Արխիւ
Ֆրանսահայ աշխահարհռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Պրիւքսէլի մէջ։ 91-ամեայ մեծանուն արուեստագէտը հերթական անգամ կախարդեց իր ունկնդիրները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ երգիչը կ՚ոգեկոչուի մահուան 30-ամեակին առթիւ՝ իր կատարումներով պայմանաւորուած համակրանքով ու յարգանքով:
Անոր կողմէ հիմնուած «Մարքալ» ձեռնարկութիւնը այսօր եւս գոյութիւն ունի եւ յառաջ կը տարուի իր ժառանգներուն ջանքերով:
Փարիզի ահաւոր ահաբեկչական յարձակման պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ պէտք է վերացնել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։ Ֆրանսայի քաղաքապետներուն հետ մասնակցած համագումա&s
Պաշտօնական այցելութեամբ Սէն Փեթերսպուրկ գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոյի հետ մասնակցած է հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիր, մեծ երգահան Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հայաստան-ԱՄՆ Միջկառավարական տնտեսական յանձնաժողովին նիստը:
Պատուիրակութիւնները կը քննարկեն երկկողմանի գործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
«Թուրքիոյ եւ Յունաստանի գործակցութիւնը կրնայ փոխել ամբողջ Եւրոպայի հաւասարակշռութիւնները»։
Էրտողան եւ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեցին Ալեքսիս Ցիփրասը, որ այցելեց նաեւ Ֆենէր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած է չորս կուսակցութիւն եւ երեսփոխան ընտրուած երեք հայազգի անունները կը պատկանին տարբեր կուսակցութիւններու։ Այսինքն, խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքի խմբակցութեան շարքերէն ներս յառաջիկայ շրջանին պիտի գտնուի թրքահայ մէկական երեսփոխան։
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տասնչորս տարի առաջ` 9-11-ի ատեն ընկերային ցանցերու աշխարհ չկար: Օրին աշխարհը ահաւոր ոճիրէ մը ցնցուեցաւ, եւ կարեկցական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն տեղ, ամէն մարդ կը դատապարտէր այդ հակամարդկային բռնարարքը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այլեւս Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Ազնաւուր կոչման արժանացած է Նոյեմբերի 16-ին, Պրիւքսէլի Egmont Palace-ի մէջ:
Աշխարհի կարեւորագոյն աճուրդի ընկերութիւններէն «Տորոթէում»ի Փրակի մասնաճիւղը վաճառքի դրած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» կտաւը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, հաւանական է, որ Այվազովսքիի այս գործին աճուրդը տեղի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 28-ին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պահեցողութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ինքզինք ազատ կացուցանել այն բոլոր աշխատանքներէն, գործերէն եւ սովորութիւններէն՝ որոնք իրենց բնութեամբ իսկ արգելք կը հանդիսանան մարմնաւոր եւ հոգեկան սրբացման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երէկ պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկեց նորընտիր երեսփոխաններու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Երէկ գումարուած խորհրդարանը մեծ ներուժ մը ունի՝ մօտաւոր ապագային երկրի կայունութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները Քազանէն (Ռուսաստան) մեկնեցան Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ):
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայութեան համար պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հակառակ ծանր աւերածութեան կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն:
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի մրցանակը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ աշխարհահռչակ մասնագէտի մը՝ Եւկենի Քասփերսքիին, որ հեղինակութիւն մը կը նկատուի սիպէր անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդին անդրանիկ նիստը:
Ռիչըրտ Միլսի խօսքերով, գործարարութեան բնագաւառէն ներս հաւասար պէտք է ըլլան բոլոր երկիրներուն ընկերութիւնները:
Ֆրանսուա Օլանտ մինչեւ ամսավերջ պիտի տեսակցի Պարաք Օպամայի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով Փարիզ կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ շարժման կ՚անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով:
Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պիտի կատարուին միասնական գործողութիւններ:
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի աշխատաքը պաշտօնապէս սկսաւ՝ երեսփոխաններու երէկուան երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Խորհրդարանի ամպիոնին մօտ իրենց երդումը կատարեցին նաեւ թրքահայ երեք պատգամաւորները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն ատամնաբոյժ Ռուտի Պօյաճեան կարեւոր յաջողութիւն արձանագրած է իր մասնագիտական աշխատանքին մէջ։ Այսպէս, համապատասխան քննութիւններուն շրջագծով ան նուաճած է Թուրքիոյ առաջնութիւնը։