Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ո­գե­ւոր շրջան մը կ՚ապ­րի ի­րե­րա­յա­ջորդ ձեռ­նարկ­նե­րով։ Այս­պէս, շա­բա­թա­վեր­ջին, Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­լէի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու եւ դաշ­նա­կի նուագ­նե­րու ձեռ­նարկ մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի նորաստեղծ մանկանց խումբին անդրանիկ ելոյթը փայլուն անցաւ:
Խմբավար Սէրճան Կազէրօղլուի սաները յաջողութեամբ դուրս եկան իրենց առաջին քննութենէն:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Vision Europe-ի համագործակցութեան հեռանկարները կը խոստանան նոր հորիզոններ:
Ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները կը պատրաստուին քաղել իրենց հեռատեսութեան պտուղները: Երկու տարի վերջ աւարտելիք առողջապահական համալիրը պիտի ունենայ 13 հազար քառակուսի մեթր մակերես՝ նախկին 3 հազարին փոխարէն: Զէքիեան Գերապայծառ բաւարարուած է Տուրսուն Էօզպէքի հետ ունեցած տեսակցութենէն:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Շո­ղո­քոր­թու­թիւն» կեղ­ծա­ւո­րու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, որ ընդ­հան­րա­պէս չա­րամ­տու­թեամբ կը գոր­ծա­ծուի։ Կեր­պով մը խա­բէու­թիւն է՝ ո­րուն մի­ջո­ցով կը մտադրուի շահ մը ա­պա­հո­վել կամ ա­պօ­րի­նի օ­գուտ քա­ղել։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

«Միտէմ-2015» միջազգային աշխարհահռչակ երաժշտական փառատօնի բացման հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնը
Ֆրանսայի հարաւը զարդարուած է հայկական գոյներով, յայտնի դահլիճի շէնքին ճակատի վահանակը նուիրուած՝ Հայաստանին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ երաժշտական աշխարհի ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015

​Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ վերջ կը գտնէ ԱՔ կուսակցութեան շուրջ 13 տարուան միահեծան իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Բազում հարցականներով բարդ օրակարգ: Անգարայի մէջ նոր ղեկավարութեան մը ձեւաւորման գործընթացին շրջագծով կը քննարկուին զանազան վարկածներ, ներառեալ համախոհական կամ փոքրամասնական կառավարութեան մը ստեղծումը: Խորհրդարան մուտք գործած կուսակցութիւններու գործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ հաշուարկներ: Չի բացառուիր նաեւ կանխահաս ընտրութեան մը հաւանականութիւնը

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն իրա­նեան զի­նեալ­նե­րու Դա­մաս­կոս հաս­նե­լուն մա­սին: Ըստ տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, անց­նող ե­րեք օ­րե­րուն Դա­մաս­կոս հա­սած իրան­ցի եւ իրաք­ցի զի­նեալ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի եօթ հազարի: Կը սպա­սուի նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ ու­ժե­րուն թի­ւը հաս­նի տասներկու հազարի։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Թուրքիոյ Հանրապետութեան 25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ձեւաւորման հանգրուանը:
Վաղուան ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի պայմանաւորէ ներքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնները:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Արամ Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները ամփոփումը:
Աշխարհահռչակ յօրինողի նոր թողարկուած սկաւառակներուն համար շնորհանդէս Երեւանի մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ի­րա­նի Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Հա­մա­նէ­յի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սէիտ Ա­լի Կա­զի Աս­քա­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէր Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Մու­հա­մմէտ Րէի­սի։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը եւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի Ըն­թերց­ման տօ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն գոր­ծադ­րած յայ­տա­գի­րը կը ցո­լաց­նէր գծանկա­րեալ գիւ­ղի մը մթնո­լոր­տը, ո­րու մէջ ա­նոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց պա­րե­րով, եր­գե­րով ու նուագ­նե­րով։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ դպրո­ցի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը ներ­կայ էր հան­դէ­սին, ծնող­նե­րով եւ հիւ­րե­րով հան­դերձ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տա­րե­վեր­ջի շրջապ­տոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Քու­շա­տա­սը։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք հանգ­րուա­նե­ցին նաեւ Ե­փե­սո­սի ա­ւե­րակ­նե­րուն եւ Շի­րին­ճէ գիւ­ղին մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ թե­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում մը։ Դպրո­ցի թա­տե­րա­խում­բը բե­մադ­րեց «Հա­պա­պամ սը­նը­ֆը» ա­նուն յայտ­նի զա­ւեշ­տը, ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Նե­տի­մէ Ա­քա­յի բե­մադ­րու­թեամբ։ Թեք­նիկ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Գա­րօ­լին Է­զի­քօղ­լու։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

2014-2015 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ, այս դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պէ­յա­զը­տի «Փրե­զի­տընթ» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի այս տարուան միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ ընթ­րիք մը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ըն­թա­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին կող­մէ տղա­քը խրա­խու­սուե­ցան՝ ի­րենց կրթա­կան կեան­քի այս կա­րե­ւոր ճամ­բա­բա­ժա­նին։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րաս­տեղծ ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քի անդ­րա­նիկ պտուղն էր այս հա­մեր­գը, որ մեծ յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին մօտ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի՝ գե­ղա­րուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու հե­տա­մուտ սա­նե­րը վեր­ջերս Սա­մա­թիոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ հան­դէս ե­կան եր­կու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, ո­րոնք ըստ էու­թեան եր­գի ու պա­րի ձօնուած ե­րե­կոյթ­ներ էին։ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­ճոյ­քով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­լէֆ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը լոյս ըն­ծա­յած է ար­ժէ­քա­ւոր լու­սան­կա­րիչ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի գիր­քը, որ կը կո­չուի «Հա­յեր»։ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի «Հա­յեր»ը ար­դիւնքն է շուրջ եօթ տա­րուան բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քի մը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահներու բարձր հովանաւորութեամբ ձեռնարկ մը:
Շաթլէի թատրոնի երդիքին տակ փառաշուք երեկոյթին հետեւեցաւ շուրջ երկու հազար հանդիսատես:

Էջեր