի Անդաստանի կարգ եւ մատաղի օրհնութիւն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան մօտեցումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար լուծումը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ Հոկտեմբերի 10-ին, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իսթանպուլի մէջ Փութին պիտի մասնակցի Համաշխարհային ուժանիւթի համաժողովին։ Միեւնոյն ժամանակ ռուս ղեկավարը պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը, բնականաբար, կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան մօտաւոր անցեալի ճգնաժամը յաղթահարելով իրենց համագործակցութեան թափ տալու ճամբուն վրայ են։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երիտասարդ ձեռներէցներէն Արէտ Սիլահլը Պէյօղլուի մէջ բացած է նոր ճաշարան մը։ Արէտ Սիլահլը անուն մըն է, որու համբաւը հետզհետէ կը տարածուի կապելա-ճաշարանի աշխարհէն ներս։ Իր արձանագրած վերելքը անշուշտ ուղիղ համեմատութեան մէջ է իր մատուցած ծառայութեան որակով:
Սիւհա եւ Պենկիւ Համամճը ամոլը նոր դիմագծով մը կ՚ողջունեն իր յաճախորդներն ու հիւրերը:
Բանկալթիի «Նոսթալժի»ն տարբեր ձեւաչափի մը մէջ, սակայն նոյն արհեստավարժութեամբ կը շարունակէ սպասարկութիւնը:
Ռուս բանաստեղծ Մայակովսկի, լենինեան յեղափոխութեան երգիչը գրութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ. «Մենք կը հասնինք ու կ՚անցնինք»… ի հարկէ, խօսքը ուղղելով դրամատիրական աշխարհին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» կը նշանակէ սեռականութեան ստեղծած եւ կազմաւորած համարկումը անձին մէջ եւ անոր միջոցով՝ մարդուն «ներքին միութիւն»ը իր մարմնաւոր-ֆիզիքական եւ հոգեւոր-բարոյական էութեան մէջ։ «Սեռականութիւն»ը՝ որուն մէջ կ՚արտայայտուի մարդուն մարմնական եւ կենսաբանական աշխարհին պատկանելիութիւնը, կը դառնայ անձնական եւ իսկապէս մարդկային՝ երբ ան կը համարկուի անձէ անձ կատարուած առընչութեամբ, մարդուն եւ կնոջ ամբողջական եւ ժամանակապէս անվերջ փոխադարձ նուիրումին մէջ։