Արխիւ
Ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան որոշած է չմասնակցիլ յաջորդ տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ «News am» կայքէջի հաղորդումներով, Փաթրիք Տէվէճեան ներկայիս 71 տարեկան է ու որոշած է յառաջիկայ շրջանին աշխատանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացնել Օ-տը-Սէն շրջանի խորհուրդին վրայ։
Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները:
Ֆրանսա պատրաստակամ է Սարգսեան-Ալիեւ նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու համար:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի «Առաջին Մաս» կոչուող թաղամասին մէկ անկիւնը, հին կառոյցներով շրջապատուած անմարդաբնակ վայրի մը մէջ, հետաքրքրական աշխատանոց մը կայ: Այդ արհեստանոցը վարձած է սուրիահայ Շանթ Խայալեան, որ քաղաքի աղմուկէն քիչ մը հեռու, անվրդով կը կատարէ իր աշխատանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Համբերութիւնը կեա՛նք է», կ՚ըսեն, բայց ժողովրդական իմաստութիւնը անմիջապէս ետք կ՚աւելցնէ. «Համբերութիւնը կեանք է, շատն ալ տանջա՛նք է…»։
Հայաստանի քսան տարեկանէն վար պասքեթպոլի երիտասարդական հաւաքականը կը նախապատրաստուի Յուլիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյենութեան:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի քուէարկողներուն մօտ ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 6 կէտով կը գերազանցէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութիւնը:
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երախաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՚ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն:
Երեւանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ «Նոր Հայաստան» ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեան։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն յառաջիկայ ամիս ժողով մը պիտի գումարէ Իսթանպուլի մէջ։ 10-20 Յուլիս թուականներուն, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած է կոմիտէին 40-րդ ժողովը։ Նիստի ընթացքին որոշումներ պիտի ընդունուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նոր լրամշակումներու կատարման շուրջ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ երէկ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որոնք շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։
Երեք ղեկավարները համամիտ են, թէ կարգ մը հարցերու շուրջ փոխըմբռնման հասնիլը պիտի ապահովէ լուծման ճանապարհին յառաջընթացի արձանագրումը։
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այս օրերուն դարձեալ գետի նման վարարած է մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ «Միտք» հարթակին անունով, Թադէոս Պէպէք երէկ թերթիս յայտնեց, որ վաղը Գումգաբուի մէջ ցոյց մը պիտի կատարեն հերթական անգամ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այս խնդրին վրայ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կարեւոր է եւ շատ կարեւոր՝ զանազանել էականը թէականէն: Վերջերս Դիմատետրէն երկու անձեր մականունիս մասին ակնարկութիւն ըրին եւ նոյնիսկ... առաջարկեցին, որ փոխեմ, ի հարկէ հայեցիութենէ բխած հոգիով:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ աւանդական խանդավառութեամբ հրաժեշտ տրուեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատուոյ հիւրն էր շրջանաւարտից հանդէսին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարները անցեալ շաբաթ այցելութեան փութացին թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին տղաքը, որոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնք ամառնամուտի փուլին ոգեւորութեան առիթ հանդիսացան Ֆէրիգիւղի ամբողջ ընտանիքին տեսակէտէ։
2015-2016 կրթական շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Մեր վարժարաններու աշակերտները մեկնեցան ամրան արձակուրդի։ Մինչ այդ, այս մթնոլորտին մէջ, արդէն համայնքային կեանքէն ներս հետզհետէ արձագանգ կը գտնեն դպրոցներուն վերաբերեալ վարչական իրադարձութիւնները։
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս յատկանշական հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գործադրութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Արամ Խաչատուրեանի ի յիշատակ խմբավարներու 12-րդ միջազգային մրցոյթը:
WFIMC-ի 60-րդ ընդհանուր ժողովը վերջին օրերուն գումարուեցաւ Երեւանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը խորհիմ երբեմն, երբ յաճախ կը լսենք սա խօսքը, թէ՝ «մարդ սխալակա՛ն է», արդեօք պատրուակ մը, կամ արդարացո՞ւմ մըն է, եւ կամ կեղծ պատճառ մը մարդուս գործած սխալներուն համար։ Կարելի է խորհիլ, թէ «դիմա՛կ» մըն է այս խօսքը սխալանքները արդարացնելու համար։