Արխիւ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի հաւասարակշռութիւնները հետզհետէ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւններուն բերումով։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է երկրի հայութեան ենթարկուած աղէտին ու ողբերգութեան վրայ։ «Արեւելք» կայքէջին վրայ, Սագօ Արեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը՝ Դամասկոսի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի հետ։ Վերջին կացութիւնը ըմբռնելու առումով շահեկան տեսակցութիւն մըն է այս մէկը, զոր կ՚արտատպենք ստորեւ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր հերթական խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը լուրջ ակնկալութիւններ չունի միջնորդներու հանդիպումէն՝ Պաքուի ապակառուցողական դիրքորոշման հետեւանքով:
Դէպի Արցախ ձեռնարկած ուղեւորութեան շրջագծով, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Գանձասարի վանքը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներուն հետ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կիրակին հանգիստի միակ օրս է: Կը մնամ փակուած տան մէջ. եթէ հարկաւոր չեմ... բայց այս Կիրակին երիտասարդուհիի մը տարելիցին պարտականութիւն կատարած ըլլալու գոհունակութեան հետ, եկեղեցիի խունկի բոյրը, մեղմօրէն մաշող մոմերու խորհրդաւորութիւնը, սեւազգեստ մայրերու եւ քոյրերու ներկայութիւնը, հոգեհանգստեան շարականով ալ զիս պիտի վերացնէր կոչնակի զանգէն ետք...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային մոլութիւններ, տկարութիւններ եւ թերութիւններ կան, բայց դժբախտութիւնը այն չէ՛ որ ասանկ շեղումներ, սխալներ կան, դժբախտութիւնը այն է, որ անոնք որ գիտեն, թէ ո՛րքան աղէտալի է անոնց գործունէութիւնը իրենց կեանքին մէջ՝ կամաւ կը զոհեն այդ աղէտներուն իրենց մարմինն ալ, հոգի՛ն ալ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս, Երեւանի մէջ հիմնանորոգումէն ետք հանդիսաւորութեամբ իր դռները բացաւ Երեւանի հնագոյն ու վարկանիշ ունեցող դպրոցներէն մին՝ Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցը, որուն երեք մասնաշէնքերու ամբողջական նորոգումը իրականութիւն դարձած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէն կազմակերպուող արտագնայ ցուցահանդէսներուն ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի մէջ բացուած է «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը. ֆինանսներ բոլորի համար» հերթական ցուցահանդէսը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Ամմանի մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Առանց քրիստոնէութեան տարածքաշրջանը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնն ու իւրայատկութիւնը»:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան Թուրքիա հասնելէ առաջ վերջին երկու օրերուն ընթացքին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։
Յառաջիկայ Սեպտեմբերի 14-ին Աթէնքի մէջ, Յունաստան, տեղի պիտի ունենան ՈՒԷՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Ամերիկեան Apple ընկերութեան 7-րդ սերունդի iPhone-ի առաջին խմբաքանակը, ըստ չինական լրատուամիջոցներու, արդէն արտահանուած է այլ երկիրներ: Մատակարարուած գրպանի հեռաձայններու ընդհանուր թիւը 371 հազար է:
Իրանի Սպահան քաղաքի հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ներառուած է Իրանի այն տեսարժան վայրերու ցանկին մէջ, որոնք պարտադիր են բրիտանացի զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար: Ցանկը կազմած է բրիտանական International Business Times-ը:
Աւստրալիոյ խորհրդարանի 45 -րդ նստաշրջանին Կոլտշթէյն համայնքէն երեսփոխան ընտրուած Թիմ Ուիլսըն առաջին խորհրդարանական ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ իր հայկական արմատներուն մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ տեղւոյն աւանդութեան, ան խորհրդարանական իր առաջին ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ արմատներուն եւ ընտանիքի պատմութեան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էվա Վրայլան, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց դեսպանը նոր պաշտօնին բերումով ու մաղթեց յաջողութիւններ։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ վաղը պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Ան երկօրեայ շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ։
6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերը վերյիշուեցան զանազան ձեռնարկներով:
Կալաթասարայի հրապարակին վրայ ցոյց, «Քարանլըք իշլէր»ի մէջ հետաքրքրական ասուլիս:
Թուրք զինեալ ուժերը նպատակասլաց քայլերով յառաջ կը տանին «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւնները:
Ուաշինկթըն կը փափաքի Ռաքքայի համար աշխատիլ Անգարայի հետ, սակայն համամիտ չէ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու փակ գօտիի մը ստեղծուելուն: