Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­նե­ւոր ըլ­լալ, հա­րուստ ըլ­լալ, բայց չկորսնց­նել չքա­ւո­րի, աղ­քա­տի ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը… գի­տուն ըլ­լալ, սա­կայն  պա­հել ան­գէ­տի հա­մես­տու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը։ Եւ ի­րա­պէս ե­րա­նե­լի՜ է այն հա­րուս­տը՝ որ չէ՛ կորսն­ցու­ցած աղ­քա­տի ազ­նուու­թիւնն ու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, եւ դար­ձեալ ո՜ր­քան գնա­հա­տե­լի է եւ վստա­հե­լի այն գի­տու­նը՝ որ կը պա­հէ ան­գէ­տի հա­մես­տու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Հա­յաս­տա­նի տղոց եւ աղջ­կանց ծան­րա­բար­ձու­թեան հա­ւա­քա­կան­նե­րը Քա­զա­նէն (Ռու­սաս­տան) մեկ­նե­ցան Հիուս­թըն (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ):

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հա­լէ­պա­հայու­թեան հա­մար պատ­մա­կան եւ ո­գե­ղէն ար­ժէք ու­նե­ցող Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց ե­կե­ղե­ցին հա­կա­ռակ ծանր ա­ւե­րա­ծու­թեան կը շա­րու­նա­կէ մնալ կան­գուն: «Ա­րե­ւելք» այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցաւ Հա­լէ­պի իր աղ­բիւր­նե­րէն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2015 թուա­կա­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռի մրցա­նա­կը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ձե­ռամբ այս տա­րուան մրցա­նա­կը յանձ­նուե­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ մաս­նա­գէ­տի մը՝ Եւ­կե­նի Քաս­փերս­քիին, որ հե­ղի­նա­կու­թիւն մը կը նկա­տուի սի­պէր անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդին անդրանիկ նիստը:
Ռիչըրտ Միլսի խօսքերով, գործարարութեան բնագաւառէն ներս հաւասար պէտք է ըլլան բոլոր երկիրներուն ընկերութիւնները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Ֆրանսուա Օլանտ մինչեւ ամսավերջ պիտի տեսակցի Պարաք Օպամայի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով Փարիզ կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Թուրքիա եւ ԱՄՆ շարժման կ՚անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով:
Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պիտի կատարուին միասնական գործողութիւններ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի աշխատաքը պաշտօնապէս սկսաւ՝ երեսփոխաններու երէկուան երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Խորհրդարանի ամպիոնին մօտ իրենց երդումը կատարեցին նաեւ թրքահայ երեք պատգամաւորները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն ա­տամ­նա­բոյժ Ռու­տի Պօ­յա­ճեան կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած է իր մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ։ Այս­պէս, հա­մա­պա­տաս­խան քննու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ան նուա­ճած է Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միրն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Թա­ղա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շա­բա­թա­վեր­ջին «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի խորհր­դա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած է «Ոչն­չա­ցուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ-իս­լամ­նե­րու ստա­ցուած­քը՝ ուշ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ վաղ Հան­րա­պե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

​Տասն­չորս տա­րի ա­ռաջ` 9-11-ի ա­տեն ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու աշ­խարհ չկար: Օ­րին աշ­խար­հը ա­հա­ւոր ո­ճի­րէ մը ցնցուե­ցաւ, եւ կա­րեկ­ցա­կան մթնո­լորտ կը տի­րէր ա­մէն տեղ, ա­մէն մարդ կը դա­տա­պար­տէր այդ հա­կա­մարդ­կա­յին բռնա­րար­քը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր այ­լեւս Պել­ժիոյ Թա­գի շքան­շա­նի աս­պետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդ­մամբ, Ազ­նա­ւուր կոչ­ման ար­ժա­նա­ցած է Նո­յեմ­բե­րի 16-ին, Պրիւք­սէ­լի Egmont Palace-ի մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ճուր­դի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն «Տո­րո­թէում»ի Փրա­կի մաս­նա­ճիւ­ղը վա­ճառ­քի դրած է աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի «Վե­զիւ­վի տե­սա­րա­նը» կտա­ւը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­նա­կան է, որ Այ­վա­զովս­քիի այս գոր­ծին ա­ճուր­դը տե­ղի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 28-ին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Պա­հե­ցո­ղու­թիւն»,  իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ինք­զինք ա­զատ կա­ցու­ցա­նել այն բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րէն, գո­րծե­րէն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ո­րոնք ի­րենց բնու­թեամբ իսկ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան մարմ­նա­ւոր եւ հո­գե­կան սրբաց­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կեց նո­րըն­տիր ե­րես­փո­խան­նե­րու երդ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով։ Ե­րէկ գու­մա­րուած խորհր­դա­րա­նը մեծ նե­րուժ մը ու­նի՝ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին երկ­րի կա­յու­նու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ նուի­րու­մը կը պա­հան­ջէ կարգ մը զո­հո­ղու­թիւն­ներ եւ հրա­ժա­րում­ներ ներ­կայ վի­ճա­կէն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Ե­րէկ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Մար­մա­րա ծո­վուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ի­րե­րա­յա­ջորդ երկ­րա­շարժ­ներ։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի Ա­ղէտ­նե­րու եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու կա­ռա­վար­ման վար­չու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժան­մուն­քէն տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ երկ­րա­շար­ժին է­փի­կեդ­րո­նը շուրջ 20 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուէր Ավ­ճը­լա­րի, Պահ­չե­լիէվ­լէ­րի, Զէյ­թին­պուր­նուի, Քիւ­չիւք­չեք­մե­ճէի եւ Պիւ­յիւք­չեք­մե­ճէի նման բնա­կու­թեան կեդ­րոն­նե­րէն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Սա­լիհ Զե­քի Չո­լաք այ­սօ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Պա­քու։ Իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ո­լոր­տի այլ շարք մը պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015

Թեհ­րա­նի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Ի­րան գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւա­լը կա­րե­լի է հասց­նել 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Այս գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր Թեհ­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ Ի­րա­նի Ա­ռեւ­տու­րի, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հան­քե­րու եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պա­լա­տին կող­մէ։

Էջեր