Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կին վրայ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն վերջ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը Սուլ­թա­նահ­մէ­տի դէպ­քէն ի վեր տուած է ծանր կո­րուստ­ներ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­փո­փոխ կը մնայ 1915-ի շուրջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը, որ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թի Ան­գա­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Օ­քան Միւ­տեր­րի­սօղ­լուին, անդ­րա­դար­ձած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Ենիգիւղի Փանայիա յունաց եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ տարուած ծրագրին երէկուան վերջին աշխատանոցը
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած նախագծին շրջագրով Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան խօսեցաւ Պատրիարքարանի մօտեցումներուն մասին:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Ուք­րայ­նոյ ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ընդգ­ծած են Մինս­քի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ա­նոնց կա­տար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս յայտ­նեց, որ մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան ըն­թա­ցա­կար­գե­րու պար­զե­ցու­մով կը նա­խա­տե­սեն զար­գաց­նել զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը։ Փա­րի­զի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նպա­տակն է մին­չեւ 2020 թուա­կա­նը Ֆրան­սա այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը հասց­նել տա­րե­կան 100 մի­լիո­նի։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Թուրքիա եւ Գերմանիա Սուլթանահմէտի հրապարակի ահաբեկչութենէն վերջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ այցելեց դէպքի վայր, նաեւ վիրաւորեալ զբօսաշրջիկներու դարմանուած հիւանդանոցը:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Կեսարիոյ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ընթացքին Եոզղատ հաստատուած հայ գաղթականները խօսեցան իրենց սպասումներուն շուրջ:
Ընդհանրապէս արհեստաւորներու ընտանիքներ, որոնք դիմած են՝ մեկնելու համար դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Եոզ­ղատ-պու­րուն­քըշ­լա­ցի հա­յե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Յով­սէփ Ար­զու­ման եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը նա­խըն­թաց օր Կե­սա­րիոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն խոյս տա­լով Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար մա­տու­ցուած Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գին։ Ծա­նօթ է, որ ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից գաղ­թա­կան­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը ներ­կա­յիս կ՚ապ­րին Եոզ­ղա­տի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ա­զատ օ­րը, ա­զատ սէ­րը, ա­մէն բա­րիք
իր ձեռ­քին,
Տան­ջում, տանջ­ւում, ո­րո­նում է ու
դժբախտ է նա կրկին.
Է՜յ ան­խելք մարդ, ե՜րբ տի թող­նես
ապ­րողն ապ­րի սրտա­լի,
Երբ տի ապ­րես ու վա­յե­լես էս
աշ­խարհ­քը շէն ու լի:
Յ. ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ե­զա­կի ե­րե­կոյթ մը։ Այս շրջագ­ծով հայ եւ յոյն ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­ներ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ փայ­լուն հա­մեր­գով մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գագիկ Գէորգեան. «Հիասթափութիւնը առաւելապէս առընչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն հետ»:
Յայտնի քանդակագործը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բաժնելով իր դիտարկումներն ու մեկնաբանութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան մա­սին, սա­կայն պէտք է բնա­կան նկա­տուի այս, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան մէկ տարրն է կեան­քին, եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ միշտ կը դի­մա­ւո­րուինք այս գա­ղա­փա­րով։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի մաս­նա­ճիւ­ղի (UCLA) տնօ­րէ­նու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ հա­մալ­սա­րա­նի եր­կա­րա­մեայ դա­սա­խօս­նե­րէն՝ Փրոֆ. Էն Գա­րա­կէօ­զեան, նշա­նա­կուած է Ու­սում­նա­սի­րա­կան հար­ցե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր փոխ-տ­­նօ­րէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 40-րդ տա­րեշր­ջա­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով ու­սում­նա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան իր փայ­լուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­ռաջ­նա­կարգ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն՝ նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ ձեռք­բե­րում­նե­րու լայն հե­ռան­կար­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ե­րէկ Հին տո­մա­րի հա­մա­ձայն եւս նշուե­ցաւ Ա­մա­նո­րը։ Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ ա­մէն տա­րե­մու­տին տօ­նա­կան շրջա­նը եր­կա­րաձ­գուի՝ Ա­մա­նո­րի եւ հին ա­մա­նո­րի միա­ցու­մով, մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու շաբ­թուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծով մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պիտի փորձէ աւելի խտացեալ աշխատանք տանիլ նախագահներուն հետ:
Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմ մը կ՚աւերէ ամբողջ տարածքաշրջանը»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ ձեռ­նարկ մը։ Ծա­նօթ է, որ ծնո­ղաց միու­թիւ­նը պար­բե­րա­բար յա­ջող ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ, ի նպաստ դպրո­ցին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է գե­ղա­րուես­տա­կան ծրագ­րի մը, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած այս նա­խագ­ծին շրջագ­ծով պի­տի բե­մադ­րուի Հրանդ Տին­քի օ­րա­թո­րիոն։ Ար­դի օ­րա­թո­րիօ մըն է այս մէ­կը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ան­ցեալ աշ­նան ներ­կա­յա­ցուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նը, Նա­զա­րէթ Պա­լը եւ Օ­շին Է­լա­կէօ­զը, ո­րոնց հետ ու­նե­ցանք հա­ճե­լի եւ ան­մի­ջա­կան զրոյց մը։ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը ար­դէն բո­լո­րած է իր գոր­ծու­նէու­թեան 50-ա­մեա­կը եւ վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած է այս հանգ­րուա­նը նշել պատ­շաճ շու­քով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յուզումնախառն արարողութիւններ:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիա հաստատուած հայ գաղթականները երէկ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին մեր հոգեպարար շարականներու կատարումով:

Էջեր