Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե՜ր, ա­նար­դա­րու­թիւն­նե՜ր, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե՜ր շատ ան­գամ կը վե­րագ­րուին դրա­մին, բայց ի՜նչ կրնայ ը­նել դրա­մը ինք­նին, կրնա՞յ բա­րի ըլ­լալ երբ զինք գոր­ծա­ծո­ղը չա՛ր է, եւ մո­լո­րած…։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայատառ գիրքերու աշխարհի մեծագոյն պահոցը՝ Հայաստանի ազգային գրադարանը, որ ներկայիս կը գործէ Երեւանի չորս մասնաշէնքերուն մէջ:
Տնօրէն Տիգրան Զարգարեան, որ աւելի քան քսանըհինգ տարուան գրադարանագործութեան փորձառութիւն մը ունի, հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ այս ա­ռա­ւօտ ապ­րուե­ցաւ դէպք մը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը վար ա­ռին սահ­մա­նը խախ­տած ռազ­մաօ­դա­նաւ մը, ո­րու օ­դա­չու­նե­րը փրկուե­ցան ան­կար­գե­լով։ Թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ ճշդել կա­րե­լի չէ ե­ղած սու­րիա­կա՞ն թէ ռու­սա­կան ըլ­լա­լը։ Նախ նշուեցաւ ռու­սա­կան ըլլալը, ապա հերքուեցաւ, իսկ Մոս­կուա­յի պաշտօնական աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ վար առ­նուած օ­դա­նա­ւը ռու­սա­կան էր։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Ան­նա Գէոր­գեա­նի մաս­նա­ւոր թղթակ­­ցու­թիւ­նը Ֆրանք­ֆուր­թէն.-

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ա­ռաս­պե­լա­կան վար­պետ­նե­րէն, աշ­խար­հահռ­չակ եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ռար­կայ դար­ձաւ գեր­մա­նա­ցի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ջերմ հա­մակ­րան­քին։ Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի, Ֆրանք­ֆուր­թի շրջա­նէն ներս իր գոր­ծե­րը նուա­գուե­ցան հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին, Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Գար­թա­լի Ս. Նշան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Կիրա­կի Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին ուրա­րա­կիր Ա­րա Էօզ­կիւն­տիւզ եւ այլ դպիր­ներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց Ալ­թը­մէր­մէ­րի Գլխա­դիր Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, ո­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հետ էր նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

«Է­րաս­մուս+» նա­խա­գի­ծը, որ եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ի գործ կը դրուի Եւ­րո­միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, հեր­թա­կան ձեռ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուց Ֆրան­սա­յի Պոր­տօ քա­ղա­քին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ կռփա­մարտ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան դա­սա­ւոր­ման մէջ WBO վար­կա­ծով աշխար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ջո­ղե­ցաւ պահպա­նել իր տիտ­ղո­սը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Ազգ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Սո­ֆիա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ման­կա­կան Եւ­րո­տե­սիլ-2015» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցուց Մի­քա­յէլ Վա­րո­սեան, որ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած «Love» ա­նուն եր­գով նուա­ճեց երկ­րորդ տե­ղը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

​Տատեան վրժ.ի նոր համալիրին բացումը լաւատեսութեան առիթ հանդիսացաւ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միասնականութեան կոչը բիւրեղացաւ կարեւոր նուաճումի պատկերին վրայ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

​Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչն ու տեղակալը պիտի այցելեն քաղաքս:
Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երկօրեայ խտացեալ ծրագրով մը շփումներ պիտի ունենան թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ: Տեսակցութիւն մըն ալ նախատեսուած է Թուրքիոյ կարգ մը յառաջատար համալսարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, գործակցութեան հեռանկարով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Արցախի պատմական Գանձասարի վանքի համալիրէն ներս նորահաստատ մատենադարան:
Գիտամշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սերժ Սարգսեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր ո­րո­շեց իր ար­խի­ւը յանձ­նել «Տո­ղուշ» խմբա­կին։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը լայն ար­ձագանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ ուր կը շեշ­տուի, թէ մե­ծա­նուն վար­պե­­տին ար­խի­ւը կ՚ար­ժէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 3 մի­լիոն եւ­րօ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ Պեր­լի­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նէ ներս ՆԱ­ԹՕ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ի­րա­կա­նացուող «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» ա­ռա­քե­լու­թեան Հիւ­սի­սա­յին հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կազ­մին մէջ ներգ­րա­ւուած եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու հա­ւա­քին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015

«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուած խորհրդաժողովը համախմբեց հեղինակաւոր մասնագէտներ եւ ազդու գործիչներ:
Փրոֆ. Էլչին Մաճառ զեկուցում մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցեալի մէջ առգրաւուած կալուածներուն կապակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­րե­պաշ­տու­թեան ընդ­հա­նուր եւ հա­սա­րա­կաց կա­նոն մը կը պար­տա­ւո­րէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ձեռն­թափ ըլ­լալ միտ­քի եւ կամ մարմ­նոյ այն բո­լոր զբա­ղում­նե­րէն՝ ո­րոնք կեան­քի նիւ­թա­կան ըմբռ­նու­մին կը վե­րա­բե­րին։ Ա­սի­կա շատ ա­ւե­լի զգա­լի է մա­նա­ւանդ ա­պաշ­խարու­թեան օ­րե­րուն մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին սկսան Ա­մա­նո­րի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ նշուե­ցան թա­ղի դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 124-րդ, Զուարթ­նոց երգչա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 79-րդ եւ Հա­րիւր Ման­կանց երգ­չա­խում­բի ստեղծ­ման 59-րդ եր­րեակ տա­րե­դարձ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015

​Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 149-րդ տարեդարձը երէկ համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ համախմբեց Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:

Էջեր