Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեկ­նե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ իր հետ ու­նե­նա­լով Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեանն ու Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեա­նը։ Հայր Սուր­բը եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն շփում­ներ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի Նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը վա­ղը ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Իս­թան­պու­լի մէջ, Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հետ հա­մա­տեղ։ Իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան Նա­յի­րեան աշ­խար­հի ա­ռաս­պե­լին հա­ղորդ դառ­նա­լու, ինչ որ ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կ՚այ­ցե­լէ Սուրբ Ե­րու­սա­ղէմ։ Ծա­նօթ է, որ Սուրբ Քա­ղա­քին մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին այս Կի­րա­կի պի­տի տօ­նախմ­բէ Ս. Զա­տի­կը, ըստ հին տո­մա­րի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Հա­պա ե­թէ գան եւ մեզ ջար­դե՞ն...»։
Նի­կո­սիա, Կիպ­րոս։ Աշ­խա­տան­քա­յին գրա­սե­նեա­կիս կից­՝ ակ­նո­ցի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող դրա­ցիս է

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր եւ ութ­սուն հրա­տա­րակ­չա­տու­ներ՝ քսան տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած՝ մաս կազ­մե­ցին Պահ­րէյ­նի թա­գա­ւո­րու­թեան 17-րդ Մի­ջազ­գա­յին գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 24-Ապ­րիլ 3 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Պահ­րէյ­նի Ազ­գա­յին թան­գա­րա­նի մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սի սրա­հին մէջ՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Թէ­քէեան» տա­րե­կան մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Թէ­քէեան» մշա­կու­թա­յին միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան դափ­նե­կիր­նե­րը Ե­րե­ւա­նի «Թէ­քէեան» կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ստա­ցան ի­րենց մրցա­նակ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սա ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ ա­մէն ճշմար­տու­թիւն յա­ճախ քօ­ղի մը ե­տին ծած­կուած կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի բա­ւա­կան չէ՛ ճշմար­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը, էա­պէս ներ­կա­յու­թիւ­նը. պէ՛տք է որ ա­նոր վրայ փռուա­ծը վեր­ցուի եւ ծած­կուա­ծը բա­ցա­յայտ­նուի։ Ճշմար­տու­թիւ­նը՝ ի­րա­պէս «ճշմար­տու­թի՛ւն» է, երբ կը տես­նուի իր ճշմա­րիտ ե­րե­սով եւ ոչ թէ՝ քօ­ղա­րուած եւ ծած­կուած

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը երէկ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը:
Շարլ Ազնաւուր տպաւորուած. «Տարիներ առաջ նման բան չկար Հայաստանի մէջ, շատ լաւ գործ կ՚ընէք»:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջ գիշերը խտացեալ ձեւով ռմբակոծեցին Արցախը՝ թիրախաւորելով բնակավայրերը. կան զոհեր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ամէն պահ պատերազմ կրնայ ծագիլ»:
Ստեփանակերտ կը զգուշացնէ, թէ Պաքուի իշխանութիւնները կը փորձեն վերջնականօրէն խափանել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը:

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նա­հայ օգ­նու­թեան խա­չի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ «Ա. Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի նա­խազ­գու­շա­կան բա­ժան­մուն­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ինչ­պէ՞ս պաշտ­պա­նուիլ շրջա­պա­տի ման­րէ­նե­րէն­ներ» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն, զոր ներ­կա­յա­ցուց հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զի մաս­նա­գէտ Վեր­ժին Սա­րա­ֆեան-Խոր­շի­տեան:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն յատ­կաց­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 428 մի­լիոն­նոց բա­ժի­նը պի­տի յատ­կա­ցուի Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Գեր­մա­նիոյ Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 1 մի­լիա­ռը պի­տի տրա­մադ­րուի ԵՄ-ի հա­սա­րա­կաց պիւտ­ճէէն, իսկ մնա­ցեալ 2 մի­լիառ եւ­րոն պի­տի տրա­մադ­րեն ան­դամ եր­կիր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ երկ­րի հայ հա­մայն­քը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել անն­կա­րագ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րը ե­րէկ դար­ձեալ են­թար­կուե­ցան հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ Թուր­քիա այս օ­րե­րուն կ՚ո­րո­նէ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջոց­ներ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն Սու­րիոյ սահ­մա­նա­կից Քի­լի­սի մէջ ստեղ­ծուած է ար­տա­սո­վոր կա­ցու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը ռմբա­կո­ծեն այս քա­ղա­քը, ուր ցարդ շուրջ եր­կու տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­ներ զո­հուած են։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով:
Հանրապետութեան նախագահը Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շուրջ մէկ ժամուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ֆրանսայի Պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նի Հա­լա­պեան փո­ղո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը։ Փո­ղո­ցի թիւ 11 շէն­քին մօտ օ­թօ­պիւ­սի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով եր­կու հո­գի զո­հուե­ցաւ, կան նաեւ վի­րա­ւոր­ներ։ Հա­լա­պեան-Ար­զու­մա­նեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին՝ «Նիգ» սրճա­րա­նի մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ այս պայ­թու­մը, որ­մէ ան­մի­ջա­պէս վերջ սկսան փրկա­րա­րա­կան եւ քննչա­կան աշ­խա­տանք­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ պտոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­նի­գիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ ա­նոնք ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Թրքահայ գեղարուեստասէրները կը սպասեն Հինգշաբթի օրուան ձեռնարկին:
«Մարալ»ի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը, որու անդամներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ բարիգալստեան ընթրիք մը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց խումբ մը հաշ­ման­դամ պա­տա­նի­ներ։ Ի ծնէ հաշ­ման­դամ եւ ման­կա­կան ու­ղե­ղա­յին կա­թուա­ծէ տա­ռա­պող Աշ­տա­րակ քա­ղա­քի բնա­կիչ Դա­ւիթ եւ Յաս­միկ Խա­չատ­րեան­նե­րը կը պատ­րաս­տուին դար­ման­ման հա­մար մեկ­նիլ Գա­նա­տա եւ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած էին՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Ա­գեան պատ­կե­րաս­րահն ու Ան­տի­կեան պատ­կե­րաս­րա­հը ներ­կա­յա­ցու­ցին Ա­րա­րատ Սարգ­սեա­նի «Ո՛ւր փնտրել դրախ­տը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Էջեր