Արխիւ
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած ներկայ յոբելենական շրջանին երէկ տեղի ունեցաւ հաստատութեան շրջանաւարտներու օրը։ Այս տարի յոբելենական շրջանին զուգադիպած տարեկան հաւաքը ունեցաւ արտասովոր փայլ մը։ Տնօրէնուհի Այտա Գայաէրի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան յայտագիրը, որուն տեւողութեան Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներն ալ ստացան յուշանուէրներ
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը անցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտով։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան դպրոցի համալիրէն ներս, ինչ որ անբացատրելի զգացումներ առթեց իրենց։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ երեկոյթ մը, որ 2015-2016 շրջանին կազմակերպուած գեղարուեստի դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնն էր։ Անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներուն տարեկան հաւաքը հերթական անգամ առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ սաներու ոգեւոր համախմբման:
Բաժակի օրուան եռօրեայ բազմակողմանի ծրագիրը կը գործադրուի բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ՝ դպրոցի խոր աւանդութիւններու վերակենդանացումով:
Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը կը ջանայ արդիւնաւէտօրէն արժեւորել Տատեանի նախկին շէնքը:
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողանի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափով հաւաքոյթ մը: Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր ընդգծեց ծախսերու անհամեմատ յաւելումը: Ժողովականները կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը հրաժարի քմահաճ նախընտրութիւններէ ու միջոցները բաժնէ արդարօրէն:
Երէկ, Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցին մօտ տեղի ունեցաւ տարեվերջի խառն ցուցահանդէսի մը բացումը։ Այս աշխատանոցի մօտ հինգ տարեկանէն սկսեալ զանազան սերունդներէ անձերու համար կը կազմակերպուին դասընթացքներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էվիկտոր Լիպըրմանի պաշտպանութեան նախարար նշանակուելէն ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը յաջողեցաւ Քընեսէթի անդամներու ամբողջական նեցուկը ապահովել: Ու հակառակ անոր, որ իսրայէլեան քաղաքականութեան հետեւող տարբեր դէտեր խոր մտավախութիւններ ունեցան, ծայրայեղական կեցուածքներով Լիպըրմանի նախարար նշանակուելուն առընթեր երեւելի է նաեւ, որ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու այս քայլով պիտի փորձէ իր իշխանութիւնը փրկել միաժամանակ քաղաքական աջ թեւը դուրս հանելով խոր տագնապէ մը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ վաղը հանդէս պիտի գայ համերգով մը, որ կազմակերպուած է ի զօրակցութիւն լէօսեմիէ տառապող երախաներուն։ Համերգի յայտագրին մէջ Գարին Պոզքուրթ պիտի երգէ թենոր Պիւլենտ Քիւլեքճիի հետ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։
Մխիթարեան վարժարանի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերտները այս տարի իրականացուցին մարդասիրական շատ կարեւոր ծրագիր մը: Ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու շրջագծով, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի սկիզբը իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ անոնք ընտրեցին ընթերցման հաճելի եւ ուսուցողական գիրքեր ու ամբողջ տարուան ընթացքին զանոնք տակաւ առ տակաւ ձայնագրեցին խտասալիկներու վրայ:
Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի երիտասարդաց կազմը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը ներկայացաւ մեր համայնքին:
Խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ կազմակերպուած համերգին ընթացքին արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն մը ապագայի համար վառ յոյսերով:
Համայնքային շրջանակները երէկ երեկոյեան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ համախմբուեցան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ:
Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Մոնիք Երկանեանին, որ կոչ ուղղեց մեր դպրոցներու գոյատեւման համար:
Մանկական հիւանդանոցի մը աջակցութեան առաջադրութեամբ, «Նոր կեանքի ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան ի նպաստ խանդավառ երեկոյթ:
Յայտնի մեներգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ երաժշտասէրներուն ներկայացաւ համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ «Միասնութեան շուրջպարով»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
4 ՅՈՒՆԻՍ 2016, Շաբաթ, Էսաեան վարժարանի «ԲԱԺԱԿԻ ՕՐ» է։ Յիշատակներու վերակոչման, ոգեւոր եւ խանդավառ օր մը՝ բոլոր անոնց համար, որ Էսաեան վարժարանէն յիշատակ մը ունին, ապրուած կեանք մը, սիրոյ եւ ջերմ զգացումներու շրջան մը, որ անջնջելի դրոշմ մը թողած է իրենց հոգիին խորը։
Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովը։ Միացեալ Նահանգներէն եւ Պէյրութէն համախմբուած ժողովականներու երկօրեայ աշխատանքին ընթացքին քննարկուեցան հաստատութեան ռազմավարական նախաձեռնութիւններն ու ապագայի վերաբերեալ ծրագրերը։
Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն համար կարգադրութիւն:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս պապական պատուիրակ նշանակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութիւն մը տուաւ Տիարպաքըր:
Ս. Կիրակոս եկեղեցին ներկայիս ունի անմխիթար վիճակ, անհրաժեշտ են բարեզարդութեան աշխատանքներ:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար կը հակազդեն Գերմանիոյ խորհրդարանի նախաձեռնութեան դէմ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Այս որոշումով մեր պատմութիւնը պիտի չփոխուի»:
«Եռագոյն» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան երեսուն հրթիռներ ինկած են։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր։