Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի դուստրը՝ Սիւմէյյէ Էրտողան շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ամուսնացաւ Սելչուք Պայրաքտարի հետ։ Այս առթիւ Իսթանպուլի մէջ բազմահազար հրաւիրեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հարսանեկան արարողութիւնը, որ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ երաժշտական մարաթոն մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Բեմը քեզի կը սպասէ… դո՛ւն ալ մասնակցէ՛» կարգախօսով։ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ այս առթիւ տողանցեցին 154 փոքրիկ կամ պատանի երաժիշտներ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Նորածինը կաթին կը փարի ով ալ ըլլայ մատակարարողը, քանի որ տակաւին աչքերը իսկ չեն բացուած. սակայն Պէտքը զինք կ՚առաջնորդէ: Պէտքէն կը յառաջանայ կախուածութիւնը. այս է կենդանական աշխարհի բնական ընթացքը:
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաստատեցին, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Վիեննա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ նախատեսուած են շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին աստուածային գալուստը քարոզուած է բոլոր մարգարէներու կողմէ, բայց կատարելապէս անոր գալստեան մասին առաքեալներուն պատմեց Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, մինչ իր տնօրինական փրկարար չարչարանքները կը կրէր, որպէսզի ճանչցուի Հոգիին էութիւնը եւ անով մխիթարուին անոնք։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին կանոնաւոր թափով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմին հետեւողներուն համար Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի տարբեր ճակատները դարձան իսլամամէտ խմբաւորումներու «սպասուած դրախտ»: Արաբերէնով եւ թրքերէնով՝ ճեննէթ: Այդ դրատին համար Միջին Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ Եւրոպայի ցամաքներէն հազարաւոր իսլամամէտներ Սուրիա հասնելով պատերազմ մղեցին Սուրիոյ նախագահին առաջնորդած բանակին դէմ:
Թրքահայ սանուց միութիւններուն եւ զանազան ակումբներուն պատասխանատուներուն զօրակոչը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հերթական անգամ կանգ առաւ երիտասարդները մեր մշակոյթին հաղորդ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ժողովականները կը նախատեսեն թափ տալ նոր սերունդին ուղղեալ ծրագրերուն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այց մը տուաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։
«Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» համադաշնակցութեան կողմէ այց:
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ համերաշխութեան վրայ:
ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարիներուն հանրութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ արշաւեց Դիմատետրի եւ համացանցի միջոցով հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւն քաղելու:
Համակրելի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու երէկ անհատական ցուցահանդէս մը բացաւ Պէյօղլուի մէջ։ Իտալական մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որ ձօնուած է Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Վարժապետեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ այս երեկոյ տեղի կ՚ունենայ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը։
Էսաեան վարժարանի ընտանիքը ներկայիս մեծ հպարտութիւն կ՚ապրի իր շնորհալի սաներէն Գարին Էօճալի նուաճումներով։ Սա բառին ամբողջական իմաստով հպարտութիւն մըն է, որովհետեւ Գարին Էօճալ կու գայ ապացուցանել, թէ յամառ աշխատանքով ու եռանդով հնարաւոր կ՚ըլլայ կեանքի մէջ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արուեստականութիւն», մանաւանդ մեր դարուն, բնութեան դէմ մարդուս հռչակած ճակա՛տն է, որ պայքար մը, մրցակցութիւն մըն է նաեւ մարդուն եւ բնութեան միջեւ։ Արուեստականութիւն կը նշանակէ՝ անբնականութիւն, կեղծ, կեղծուած՝ նմանը բայց ո՛չ իրականը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անցեալ Ապրիլի առաջին օրերուն Արցախի սահմաններուն վրայ չորսօրեայ անակնկալ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ իրապէս ազգովին դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուէինք: Լուրջ, նոյնքան ալ՝ վտանգաւոր:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Եւրոտեսիլի երկրպագուները ժամադրուած էին իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն դիմաց ըմբոշխնելու հեռարձակումը Եւրոտեսիլ միջազգային երգի մրցոյթին։
Հրատարակիչ Օսման Քէօքէր երէկ երեկոյեան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի «Լոքալ»ին մէջ։