Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քննա­դա­տու­թիւ­նը՝ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, բա­րե­փո­խու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ եւ անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րէն մին է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

ԻՆՉ­ՊԷ՞Ս ԿԻ ՖԱՈՒՔՍ ԴԱՐ­ՁԱՒ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԿԻՑ ԲՈ­ՂՈ­ՔԻ ԴԷՄ­ՔԸ
Ա­մէն տա­րի 5 Նո­յեմ­բե­րին բրի­տա­նա­ցիք ամ­բողջ երկ­րի տա­րած­քին հրա­վա­ռու­թիւն­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն նշե­լու հա­մար մա­հա­պա­տի­ժի գոր­ծադ­րու­մը 17-րդ դա­րու կա­թո­լիկ ա­հա­բե­կիչ Կի Ֆաուք­սի: Վեր­ջերս գոր­ծիչ­նե­րը իւ­րա­ցու­ցին այդ օ­րը՝ իբ­րեւ զան­գուա­ծա­յին բո­ղո­քի օ­րե­րէն մէ­կը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Գիր­քը որ­պէս սպա­ռո­ղա­կան ապ­րանք, ինչ­պէս ո­րե­ւէ այլ ար­տադ­րու­թիւն, կ՚են­թար­կուի ար­տադ­րու­թեան եւ պահանջ­քի (supply&demand) օ­րէնք­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

TÜYAP-ի Պիւյիւքչեքմեճէի համալիրէն ներս կազմակերպուած Իսթանպուլի 34-րդ միջազգային գրքի տօնավաճառը եզրափակուեցաւ:
«Արաս» հրատարակչատունը շաբաթավերջին իրականացուց ասուլիս մը, իսկ յառաջիկայ շրջանի իր գործերը պիտի ձօնէ մեծանուն գրողի ոգեկոչման:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան տեղ­ւոյն դպիր­նե­րուն կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­դուարդ Վար­ժա­պե­տեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ Ի­տա­լիան եւ Ֆրան­սան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Ֆութ­պո­լի յայտ­նի մար­զիչ Մուս­թա­ֆա Տե­նիզ­լի շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ս. Խաչ դպրե­վանք։ Իր հետ էր նաեւ կո­ղա­կի­ցը՝ Է­վին Էլ­չի Տե­նիզ­լի։ Խնա­մա­կա­լու­թեան կարգ մը ան­դամ­նե­րուն անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թեան հի­ման վրայ կազ­մա­կեր­պուած այց մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Տե­նիզ­լի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ, ուր ճա­շեց ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ան­թա­լիոյ մէջ այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը սկսի G-20-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ աշ­խար­հի բո­լոր յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը այս առ­թիւ ե­կած են Թուր­քիա։ Փա­րի­զի ե­րէ­կուան ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Օ­լանտ վեր­ջին պա­հուն ջնջած է մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտէրէի մասնաճիւղէն ներս շահեկան խորհրդաժողով:
Վինկասի առաջնորդած ծրագրով շօշափուեցան ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները՝ արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան հակասութիւններուն մէջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից բո­լոր կող­մե­րը մեծ ու­շադ­րու­թեամբ պի­տի հե­տե­ւին Աւստ­րիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեն­նայի մէջ կա­յանա­լիք մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վին: Քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու բե­մա­հար­թա­կի գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար դար­ձած Մոս­կուա մինչ կը շա­րու­նա­կէ հրթի­ռար­ձա­կում­ներ կա­տա­րել յատ­կա­պէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS) կա­րե­ւո­րա­գոյն կեդ­րոն­նե­րը եւ ա­տոր հա­մըն­թաց կը նա­խա­պատ­րաս­տէ քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րուն թղթած­րա­րը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան եօթ տարբեր կէտերու վրայ ապրուեցան համաժամանակեայ ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի հարիւրյիսունի սահմանին։
Ֆրանսան «Շարլի Էպտօ»ի տարեմուտի դէպքէն վերջ ցնցուեցաւ անբաղդատելիօրէն աւելի ծանրակշիռ եւ աննախընթաց վայրագութիւնով մը: Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ յայտարարութիւններ ըրաւ անվտանգութեան լայնածաւալ միջոցներու մասին։
Երկրէն ներս հռչակուեցաւ արտակարգ դրութիւն։ Փակուեցան նաեւ սահմանները։ Կառավարութեան արտահերթ ժողովը գումարուեցաւ՝ միջազգային մեծ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին ձօ­նուած ե­զա­կի հա­մերգ մը, որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն վրայ։ «Կո­մի­տա­սի հետ երկ­խօ­սու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին թէ՛ ո­գե­կո­չուե­ցաւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը եւ թէ ունկն­դիր­նե­րը հեր­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցան հա­ղորդ դառ­նա­լու ա­նոր ժա­ռան­գու­թեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կով, Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիր­նե­րուն՝ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նը հռչա­կուե­ցաւ Աս­տուա­ծա­մուխ Սուրբ Գե­ղար­դի ուխ­տի օր։ Այս տա­րի Ս. Գե­ղար­դը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճար պի­տի ի­ջե­ցուի Նո­յեմ­բե­րի 28-ին եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռուի ուխ­տա­ւոր­նե­րուն երկր­պա­գե­լու Սուրբ Նշա­նին եւ համ­բու­րե­լու՝ հայց մա­տու­ցե­լու առ Աս­տուած, որ­պէս­զի Տէ­րը հո­գիի եւ մարմ­նի բժշկու­թիւն, հա­ւատ­քի ամ­րու­թիւն եւ ա­րիու­թիւն շնոր­հէ ա­նոնց։ Սուրբ Գե­ղար­դը Մայր Տա­ճա­րի մէջ պի­տի մնայ մին­չեւ նոյն օ­րուան ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ե­րէկ, յետ­մի­ջօ­րէին Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղե­ցին օ­ծուե­ցաւ ու պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Հարկ է նշել, որ ա­նա­նուն բա­րե­րա­րի մը ա­ջակ­ցու­թեամբ մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նը վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ վեր­ջին շրջա­նին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

«Քի­նօ քոնկ» կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ար­տադ­րա­կազ­մը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցուց այն գոր­ծե­րը, ո­րոնք նկա­րա­հա­նուած էին ներ­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի կեդ­րո­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գայ­թակ­ղու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ չար օ­րի­նակ ըլ­լալ, մեղ­քի ա­ռիթ տալ։ Ան կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ խայ­տա­ռա­կու­թիւն։ 
«Գայ­թակ­ղու­թիւն» բա­ռը Սուրբ Գիր­քի մէջ գոր­ծա­ծուած է ընդ­հան­րա­պէս «չար օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ» եւ «ու­րի­շի մը մեղք գոր­ծե­լուն ա­ռիթ ըն­ծա­յել» ի­մաս­տներով։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Միջ­միու­թե­նա­կան ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը այս տա­րի պի­տի սկսի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի։ 19-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած մրցա­շար­քը, ո­րուն այս տա­րի մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ տաս­ներ­կու միու­թիւն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շրջանին շփումներ պիտի ունենան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան առաջին անգամ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Մոսկուայի մէջ՝ հիւրընկալուելով «Ռեկնում» գործակալութեան կեդրոնէն ներս:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բեր Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նա­խըն­թաց օր անդ­րա­դար­ձաւ զուի­ցե­րահ­պա­տակ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վար­դան Սըր­մա­քէ­շի դէմ «Էն­թեր­փոլ»ի մի­ջո­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զում յայ­տա­րա­րուե­լուն։

Էջեր