Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) 2016 թուա­կա­նին իր տա­րե­կան նստաշր­ջա­նը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ Թիֆ­լի­զի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղով­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 1-5 Յու­լիս 2016 թուա­կա­նին։ Սա պի­տի ըլ­լայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նս­տաշր­ջա­նը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ 700 քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ աշ­խար­հի 57 եր­կիր­նե­րէն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը պի­տի սկսի հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ՝ 2018 թուա­կա­նին կա­յա­նա­լիք Ֆութ­պո­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լին շրջագ­ծով։ Եւ­րո­պա­յի գօ­տիի E խում­բին մէջ Հա­յաս­տա­նի մրցա­կից­նե­րը պի­տի ըլ­լան Ռու­մա­նիա, Դա­նիա, Լե­հաս­տան, Գա­րա­տաղ եւ Ղա­զա­խիս­տան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

2016 եւ 2017 թուա­կան­նե­րուն յա­տուկ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ ճշդուած հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու օ­րա­ցոյ­ցին մէջ ընդգր­կուե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ յատ­կան­շա­կան եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րու­թեամբ հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աս­տուա­ծա­շուն­չի (1666 թուա­կան) 350-ա­մեա­կը եւ աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի (1817-1900) ծննդեան 200-ա­մեա­կը ընդգր­կուե­ցան վե­րո­յի­շեալ օ­րա­ցոյ­ցին մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը 2016-ին մտադիր է այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Հարցախոյզներու արդիւնքներով՝ մարդկութիւնը լաւ տրամադրուած է Ամանորին:
Աշխարհի բնակչութեան 54 տոկոսը 2016-ի համար ունի լաւատես ակնկալութիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը:
Գոնկրէսականները Յունուարին պիտի անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

2016-ին հա­մայն հա­յու­թիւ­նը պի­տի նշէ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։ Տա­րին յո­բե­լե­նա­կան է այս ա­ռու­մով։ Սեպ­տեմ­բե­րի 21-ին պատ­շաճ շու­քով պի­տի նշուի այս յո­բե­լեա­նը։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ Գաղթականաց յանձնախումբը գործի լծուած:
Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ ընկերակիցները Եոզղատի մէջ տեսակցեցան գաղթականներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հայաստանէն արտագաղթելով Գումգաբու հաստատուած երեք չարքաշ անուններ կը բանեցնեն «Լավաշ» փուռը, որու արտադրանքը արդէն ունի մեծ համբաւ:
Յակոբ Կարապետեան եւ գործակիցները վերջին շրջանին սկսած են պատրաստել նաեւ Սուրբ Պատարագի մասերը՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համար:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ ման­կա­պար­տէ­զի Ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քին առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ տօ­նա­կան ցնծու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու հա­մախմ­բու­մով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

​Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական հաւաքոյթով ողջունեց 2016 թուականը:
Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան ծրագ­րեր, ո­րոնք ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռեն տօ­նա­կան օ­րե­րուն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մեստ խա­ւե­րու գօ­տեպնդ­ման։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ հեր­թա­կան ան­գամ զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած է սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, որ կը դի­մագ­րա­ւէ մեծ ող­բեր­գու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար փո­խան­ցած է Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մին՝ Սու­րիոյ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել՝ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի 24 Մա­յիս 1953 թուա­կիր Կոն­դա­կը՝ ուղ­ղուած Դպրաց Դա­սե­րուն եւ Երգ­չա­խում­բե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան ըն­դու­նե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը կազ­մա­կեր­պուին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի գլխա­ւոր դէմ­քե­րուն կող­մէ։ Այս շրջագ­ծով զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ի պա­տիւ ալ կը սար­քուին ըն­դու­նե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան նաեւ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան սպա­սում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ պատ­գամ­նե­րու փո­խանց­ման։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան դէ­պի Ռիատ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ՝ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման Պին Ապ­տիւ­լա­զիզ Էլ Սուուտ թա­գա­ւո­րի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Էլ Եա­մա­մա պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նա­խա­գա­հին եւ թա­գա­ւո­րին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

​Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքային խոշոր ներդրումային ծրագրերը կ՚ամբողջանան աստիճանաբար:
Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի առաջին հատուածի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պորտիուժա եւս մտահոգուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան սրման պատճառով:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ մղուած պայ­քա­րին շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

Հայաստանի նախագահը մէկտեղուեցաւ մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սերժ Սարգսեան մաղթեց, որ հայ մարզիկները ոսկէ մետայլներ նուաճեն Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ:

Էջեր