Արխիւ
«Ու ծակում հոգիս» խորագրի ներքոյ գերմանախօս ընթերցողի դատին յանձնուած են անմահ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները:
Բանկալթըի «Նոստալժի» գրախանութ-մշակոյթի տան եւ «Պիրզամանլար» գեղարուեստասրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերու 60-րդ տարելիցին ձօնուած հաւաքոյթ մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեր համայնքի հրատապ խնդիրներու լուծման գրաւականը անոր վարիչներու զօրակցութեան եռանդին, գործակցութեան ոգիին մէջ է:
Ֆէրիգիւղի երէկուան սիրոյ սեղանի եզրափակիչ փուլին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Իսկէնտէր Շահինկէօզ բարձրաձայնեցին տարակարծութիւններ:
Ս. Վարդանանց եկեղեցին եւ Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս առարկայ դարձան համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
«Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով պարգեւատրեց Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Նոյն շրջագծով կազմակերպուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր Արեւելեան լեզուներու «Լազարեան» ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանին: Շուրջ յիսուն երկիրներէ երեք հարիւր մասնակիցներ քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ հարցեր:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան 2015 թուականի Իսթանպուլի ճատրակի փոքրերու առաջնութեան։ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետութեան մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեցին Լիտիա Փուլատ, Տարօն Սիրականեա
Երէկ երեկոյեան Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 շրջանին բացումը։ Գատըգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
Վրաստան եւ Ատրպէյճան կը վերահաստատեն իրենց ռազմավարական համագործակցութիւնը տեւականացնելու պատրաստակամութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի ուժանիւթի միջանցքին ուղղութեամբ:
Կէորկի Քվիրիքաշվիլի տեսակցեցաւ Իլհամ Ալիեւի, Էլմար Մամէտեարովի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Միջազգային գետնի վրայ խտացեալ ջանքեր Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով:
Վիեննայի մէջ երէկ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ արտաքին նախարարներու մակարդակով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն արաբական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն Ռուսաստանի Սուրիոյ մէջ սկսած զինուորական միջամտութեան ընդհանուր գործընթացին մասին: Անոնք կը հաղորդեն, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատմիր Փութին անցնող Յուլիսէն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ընթացող զարգացումներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ունեցած ծանր կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք վճռած է մտնել պատերազմական դաշտ:
Եւրոպաբնակ մտաւորական Փընար Սելէք առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան:
Հեղինակը Երեւանի մէջ պատմեց, թէ ինչպէս փորձած է վերակառուցել սեփական ինքնութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչելութենէն եւ Յարութենէն յետոյ Քրիստոսի պարապ գերեզմանը եւ Խաչը՝ Քրիստոսէ մնացած տեսանելի առարկաներէն էին, եւ անոնց վրայ կեդրոնացաւ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը, յարգանքն ու հոգածութիւնը, քանի որ Աստուածութեան լրիւ ամբողջութիւնը անո՛ր մէջ հաճեցաւ բնակիլ եւ անո՛վ հաշտեցնել ամէն ինչ իր հետ՝ խաղաղութիւն ընելով խաչի վրայ թափած իր արիւնով ե՛ւ երկրի վրայ, ե՛ւ երկինքի մէջ եղածներու համար։
Շիշլիի քաղաքապետութեան մօտ հաստատուեցաւ Հասարակական հաւասարութեան միաւոր մը, որ արդիւնքն է մարդու իրաւանց նկատմամբ նախանձախնդրութեան:
Ծանօթացման հանդիսաւոր հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, որ վերյիշեց նաեւ Պոյսան Եաքարը:
Մարդկային լեզուն կենդանի է եւ, ինչպէս մարդը, ան անընդհատ զարգացման ու փոփոխութեան ենթակայ է:
Մինչեւ 19-րդ դար, երբ լեզուաբանութիւնը տակաւին չէր ձեւաւորուած իբրեւ ինքնուրոյն գիտութիւն, կարգ մը լեզուաբաններու քով կ՚իշխէ՛ր այն սխալ կարծիքը, թէ լեզուի իւրաքանչիւր փոփոխութիւն անոր աղաւաղումն ու փճացումն է:
Կոմիտաս Վարդապետ երէկ երեկոյեան քաղաքիս մէջ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման տարելիցին օրն իսկ:
«Karanlık İşler» համալիրէն ներս արդէն հինգերորդ ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ նման բնոյթով:
Թուրքիա երէկ կորսնցուց իր մտաւորական աշխարհի եզակի դէմքերէն մին։ Ոչ եւս է Չեթին Ալթան, որ 88 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին։ Չեթին Ալթան մահացաւ միջոցէ մը ի վեր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ արդէն այսօր կէսօրուան ժամերուն Թէշվիքիէի մզկիթին մէջ։
Ատրպէյճան, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ թշնամի հռչակած է աշխարհի բոլոր հայերը, զանազան առիթներով իր թիրախը կը դարձնէ հայոց սփիւռքէն կարկառուն, յառաջատար դէմքեր։ Նման վիճակ մը այս շրջանին ստեղծուած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ, նշանաւոր գործարար ու դիւանագէտ Վարդան Սրմաքէշի պարագային։
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայքին զոհուեցաւ հայ պատանի մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ սահմանամերձ Գամըշլը քաղաքէն դէպի Թուրքիա ճանապարհին վրայ զոհուեցաւ 14-ամեայ Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ համանուն ուխտէն Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները Գումգաբու այցելած էին Նոյեմբերի 22-ին նախատեսուած Գալֆաեանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
«Ֆոթոիսթանպուլ 2015»ի շրջագծով երէկ երեկոյեան եզակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Բերայի թանգարանի յարկէն ներս:Լուսանկարչութեան աշխարհահռչակ վարպետին ստեղծագործական ժառանգութեան զանազան երեսակները խոշորացոյցի տակ բերուեցան հեղինակաւոր ատենախօսներու կողմէ: Արա Կիւլէր հերթական անգամ անսահման համակրանքով շրջապատուեցաւ իր արուեստի հետամուտներուն կողմէ: