Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւոր Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­հը մեծ ցաւ ստեղ­ծած է պոլ­սա­հայ կեան­քէն ներս։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ իր հօ­տը հովուած Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ կը վեր­յի­շուի իր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով եւ իր հա­րուստ կեն­սագ­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի հա­մար մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­ված մար­զիկ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը մե­ծա­րուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն այս առ­թիւ 1 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ բնա­կա­րան­ներ նուի­րեց Ար­թուր Ա­լիք­սա­նեա­նին եւ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նին, ո­րոնք ոս­կի եւ ար­ծաթ մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­վե­ցին երկ­րին հա­մար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արմաւենի Միրօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած իր գրքի շնորհանդէսէն վերջ:
«Ես պարտաւորուեցայ թերթերու տողերուն ընդմէջէն որսալ նիւթերը, հիմնականօրէն ուսումնասիրած եմ արեւմտահայ մամուլը»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆրան­սա­յէն խումբ մը բժիշկներ, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տան։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու այս խում­բը կը գլխա­ւո­րէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէր­պէ­րեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը։ Ներ­կայ էին Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Թուր­քիոյ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը սգայ իր նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւո­րին՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի վախ­ճա­նու­մը։ Յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ ի Տէր հան­գած է Գե­րա­պայ­ծա­ռը, որ անջն­ջե­լի հետք մը թո­ղած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան տա­րեգ­րու­թեանց մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց 2016-2017 եղանակի առաջին ժողովը՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Հրեայ համայնքը որոշած է այլեւս առանձին վարուիլ եւ դիմել պետութեան՝ մէկ անգամուան համար առկախեալ կանոնադրութեամբ ընտրութիւններու ձեռնարկելու արտօնութիւնը ապահովելու նպատակով:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

«Կոմիտաս» թանգարանի երդիքին տակ ծրագիր. «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը»:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան պատուեց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին ձօնուած ձեռնարկը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Ե­րե­ւա­նի «Մե­րի­տիան» ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ «Ար­տադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ-2016» տօ­նա­վա­ճա­ռը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­սա­ցաւ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տուոյ հիւ­րը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար յայ­տա­րա­րեց, թէ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ի­րա­ւա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան շրջագ­ծին մէջ եւ Թուր­քիա աչք չէ դրած ո­րե­ւէ այլ երկ­րի հո­ղե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Որ­դե­սի­րու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ա­մե­նէն բնա­կան եւ նո՛յն­քան ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րէն մէկն է։ Խոր­հե­ցէք ան­գամ մը սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. ո՞վ իր զա­ւա­կը ա­մէն կեղ­ծի­քէ ա­մէն ա­րուես­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ զերծ, սրտանց չի սի­րեր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս շահեկան հաւաքոյթ մը:
Շնորհանդէսի ընթացքին հեղինակաւոր գիտնականներ բարձր գնահատեցին Արմաւենի Միրօղլուի աշխատանքը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Վի­ճա­կա­ւոր Իս­թան­պու­լի եւ Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց, խոր ցա­ւով կը գու­ժէ դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն փո­խան­ցու­մը թե­միս եր­կա­րա­մեայ եւ վաս­տա­կա­ւոր վի­ճա­կա­ւոր՝

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այ­սօր 2016-2017 կրթա­կան տա­րուան ա­ռա­ջին օրն է։ Նոր շրջան մը կը սկսի՝ մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սակ զգա­ցում­նե­րու միա­ձուլ­մամբ։ Ե­ռանդն ու սպա­սում­նե­րը, կամքն ու նպա­տակ­նե­րը, տա­ղանդն ու աշ­խա­տան­քը միա­հիւ­սուած են՝ ա­հա­ւա­սիկ... Վե­րա­մու­տը կը խորհրդան­շուի նաեւ վեհ տրա­մադ­րու­թիւ­նով մը՝ ըն­կեր­սի­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կար հան­գիստ դա­դա­րէ մը վերջ՝ ա­հա­ւա­սիկ հա­սաւ վե­րա­մու­տը, ինչ­պէս՝ խան­դա­վառ եւ ո­գե­ւոր ա­մա­ռուան ե­ղա­նա­կէն յե­տոյ՝ տրտում եւ մե­լա­մաղ­ձոտ ա­շու­նը։ Ան­շուշտ, այս մա­սին զգա­ցում­ներ եւ տե­սա­կէտ­ներ կը տար­բե­րին իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի հա­մար, ը­սենք յա­րա­բե­րա­կան կամ հա­մե­մա­տա­կան են ա­նոնք։ Ուս­տի ի­րա­պաշտ մէ­կու մը հա­մար, թէ՛ վե­րա­մու­տը, թէ՛ ա­շու­նը կեան­քի սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քին մէջ հանգ­րուան­ներ են միայն, ո­րոնք ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն եւ բո­լո­րո­վին բնա­կան է այս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

Ինչ­պէս բո­լոր համր­ուած օ­րե­րը, նոյն­պէս եւ ամ­րան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րը կ՚անց­նին շատ ա­րագ ու աննշ­մար:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

ԱԶ­ՆԻՒ ԵԱ­ԳՈՒ­ՊԵԱՆ

Հե­լէն Քէ­լը­րի կեան­քը նշա­նա­ւոր եւ ո­գե­շունչ պատ­մու­թիւն մը ե­ղած է:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

Օ­ՍԱՆ ՊԱ­ԼԱ­ՊԱ­ՆԵԱՆ-ՄԻ­ՆԱ­ՍԵԱՆ

Ե­րա­խան պէտք է նա­խա­պատ­րաս­տել դպ­րո­ցա­կան կեան­քի, սա­կայն մի՛ մտա­հոգ­ուիք, ա­նոր գրել ու կար­դալ սոր­վեց­նե­լը դպ­­րո­ցին պար­տա­ւո­րու­թիւնն է:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ու­սում, կրթու­թիւն եւ կամ գի­տու­թիւն ստա­նա­լը է՛ եւ կը մնայ մեր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Ուս­տի, ի՛նչ ալ ըլ­լան իբ­րեւ գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ մեր կեան­քը հու­նա­ւո­րող միւս ար­ժէք­նե­րը, որ­քան որ ա­նոնք բար­դա­նան, ար­դիա­կա­նա­նան եւ այժ­մէա­կա­նա­նան. վե­րեւ նշուած­նե­րը էա­կան են եւ կը մնան մեր բո­լո­րի կեան­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տե­րը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա-Ի­րան սրա­ցու­մը կը շա­րու­նա­կէ մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րել, Չեչ­ե­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Կրոզ­նիի մէջ 2 Սեպ­տեմ­բե­րին բա­ցու­մը կը կա­տա­րուէր «Ո՞վ է սիւն­նի իս­լա­մ» խո­րագ­րով ժո­ղո­վի մը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան­նա­խըն­թաց էր իր տե­սա­կին մէջ:

Էջեր