Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն կը տրա­մադ­րեն ի­րե­րա­մերժ տուեալ­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­ցին, թէ հա­րուած­ներ հաս­ցուած են հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը փութաց խրախուսելու Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի անձնակազմը:
Ռուս եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ այսօր բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճօ Պայտընի հետ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

​Եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման ուղղեալ ջանքեր:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ դեսպանները անդրադարձան տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերուն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը (www.avc-agbu.org) վեր­ջին տա­րի­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի՝ թէ՛ հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու ար­ժէք­նե­րը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ թէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման նպաս­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Միջ­միու­թե­նա­կան նար­տի մրցա­շար­քի ա­ւար­տա­կան ու եզ­րա­փա­կիչ փու­լի պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սու­թիւ­նը։ Հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին այս տա­րի 19-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քը ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

«Փա­րոս» ամ­սագ­րի ա­ռըն­թեր գոր­ծող հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հե­տաքրք­րա­կան գիրք մը։ 1910 թուա­կա­նին, հո­գե­լոյս Տ. Գրի­գո­րիս Ծ. Վրդ. Պա­լա­քեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Նկա­րագ­րու­թիւն Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն» գոր­ծին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն է այս մէ­կը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րու հի­ման վրայ այս քէր­մէ­սը հան­դի­սա­ցաւ բազ­մա­թիւ թա­ղե­րէ ժա­մա­նած հա­մա­կիր­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

​Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ հերթական անգամ նոյնացաւ մեր համայնքին հետ:
Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի ծախսերը հաւասարակշռելու համար թաղային խորհուրդը միջոց մը եւս պիտի մնայ որոնումներու մէջ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ճամ­բոր­դեց Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով եւ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­լէ վերջ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայ­րա­վանք, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ 9 Դեկ­տեմ­բեր 2015, Չո­րեք­շաբ­թի, իր եր­կու միա­բան­նե­րը՝ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան եւ Տ. Պետ­րոս Վրդ. Մա­նուէ­լեան Իս­թան­պուլ գա­լով մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քած են Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Վերջին շուրջ տասը օրուան ընթացքին Արցախի ճակատին վրայ չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կրակով:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով, Պաքուի կողմէ իրավիճակի սրումը ապտակ է միջազգային հանրութեան դէմ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը Թիւրքմենիստանի մէջ կրկնեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթահարուի միասնական ջանքերով:
Աշխապատի շփումներուն շրջագծով Էրտողան տեսակցեցաւ Պերտիմուհամէտովի, Մարկվելաշվիլիի եւ Ճիհանկիրիի հետ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

«Պողազիչի» համալսարանի Իգական հետազօտութիւններու ակումբին նախաձեռնութեամբ թատերական խանդավառ երեկոյթ։
Ձեռնարկի ընթացքին բեմին վրայ տողանցեցին այն կերպարները, որոնք մանկութեան ու երիտասարդութեան շրջանին ուղեցոյց եղած էին Եսայեանին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րան մըն է՝ մար­դուս ա­ռա­ջին ան­մեղ վի­ճա­կին մէջ իսկ տրուած Աս­տու­ծոյ կող­մէ՝ մարդ ա­րա­րա­ծին. «Եւ չոր­րորդ գե­տը Եփ­րատ է։ Եւ Տէր Աս­տուած ա­ռաւ մար­դը ու Ե­դե­մի պար­տէ­զին մէջ դրաւ, որ­պէս­զի զա­նի­կա մշա­կէ ու պա­հէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ու­րեմն, կը տես­նուի, որ աշ­խա­տան­քը եր­բեք պա­տիժ մը չէ՛ մար­դուն, այլ՝ կո­չում մը, ա­րար­չու­թեան պատ­ճառ եւ հե­տե­ւանք­նե­րէն մի՛ն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Աւանդական բաժակի օրը երէկ սանուց միութեան երդիքին տակ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները:
Յոբելեար դասարանի ընթացաւարտները զիրար վերագտան աշակերտական տարիներու բարձր տրամադրութեամբ եւ դպրոցին նկատմամբ երախտագիտութեամբ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
«Ա­րե­ւել­ք» Հա­լէ­պի իր աղ­բիւ­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցած է  մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի հա­յա­հոծ «Նոր Գիւ­ղ» շրջա­նին մա­սին: Ըստ մեր աղբ­բիւ­րին «Նոր Գիւ­ղ­»ը կամ ա­րա­բա­կան ա­նուա­նու­մով «Հայ Ալ Մի­տա­ն» շրջա­նը  պա­տե­րազ­մա­կան հատ­ման սահ­մա­նա­յին գիծ ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր դրու­թեան հե­տե­ւան­քով դար­ձած է գրե­թէ ան­մար­դաբ­նակ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու նա­խըն­թաց օր Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կերպուած մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը ներ­կա­յա­ցուց Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան գործ­նա­կան ծրա­գի­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ մէկ տա­րուան հա­մար որ­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ վար­չա­պե­տը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նա­խա­տե­սուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ առ­նուե­լիք քայ­լե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

​Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­վար ու­սա­նող­ներ» խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ այս խոր­հուր­դը Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան ու­սա­նո­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն է։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Փե­քին՝ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցին­փի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Փե­քի­նի մէջ Իլհամ Ա­լիեւ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ պե­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով եւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։​

 

Էջեր