Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Ս. Սար­գի­սի տօ­նին` Յու­նուա­րի 23-ին, «Մենք մեր զի­նուո­րի կող­քին ենք» ծրա­գի­րի ծի­րէն ներս՝ Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի պար­գե­ւատ­րէ զի­նուոր­նե­րը: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րած է Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պետ­րոս Ա. Քա­հա­նայ Մա­լեան։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս» ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Լե­ւոն Զու­րա­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նի Սուր թա­ղա­մա­սէն ներս անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ար­դէն օ­ղա­կի մէջ առ­նուած են եր­կու թա­ղա­մա­սե­րէ ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղար Ան­նիկ Ժի­րար­տէն այ­սօր կը ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան։ Զար­գաց­ման ու ֆրան­սա­խօ­սու­թեան հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տու ֆրան­սա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին Հա­յաս­տա­նի շփում­նե­րը կը տե­ւեն եր­կու օր։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հա­սաւ Թուր­քիա, իր կո­ղակ­ցին հետ։ Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նի ծրա­գի­րը ան այ­սօր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

​Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք գոլէճը այս օրերուն կը հիւրընկալէ սփիւռքահայ բազմաթիւ մտաւորականներ:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ քննարկումներուն ներկայ է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան:

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Մեթէ Չուպուքճուի ելոյթը:
«Սահմանի պարագան ունի լուրջ կարեւորութիւն։ Թուրքիա մեծ երկիր մըն է։ Ինքնավստահութեան տէր երկիր մը չի կրնար սահմանը փակել՝ ինքզինքը ուրիշներուն կապելով»:

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մա­հա­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն Ժիլ­պէռ Բա­րու­նա­կեան, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնուէր դար­ման­ման տակ։ Ան տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած էր մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Յու­նուա­րի 5-ին, ՌԱԿ-ի Պէյ­րու­թի «Պայ­քա­ր» ա­կում­բը իր հա­ւա­տա­ւոր ան­դամ­նե­րուն ու հա­մա­կիր­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նար վե­րա­կանգ­նող ո­գիով, նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու յան­դուգն կե­ցուած­քով ու գա­ղա­փա­րա­կան շրջա­նա­կի կար­գա­պահ գի­տակ­ցու­թեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ վեր­ջերս նոյն դպրո­ցէն ներս դա­սա­խօ­սած էր՝ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին մա­սին։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­ւատ­քի մա­սին յա­ճախ կը խօ­սինք՝ ի՛նչ որ բնա­կան է, քա­նի որ հա­ւատ­քը՝ պայ­մա­նա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է, ան քրիս­տո­նէա­վա­յել գոր­ծու­նէու­թի՛ւնն իսկ է։ Հա­ւատ­քը ա­մէն պահ մե­զի հետ է՝ կեան­քին հետ հա­մըն­թաց կը քայ­լէ մե­զի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւագ դա­տա­խազ Փե­թէր Ֆրանք ե­րէկ այ­ցե­լեց Իս­թան­պուլ։ Սուլ­թա­նահ­մէ­տի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Փե­թէր Ֆրանք հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տէն ներս, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ փոխ-ա­ւագ դա­տա­խազ Օր­հան Քա­փը­ճըի եւ հե­տաքն­նու­թեան ձեռ­նա­մուխ դա­տա­խազ Ապ­տուլ­լահ Եուրտ­սե­ւէ­րի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուաւ Փոտ­կո­րի­ցա, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Քա­րա­տա­ղի Նա­խա­գահ Ֆի­լիփ Վուեա­նո­վի­չի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ Նալ­պան­տեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կը գտնուի Տա­ւո­սի մէջ, ուր կ՚ու­նե­նայ նաեւ շարք մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­նե­րու եւ թէ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Տա­վու­տօղ­լու, որ կը հե­տե­ւի ծան­րա­բեռ­նուած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը՝ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­նե­րով։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ցիւ­րի­խի մէջ։ Այս առ­թիւ ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շքեղ արարողութիւն մը:
«Գիտական նոր նուաճումը կամ արուեստի նոր ստեղծագործոթիւնը իսկական գնահատականը կը ստանայ, երբ կ՚անցընէ ժամանակի քննութիւնը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սաւ Պէ­շիկ­թաշ ա­կում­բին հետ։ Ծա­նօթ է, որ Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ նախ­կին թրքա­հայ մըն է, ծնած է Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, եւ ա­ւե­լի վերջ հա­սած է Հո­լան­տա­յի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Իւնալ Չեւիքէօզի ելոյթը:
«Այսօր Թուրքիոյ սահմանները բաց են այնպիսի հարեւան երկիրներու հետ, ուրկէ սպառնալիքներ կու գան իր ազգային անվտանգութեան դէմ։ Հետեւաբար, անընդունելի կը համարեմ Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալը», կ՚ըսէ վաստակաւոր դեսպանը՝ մեկնաբանելով այժմու իրադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կը մեկ­նի Լոս Ան­ճե­լըս, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

ԱՆ­ՆԱ ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը բնու­թագ­րող ա­մե­նաազ­նիւ ու հա­րուստ բնա­գա­ւառ­նե­րէն է եր­գա­րուես­տը: Հայ եր­գը ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն՝ ընդգր­կե­լով հո­գե­ւո­րէն մին­չեւ ա­շու­ղա­կան, ժո­ղովր­դա­կա­նէն՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան, դա­սա­կա­նէն՝ քա­ղա­քա­յին ֆոլք­լոր ե­ւայլն:

Էջեր