Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ժա­մա­կար­գու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­մա­սա­ցու­թիւն, ծէս, ժա­մե­րու դա­սա­ւո­րում։ Ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով՝ ժա­մե­րու, այ­սինքն ժա­մեր­գու­թեան եւ ժա­մա­սա­ցու­թեան, պաշ­տա­մուն­քի յա­տուկ ե­կե­ղե­ցա­կան կարգն է։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­նի ժա­մեր­գու­թեան յա­տուկ կար­գը։ Ուս­տի կ՚ար­ժէ ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը դի­տել ան­գամ մըն ալ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան տե­սան­կիւ­նէն եւ տես­նել, թէ ինչ­պէս հա­սած ենք ներ­կայ վի­ճա­կին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ա­շա­կերտ­նե­րը գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րե­ցին ծա­ռա­տունկ, ինչ որ հա­ճե­լի ու ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Ռուստամ իր յուշերուն մէջ յստակօրէն կը նշէ, թէ ղարաբաղցի հայ է:

Mirrorspectator.com կը հա­ղոր­դէ, որ Քաթ­րին Քար­փենթ­րի կող­մէ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նուած եւ Ա­րա Ղա­զա­րեա­նի խմբագ­րու­թեամբ ու նե­րա­ծա­կա­նով «Ռուս­տա­մի յու­շե­րը. Նա­փո­լէո­նի մեմ­լուք կայ­սե­րա­կան թիկ­նա­պա­հը» գիր­քը (The memoirs of Roustam: Napoleons Mamlik Imperial Bodyguard) ո­րոշ գա­ղա­փար կու տայ Օ­նո­րէ տը Պալ­զա­քի, Լեւ Թոլս­թո­յի եւ Ֆիո­տոր Տոս­թո­յեւս­քիի կող­մէ իբ­րեւ տի­պար օգ­տա­գոր­ծուած եւ բազ­մա­թիւ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու կող­մէ նկա­րուած Ռուս­տա­մի հե­տաքրք­րա­կան եւ բարդ կեան­քին մա­սին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը խորհր­դա­տու մը նշա­նա­կած է իր Հա­յաս­տա­նի ծրագ­րե­րուն հա­մար։ Այդ պաշ­տօ­նը յանձ­նուած է Տքթ. Հա­մա­զասպ Դա­նիէ­լեա­նին, որ սկսած է գոր­ծել տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս, Հա­յաս­տա­նի մէջ Մար­տի 20-ին պի­տի նշուի  Ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն այց մը տուաւ Լի­բա­նան։ Այս շրջագ­ծով Ար­ցա­խի վար­չա­պե­տին կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը եր­կու ա­ռիթ­նե­րով գտնուե­ցաւ Ան­թի­լիա­սի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Եւ­րո­պա­յի ըմբ­շա­մար­տի ա­խո­յե­նու­թեան մաս­նա­կից Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը ար­ձա­նագ­րեց ա­նան­տե­սե­լի յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Վար­շամ Բո­րա­նեան մրցա­շար­քի ըն­թաց­քին նուա­ճեց ոս­կէ մե­տայլ։ Ար­թուր Ա­լիք­սա­նեան եւ Ռո­ման Ա­մո­յեան նուա­ճե­ցին ար­ծա­թէ մե­տայլ, իսկ Կա­րա­պետ Չա­լեան՝ ա­պա­հո­վեց պրոն­զէ մե­տայլ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Մարտ 14-15-ի գի­շե­րը Լիո­նի մէջ վախ­ճա­նած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Տ. Դա­ւիթ Արք. Սա­հա­կեան։ Յետ եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան ան 81 տա­րե­կան հա­սա­կին հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ երկ­րա­ւոր կեան­քէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ման­ման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ան­ցեալ Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան, Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած էր ի պա­տիւ մե­ծա­նուն վար­պե­տին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, թէ ե­րէկ հռչա­կա­ւոր մոր­թա­բան Փրոֆ. Յա­կոբ Կո­թո­ղեա­նի Է­միր­կեա­նի բնա­կա­րա­նին վրայ գոր­ծուած է յար­ձա­կում մը։ Յետ­մի­ջօ­րէին պա­տա­հած դէպ­քին ըն­թաց­քին իր կո­ղա­կի­ցը՝ Սիւ­զան Կո­թո­ղեան բռնու­թեան են­թար­կուած է յար­ձա­կող­նե­րուն կող­մէ ու վի­րա­ւո­րուած՝ լրջօ­րէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Տանըլտ Թուսք երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վարչապետ Տավուտօղլու կողմէ:
Թուրքիա եւ Եւրոմիութիւնը ահաբեկչութեան դէմ հանդէս կու գան միասնականութեամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ եւ աւարտեց Աթէնքի շփումները:
«Հայաստան պատրաստ է ընդունիլ այն բոլոր սուրիահայերը, որոնք որոշած են հեռանալ Սուրիայէն»:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օ­րերս մա­մու­լը հե­ղե­ղուե­ցաւ բրի­տա­նա­ցի յայտ­նի բնա­գէտ-տե­սա­բան, տիե­զե­րա­բան Սթի­ւըն Հաու­քին­կի մէկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, որ նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կա­նը կա­տա­րած է Global Teacher Prize մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն հրա­պա­րակ­ման նուի­րուած իր ու­ղեր­ձին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Այս­պէս, ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին դպրո­ցի 8-րդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թին եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Այս տա­րի Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս մրցոյ­թը, ո­րու ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­զա­տու­թիւն»ը իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նալ գոր­ծե­լու կամ չգոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Ա­զա­տու­թեան այս բա­ցատ­րու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար կ՚են­թադ­րէ բա­նա­կա­նու­թիւն՝ խոր­հե­լու եւ մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Փոր­թու­գա­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­տուոյ հիւ­պա­տոս մը նշա­նա­կած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, դես­պան Մա­րիօ Կու­տի­նիօ տէ Մար­թո­սի մի­ջո­ցաւ պա­տուոյ հիւ­պա­տոս նշա­նա­կուած է Սա­մուէլ Սա­մուէ­լեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Ռուսաստանի զօրքերը այս առաւօտեան դրութեամբ սկսան հեռանալ Սուրիայէն:
Ժընեւի մէջ կը շարունակուին ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տար Պա­քու, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուէր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին հին­գե­րորդ ժո­ղո­վը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ խորհր­դա­կան նշա­նա­կած է մեր հա­մայն­քէն Սի­րան Սուր­քին։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Սի­րան Սուր­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն գծով եւ քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին հետ պի­տի աշ­խա­տի՝ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու շուրջ։

Էջեր