Արխիւ
2000 թուականին Բլիկեան ընտանիքի ազնիւ մտայղացմամբ հիմնադրուեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, որ 2010 թուականին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ տեղափոխուեցաւ Առաջնորդարան՝ վերակազմաւորուելով Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հովանիին ներքեւ։
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։
Մանկական գրականութեան վերաբերեալ հրատարակչական ծրագրերը միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքներու ծրագրերը կը շարունակուին յաջող մթնոլորտի մը մէջ։ «Սփիւռք» անուանումով կազմակերպուած այս դասընթացքները կ՚ընթանան զանազան ուղղութիւններով։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ լիբանանահայ համայնքը ունեցած է ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, երէկ կէս գիշերին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ներհուն մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան:
Նորվեկիոյ քարիւղի «Statoil» ընկերութիւնը այս շրջանին իրերայաջորդ կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի հետ առընչակից գործարքները։ Մօտաւոր անցեալին այս ընկերութիւնը որոշած էր հրաժարիլ Անդրանատոլեան կազամուղ խողովակաշարի կառուցման նախագծէն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէն Միխայէլ Լինքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան:
Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ համաձայնեցան յառաջիկայ աշխատանքի ուղղութեան շուրջ:
Մինչ Սուրուչի դէպքերուն պոռթկումը կը շարունակուի բովանդակ երկրին մէջ, այս առաւօտ Շանլըուրֆայէն վերստին հասան մտահոգիչ ու ցաւալի լուրեր։
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կրկնեց կուսակցութիւններուն ուղղեալ կոչը:
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք՝ իւրաքանչիւր անհատ օժտուած է տեսակ տեսակ կարողութիւններով, առաւել կամ նուազ ընդունակութեամբ եւ որոշ աստիճանի հմտութեամբ։
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «9-րդ ալիք» ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ծովային նիւթով աշխարհի տասն լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ։
Իսթանպուլի կուսակալը նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Վասիփ Շահին շուրջ մէկուկէս ժամ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս տարակարծութիւն:
Ըստ Թանէր Եըլտըզի, Անգարա չի գոհանար տարանցման դերով ու սակագինի զեղչերով:
Իրանի հիւլէական ծրագրին կապակցութեամբ գոյացած միջազգային համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։
Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Արցախի ճակատին վրայ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Որքան որ ալ Ատրպէյճան փորձէ խեղաթիւրել հիմնախնդրի էութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը վաղուց արդէն չի քննարկուիր»:
«Եւրոպական միութեան նպատակն է Երեւանի հետ հասնիլ ազատ մուտքի դրութեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ ահաբեկչական տմարդի ու անհաւատալի պայթումի մը բերումով։ Շանլըուրֆայի Սուրուչ գաւառակին մէջ, մշակոյթի կեդրոնի մը մօտ պատահած բախումը սուգի մատնեց ամբողջ երկիրը։