Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Յու­լի­սի 3-30 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ «Սփիւռք ա­մառ­նա­յին դպրոց 2016» ծրա­գ­­րին ծի­րէն ներս, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մայ­րե­նի լե­զուի (ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն) ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թաց­քներ։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած իրերայաջորդ համագումարները կ՚ապացուցանեն հարցերու խոր բնոյթը:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Նիքոլայ Պորտեուժայի խօսքերով, կառոյցը կը ձգտի վառ փուլի մէջ չէզոքացնել հակամարտութիւնները:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Հա­լէ­պի մէջ դա­ւա­դիր հրա­սան­դի մը պայ­թիւ­նին հե­տե­ւան­քով, ծա­ռա­յու­թեան պատ­նէ­շի վրայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ Ռաֆ­ֆի Պը­չաք­ճեան։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ «Գան­ձա­սար»ի խմբա­գիր Զար­միկ Պօ­ղի­կեա­ն։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Անց­նող Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան մինչ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու իր գլխա­ւո­րած կա­ռա­վա­րու­թեան Մոս­կուա տուած այ­ցին «պտուղ­նե­րը» պի­տի ներ­կա­յաց­նէր, ան­դին եր­կու պա­ղես­տին­ցի­ներ Թել Ա­ւի­ւի Շը­րո­նա շրջա­նին մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք մը կը գոր­ծէին: Ա­նոնք իս­րա­յէ­լա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­գու­կա­պով կը մտնէին ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րո­նի մէջ ե­ղող ճա­շա­րան մը եւ ու­տե­լիք պա­տուի­րե­լէ ետք կրակ կը բա­նա­յին այն­տեղ ե­ղող­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Գալ­ֆաեան Տան ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ։ Այս ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան, մինչ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ կ՚առ­նեն ի­րենց վար­ժա­րա­նէն։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուն դար­ձաւ ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ յետ­մի­ջօ­րէին վար­ժա­րա­նին հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ Մխի­թա­րեան Հայ­րե­րու՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէ­նի եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լուի, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ եւ ան­դամ­նե­րու, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չաց կազ­մին եւ ծ­­նող­նե­րու:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց ու մանկապատանեկան կազմերուն փայլուն համերգը:
Նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն յաջող ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին երաժշտասէրներուն մօտ: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յանձնեց գնահատագրեր:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Վեր­ջերս հրա­պա­րակ ի­ջած է հե­ռա­տե­սի­լի զան­գուա­ծա­յին գո­վազդ մը, ըստ ո­րուն յայտ­նի դե­րա­սան­ներ կը հրա­ւի­րեն թո­շա­կա­ռու­նե­րը օգ­տուե­լու այդ բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թէն։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

Նո­րու­թիւն­նե­րու ակ­նա­ռու լու­սա­բան­ման՝ «Կարճ վա­ւե­րագ­րա­կան նիւթ/ֆիլմ» ա­նուա­նա­կար­գին մէջ Ա­մե­րի­կեան ազ­գա­յին հե­ռուս­տա­տե­սա­յին ա­կա­դե­միոյ՝ «Նոր Անգ­լիա Էմ­մի» մրցա­նա­կը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վեր­ջերս շնոր­հուած է 25-ա­մեայ Ա­նոյշ Էլ­պա­քեա­նին: Ան նա­խա­պէս ստա­ցած է եր­կու այլ հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ եւս:

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն ա­ռի­թով կը կրկնենք, թէ՝ կեան­քը, մշտա­տեւ պայ­քա՛ր մըն է եւ կեան­քը ապ­րիլ՝ քա­ջու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Եւ դար­ձեալ այս մա­սին յա­ճախ կը յի­շենք Յի­սու­սի խօս­քը՝ որ կ՚ը­սէ. «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։­

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

​Մեզ­մէ շա­տեր գի­տեն, որ ճամ­բոր­դի մը հա­մար կա­րե­ւոր ու­ղե­կից մըն է կողմ­նա­ցոյ­ցը: Հին ժա­մա­նակ­նե­րէ ի վեր ա­նա­պա­տա­յին, ծո­վա­յին, օ­դա­յին թէ ցա­մա­քա­յին ճամ­բոր­դու­թեանց ըն­թաց­քին, միշտ ալ կա­րե­ւոր ե­ղած է կողմ­նա­ցոյ­ցը:

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ար­քու­նի վա­ռօ­դա­պետ Յով­հան­նէս Պէյ Տա­տեան, երբ 1835 թուա­կա­նին շի­նել կու տայ Ա­զատ­լըի հա­յոց ե­կե­ղե­ցին՝ վա­ռօ­դա­րա­նի հայ գոր­ծա­ւոր­նե­րուն հա­մար, Զէյ­թին­պուռ­նուի եւ վա­ռօ­դա­րա­նի Պա­քըր­գիւղ բնա­կող հայ գոր­ծա­ւոր­ներն ալ կը դի­մեն ի­րեն՝ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ ալ ե­կե­ղե­ցի մը ու­նե­նա­լու փա­փա­քով։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի կռփա­մար­տի հա­ւա­քա­կա­նը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Յու­նի­սի 1-13 թուա­կան­նե­րուն Քիեւի մէջ, Ուք­րայ­նա, տե­ղի ու­նեցող ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քին:

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Քիմ Քար­տա­շեան վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցած է յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թեան՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի ման­կա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին օգ­նե­լու հա­մար:

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Էս­կի­շէ­հի­րի «Ա­նա­տո­լու» հա­մալ­սա­րա­նի եւ Պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ փաս­տա­թուղթ մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի այս բնա­գա­ւա­ռին հա­մար հասց­նել նոր հե­տա­զօ­տող մը։ Սոյն ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չը՝ Փրոֆ. Նա­ճի Կիւն­տո­ղան եւ յի­շեալ ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան պե­տի տե­ղա­կալ Ճե­լալ Սա­մի Թիւ­ֆեք­ճի։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Սո­չիի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն հան­դի­պու­մը։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ նա­խըն­թաց օր հրթի­ռա­կո­ծե­ցին Հա­լէ­պի Սիւ­լէյ­մա­նիէ շրջա­նը

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Պունտեսթակի որոշման դէմ փաստաբան Ռամազան Աքպաշ դիմեց Գերմանիոյ Սահմանադրական ատեանին:Նոյն նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է նաեւ ԵՄԻԱ-ին: 
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց քննադատական նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին:

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016

Աշ­խար­հի ֆութ­պո­լա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան հա­յեացք­նե­րը այ­սօր պի­տի ուղ­ղուին Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րիզ, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Եու­րօ-2016»ի Եւ­րո­պա­յի ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան մրցա­շար­քին պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դէ Ֆրան­սա-Ռու­մա­նիա բաց­ման մրցու­մը (Ա. խմբակ):

Էջեր