Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

19-րդ դա­րուն աղ­ջիկ­նե­րը տղոց հա­ւա­սար ու­սում չէին ստա­նար: Հա­րուստ­նե­րու աղ­ջիկ­նե­րը քիչ մը հա­յե­րէ­նի եւ քիչ մըն ալ ֆրան­սե­րէ­նի անձ­նա­կան դա­սեր կ’առ­նէին, իսկ աղ­քատ­նե­րը ա­տոնց­մէ ալ զրկուած էին:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան Հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նին կից գոր­ծող Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու կեդ­րո­նի տնօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի Գրա­դա­րա­նա­յին միու­թեան վար­չու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեա­նի հետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի զրոյ­ցը ա­ռա­ւե­լա­բար կը վե­րա­բե­րի իր ղե­կա­վա­րած կեդ­րո­նի տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կերպուած պաս­քեթ­պո­լի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րը ե­րէկ ապ­րե­ցան յատ­կան­շա­կան օր մը։ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս, «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ ա­նոնք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէին ի­րենց հեր­թա­կան պարապ­մունքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ բիւր յար­գան­քով ո­գե­կո­չուե­ցան բա­րե­յի­շա­տակ Յով­հան­նէս եւ Մկրտիչ Է­սաեան հա­րա­զատ­նե­րը, ո­րոնք յա­րա­կից Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր­ներն են։ Այս առ­թիւ Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քը հեր­թա­կան ան­գամ իր խո­նար­հու­մը բե­րաւ հիմ­նա­դիր հա­րա­զատ­նե­րու բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ու վե­րա­նո­րո­գեց ա­նոնց նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան:
Աշակերտները օրուան յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով՝ շեշտելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ անդրադարձաւ շարք մը հրատապ համայնքային հարցերու:
«Յովակիմ 1461» նորահաստատ հիմնարկի պաշտօնական վաւերացումը վերջնականօրէն ապահովուեցաւ: Պատրիարքարանը անվճար պիտի կատարէ մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւններն ու մկրտութիւնները: Ընդհանուր Փոխանորդը կը խոստանայ կրթաթոշակներ:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան՝ ՃՀՓ­-ի հեր­թա­կան հա­մա­գու­մա­րը։ «Ա­թա­թիւրք» մար­զա­դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ար­դիւն­քին Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու վե­րընտ­րուե­ցաւ կու­սակ­ցա­պետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Պրիւք­սէլ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն խոր­հուր­դի 16-րդ նիս­տին։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Լոն­տոն։ Իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րը­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

«Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­-չա­տու­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յած է «Քե­շիշին թո­րուն­­լա­րը» գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Քեա­զըմ Կիւն­տո­ղան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, Բան­կալթիի մէջ, «Galeri Birzamanlar»ի եր­դի­քին տակ շնոր­հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քին շուրջ, ո­րու նիւ­թը կը վե­րա­բե­րի Տեր­սի­մի եւ շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան հետ­քե­րուն եւ ան­ցեա­լին այն­տեղ բնա­կած հա­յու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան Պէ­յօղ­լուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մա­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ան­մո­ռա­նա­լի ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, «Մա­րի» ճա­շա­րա­նի եր­դի­քին տակ, Ակ­նէս Յա­կո­բեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ե­րե­կոյթ մը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Գա­լի­ֆո­րնիա­յէն հռչա­կա­ւոր ու­տա­հար Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի թրքերէն տարբերակին առաջին ցուցադրութիւնը՝ Պատմութեան հիմնարկէն ներս:
Տիգրան Պասկեւիչեան. «Ֆիլմի արտադրական ստեղծագործական աշխատանքին բոլոր մասնակիցները կը բաժնէին այն հասարակաց համոզումը, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ բոլոր հարցերուն համար լուծումներ կրնան գտնուիլ միջպետական հարթութեան վրայ երկխօսութեան մը միջոցաւ:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հպար­տու­թեան մա­սին յա­ճախ կը խօ­սինք, քա­նի որ ան մարդ էա­կին կեան­քին ան­բա­ժան մէկ զգա­ցումն է, եւ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ա­նոր ա­մէ­նու­րեք։ Հպար­տու­թիւ­նը՝ պար­ծանք, գո­ռո­զու­թիւն, պա­տուի զգա­ցում մըն է, որ կը նմա­նի ա­ւա­զի վրայ հաս­տա­տուած՝ ա­ռանց հիմ­նա­քա­րի բարձ­րա­ցած շէն­քի, որ ի վեր­ջոյ քա­րու­քանդ ըլ­լա­լու, փուլ գա­լու դա­տա­պար­տուած է։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Նիւ Եորք քա­ղա­քի սրտին վրայ կա­ռու­ցուած Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ գե­ղա­կերտ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րին մէջ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշուե­ցաւ մեր Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­տ-ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը մեր ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը հան­դի­սա­ցած է ի­րա­կան կրթա­կան օ­ճախ մը, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին ան­դաս­տան մը եւ լոյ­սի կեդ­րոն մը՝ հայ տու­նին, հայ ըն­տա­նի­քին հա­մար։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

​Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ ձեռնարկ։
Աւետարանական առաքելութեան, հոգեւոր շարժման եւ կրօնական զարթօնքի խաչմերուկը՝ Պըրպենքի դիտանկիւնէն։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Կի­լի­կիոյ Լե­ւոն Ա. հա­յոց թա­գա­ւո­րի (1198-1219) գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին պատ­կա­նող հայ­կա­կան ծայր աս­տի­ճան հա­զուա­գիւտ ոս­կէ մե­տա­ղադ­րամ մը առ­ցանց ա­ճուր­դի մը ար­դիւն­քին վա­ճա­ռուե­ցաւ 40 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի փո­խար­ժէ­քով։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գսեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Ե­գիպ­տո­սի նո­րան­շա­կան դես­պան Թա­րըք Մաա­թին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին, որ իր հեր­թին խոս­տա­ցաւ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նել՝ նպաս­տե­լու հա­մար հայ-ե­գիպ­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծաղիկներ թողուց Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ բաժնած են Թուրքիոյ ցաւը:

Էջեր