Արխիւ
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան Եէլտէյիրմենիի մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յօրինողներու ստեղծագործութիւններու ձօնուած համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս համերգին ընթացքին հանդէս եկաւ մեցցօ-սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ, որ կատարողական ընդունակութիւններով արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Հայաստանի Քննչական կոմիտէին նուիրեց շարք մը սարքաւորումներ եւ համակարգչային ծրագրեր՝ քրէական գործերու թուայնացման նպատակով։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս եւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունովի։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան համապատասխան վկայականը Թորքունովին յանձնեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որ տեղի ունեցաւ ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։
Յունիս 7-ի ընտրութեանց արդիւնքին զուգահեռ՝ Հանրապետական պատմութեան մէջ աննախընթաց ձեւով խորհրդարանէն ներս աթոռներ պիտի զբաղեցնեն նաեւ երեք հայ երեսփոխաններ, միաժամանակ։ Այս արդիւնքը վերահաստատուեցաւ երէկուան քուէարկութիւնով։
Յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Նարեկ Տուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ զրոյցի մը մասնակցեցաւ իր արուեստի համակիրներուն հետ։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վերածնուած մշակոյթ, վերապրած ձեռագրեր» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Ղազախիստանէն եւ Վրաստանէն առաջնակարգ կեդրոններու մասնագէտներ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետը այցելեց խմբագրատունս:
Րաֆֆի Մարուքեան վերջին օրերուն քաղաքիս այցելութիւն մը տուաւ՝ Երեւանէն վերադարձի ճանապարհին:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու 2016-ի ախոյենութեան:
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորտմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը՝ Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Սէիտ Քեազըմ Սաճիտի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը շնորհաւորեց դեսպանը՝ Երեւանի մօտ դիւանագիտական առաքելութեան ձեռնարկած ըլլալու կապակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի վարչապետը հետամուտ է պատմութեան հին տետրակները բանալու: Ան անցեալ շաբաթ Երուսաղէմի մէջ կայացած «Սիոնիզմի միջազգային» ամենամեայ ժողովին սուր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով փորձեց նացիական Գերմանիոյ կողմէ հրեաներուն դէմ կատարուած «Հոլոքոստ»ի հիմնական մեղքը բեռցնել արաբներուն վրայ:
Վաղը բովանդակ Թուրքիա քուէատուփի մօտ պիտի երթայ խորհրդարանական ընտրութեան առթիւ:
Վերջին շուրջ հինգ ամսուան միջանկեալ շրջանէն վերջ պիտի յստականայ Անգարայի համայնապատկերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ՝ մարդուս ընթացքը որոշող երկու զօրութիւն կայ, մին՝ «սէր»ը եւ միւսը՝ «նախանձ»ը։
Հաւատացէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, խորհրդածութեան այս նախադասութեամբ սկսելու համար երկար ժամանակ խորհեցայ. արդեօք կը սխալի՞մ, միթէ սահմանափակած կ՚ըլլամ մարդկային ազատութիւնը՝ նեղ շրջանակի մը մէջ պահելով անոր գործունէութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Շուէտի Սոտերթելի քաղաքին մէջ օծուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւեորքահայութեան առիթը տրուեցաւ ներկայ գտնուելու եւ տարօրինակ ձեռնարկի մը ականատեսը ըլլալու փորձառութիւնը ունենալու: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի ֆրանսական «Ալիանս» կաճառի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայ հասարակութեան հրամցուեցաւ Հայաստանի «Այբ» կրթական հիմնարկին կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցում մը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ զանազան եւ բազմազան, անգոյն եւ կամ գունաւոր հարցերու, դէմքերու, դէպքերու, տեսարաններու, երեւոյթներու, իրավիճակներու եւ կամ խնդիրներու, որոնք իրենց համար անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ՝ անբացատրելի:
Մեր համայնքը վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Հունգարիայէն հայագէտ Պենետէք Ժիկմոնտը։ Իւրայատուկ հիւր մըն է ան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի եւ իր այդ իմացութեան հիման վրայ առարկայ կը դառնայ թէ՛ համակրանքի եւ թէ հիացմունքի։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ:
Վաղը պիտի վերաօծուի վերջերս վերանորոգուած Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցին, որ կառուցուած է 13-րդ դարուն: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ երէկ թերթիս մէջ լոյս տեսած լուսաբանութիւնը առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին ան ունեցած էր ծաւալուն ելոյթ մը, որու ընթացքին տեսակէտներ յայտնած էր մեր կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ, այդ ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ բերելով զանազան առաջարկներ, ժողովականներուն հետ բաժնելով ներկայ ծանր իրավիճակին եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին դիտարկումներ եւ շարք մը վարժարաններու անուններն ալ տալով խորհրդածութիւններ ընելով։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայաստանի ուսանողական շինարարական ջոկատներու 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մասնաւոր բացիկ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մէկ նամականիշով այս բացիկի անուանումն է «Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու 50-ամեակը»։